Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները պարբերաբար կարձանագրէ հետաքրքրական զարգացումներ


Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները պարբերաբար կարձանագրէ հետաքրքրական զարգացումներ

  • 13-10-2011 17:11:36   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

«Մարմարա» Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները, որոնք այնքան ցնցիչ կերպով խանգարուած են, պարբերաբար սակայն կարձանագրէ հետաքրքրական եւ ուրախացուցիչ զարգացումներ։ Ճիշդ այն պահուն երբ կը կարծուի թէ յարաբերութիւնները այլեւս բոլորովին ջնջուած են ու դարմանելի ոչինչ կայ, յանկարծ դրական ձայն մը կը լսուի այս յարաբերութիւններու շրջանակէն ներս։ Պէտք է ըսել որ Իսրայէլ շարունակ կը ջանայ վերահաստատել կապերը, հակառակ որ կը շարունակէ մերժել ներողութիւն խնդրելու Թուրքիոյ պահանջքը։ Այս անգամ ալ այդ ձայնը եկաւ Հանրապետութեան Նախագահ Շիմոն Փէրէզէն։ Փէրէզ ըսաւ որ ինք շատ զարմացած է Կիլատ Շալիթի նկատմամբ Թուրքիոյ ցուցաբերած մարդասիրական վերաբերումէն։ Կիլատ Շալիթ իսրայէլցի զինուոր մըն է որ հինգ տարի առեւանգուած էր Կազզէի մէջ Պաղեստինի կողմնակից հինգ կազմակերպութիւններու կողմէ։ Անոր ազատ արձակման փոխարէն կը պահանջուէր հազար պաղեստինցիի ազատ արձակումը։ Առեւանգուած իսրայէլցի զինուորին հայրը նամակ մը ղրկած էր Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողանին եւ անկէ խնդրած էր որ միջնորդութիւն ընէր իր զաւկին ազատ արձակման համար։ Ընթացող բաւական բարդ բանակցութիւններէ ու սակարկութիւններէ վերջ Շալիթ այժմ ազատ կþարձակուի հինգ տարի առեւանգուած մնալէ վերջ։ Այս մասին է որ Փէրէզ գնահատեց Թուրքիոյ կեցուածքը ու ըսաւ. - Ինծի համար մեծ անակնկալ եղաւ։ Թուրքիա, մէկդի ընելով միւս քաղաքական հարցերը, շարժեցաւ մարդասիրական նպատակներով։ Այս խնդրին մէջ Թուրքիա մարդասիրական նկատումները դրաւ առաջին կարգի վրայ, ըսաւ Իսրայէլի Հանրապետութեան Նախագահ Փէրէզ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը