Հզօր երկրաշարժ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին


Հզօր երկրաշարժ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին

  • 25-10-2011 13:57:02   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

«Նոր Յառաջ» Հոկտեմբեր 25 Կիրակի՝ Հոկտեմբեր 23ին, Վանի մէջ, Ռիխթէրի աստիճանաչափով՝ 7,2 աստիճանի հզօր երկրաշարժ մը տեղի ունեցած է: Պաշտօնական տուեալներու համաձայն` զոհերուն թիւը հասած է 217ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 1000ի: Վախ կար սակայն, որ մեռեալներու թիւը գերազանցէ հազարը: Որոնումի, ինչպէս նաեւ փրկարարական աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին: Նոյն օրը նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայէն ցաւակցական հեռագիր յղած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլահ Կիւլին եւ առաջարկած Հայաստանի օգնութիւնը: էրտողան օգնութեան առաջարկ կատարած երկիրներուն յղած շնորհակալութեան ելոյթին մէջ յիշած է նաեւ Հայաստանը: Երկրաշարժի ժամանակ փուլ եկած է Վանի բանտի պարիսպներէն մէկը. կալանաւորներն ալ առիթէն օգտուած են, եւ բանտէն խոյս տուած են 150 դատապարտեալներ: Կ?ըսուէր թէ Վանի օդակայանն ալ վնասուած է: Ցնցումները զգալի եղած են մինչեւ Երեւան, ուր մեծ թիւով բնակիչներ՝ խուճապահար փողոց իջած են եւ երկար ժամանակ մերժած՝ իրենց տուները վերադառնալ: Թուրք մամուլը, արձագանգելով Թուրքիոյ ուժանիւթի կազմակերպութենէն (TAEK) ստացած տեղեկութեան, կը գրէր՝ թէ Վանի երկրաշարժին հետեւանքով վնասուած է Մեծամօրի հիւլէակայանն ալ: Ըստ TAEK-ի` Մեծամօրի հիւլէակայանին մէջ իբրեւ թէ աշխատանքներ կը տարուէին` այդ վնասները վերացնելու համար։ Թրքական կողմը կը պնդէր, որ հիւլէակայանին մէջ նոյնիսկ արտածորում տեղի ունեցած է, որ, սակայն, վտանգաւոր չափերու չի հասնիր եւ ներկայ պահուն որեւէ սպառնալիք չի ներկայացներ մարդոց եւ շրջակայ միջավայրին համար: ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն վստահեցուցած են, որ երկրաշարժը հիւլէակայանին վրայ որեւէ ձեւով չէ ազդած եւ հոն աշխատանքը կ’ընթանայ բնականոն հունով: Նշենք սակայն, որ ամեն ինչի բնականոն հունով ընթանալու այս հաստատումն ալ առնուազն խնդրայարոյց է: Արդարեւ, երկրաշարժէն առաջ իսկ, կայանին 158 պաշտօնեաներուն աշխատավարձքերու յաւելումի պահանջով հրաժարումով արտակարգ վիճակ մը ստեղծուած էր Մեծամօրի յառաջիկայ գործունէութեան տեսանկիւնէն:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը