ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԵՒ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ 150-ԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

  • 19-10-2019 19:30:18   |   |  
 
 
Կազմակերպութեամբ Պէյրութի «Ծաղիկ» գրական ազգային շաբաթաթերթի, Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակներուն նուիրուած հանդիսութիւն, ուր հրաւիրուած են մասնաւորապէս խօսքեր արտասանելու Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոս Ալեմեզեան եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, խորագիր ունենալով՝ «Յովհաննէս Թումանեան Եւ Կոմիտաս Վարդապետ՝ Հայ Ժողովուրդի Յաւերժութեան Ռահորդները»: 
Այս առիթով ասմունքելու համար Պոլիսէն հրաւիրուած է «Ասմունքի Իշխանուհի» տիտղոսին արժանացած, պոլսահայ կրթական մշակութային անուանի գործիչ Տիկին Սիլվա Կոմիկեան: Պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին մենանուագով ու եռանուագով (թրիօ) ելոյթ պտի ունենան Արէն, Ալեք եւ Առնօ Տօնէրեան արուեստագէտ ջութակահար եղբայրները, որոնք պիտի նուագեն Կոմիտասի եւ Թումանեանի ստեղծագործութիւններէն գոհար կտորներ: Երախտիքի խօսք պիտի արտասանէ «Ծաղիկ»ի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Տիւնեայեան, որմէ ետք պիտի կատարուի շնորհահանդէս-գինեձօն՝ «Վահան Թէքէեան. Բաբախումները Բանաստեղծին Սիրտին» նորատիպ հատորի:
Աւարտին, հիւրասիրութեան ընթացքին, տեղի պիտի ունենայ հատորի մակագրութիւն:   
 
  -