Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի խումբ մը ուխտաւորներ մասնակցեցան Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերաօծմանը


Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի խումբ մը ուխտաւորներ մասնակցեցան Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերաօծմանը

  • 26-10-2011 15:25:43   |   |  Մամլո հաղորդագրություն

Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան՝ անցեալ շաբաթ խումբ մը ուխտաւորներ առաջնորդեց դէպի Տիգրանակերտ՝ ուր տեղի պիտի ունենար վերանորոգուած Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերաօծումը: Ուխտաւորներու այս խումբը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Թեմական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, յաջորդ օրը պիտի այցլելէր Վան, սակայն Կիրակի օր տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառաւ այս այցելութիւնը ջնջուեցաւ: Երկրաշարժի դժբախտ պատահարէն ետք՝ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ հեռախօսային հաղորդակցութեամբ տեղեկացուեցաւ որ ուխտաւորները այդ երկարաշարժէն ազդուած չեն: Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Մեր սրտերը ոգեւորող հոգեպարար արարողութենէ ետք մենք յուզումով լեցուեցան երբ երկրաշարժի լուրը ստացանք. կÿաղօթենք աղէտեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար»: Տիգրանակերտի շրջանին մէջ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնն ու վերաօծումը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած էր. զանազան շրջաններէ ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ ուխտաւորներ: Տասնըվեցերորդ դարուն կառուցուած Ս. Կիրակոս Եկեղեցին ամբողջ աշխարհի Հայ Եկեղեցիներու մէջ բացառիկ տեղ մը կը գրաւէ: Վերջին տասնամեակներուն եկեղեցին անխնամ եւ քանդուած վիճակի մը մէջ կը գտնուէր, սակայն անոր վերանորոգութեան շնորհիւ, որուն ծախքերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ արտասահմանի հայերը, Ս. Կիրակոս Եկեղեցին վերաստացաւ իր պատմական գեղակերտութիւնը: Արեւելեան Թեմի ուխտաւորները Իսթանպուլ հասան Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21-ին՝ դիմաւորուելով Կ. Պոլսոյ Աթոռի Պատրիարքաթան Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ: Նոյն Երեկոյեան անոնք ընթրիքի հիւրը եղան Արամ Սրբազանին: Այս ընդունելութեան համար խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան: Շաբաթ առաւօտ, ուխտաւորներու խումբը Տիգրանակերտ մեկնեցաւ: Տեղական օդանաւակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին կողմէ: Անոնք այցելեցին Տիգրանակերտի Հին Քաղաքը եւ Ս. Սարգիս Եկեղեցին: Ճամբու ընթացքին կը ծածանէին հայկական, թրքական եւ քրտական ազգային դրօշակները «Բարի Եկաք տուն» վերդառութեամբ: Քաղաքին մէջ ուրախութեան եւ ջերմութեան մթնոլորտ կը տիրէր: Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերաօծումը սկսաւ յետ միջօրէի ժամը 5:00-ին: Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Գերշ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, Գերշ. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեան ¥Սուրիոյ Առաջնորդ¤ եւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան ¥Իսթանպուլէն¤ օծեցին հինգ խորանները: Ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Հոգշ. Տ. Հայկազուն Ծ. Վրդ. Նաճարեան: Այս արարողութեան մասնակցեցան աւելի քան 2,000 հոգի, որոնց կարգին ուխտաւորներ Իսթանպուլէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն: Ներկայ էին Իսթանպուլի Միացեալ Նահանգաց Ընդհանուր Դեսպան Սքաթ Քիլնըր, Ատանային Միացեալ Նահանգաց Դեսպան Տարիէն Տարնէլ, Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտէմիր, Սուր Իչի շրջանի քաղաքապետ Ապտուլլա Տէմիրպաս եւ Միացեալ Նահանգաց Ուորվիքի ¥Ռոտ Այլընտ¤ քաղաքապետ Սքաթ Աւետիսեան, որոնք հետաքրքրութեամբ հետեւեցան արարողութեանց եւ այս պատմական իրադարձութեան: Արարողութեան աւարտին՝ Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտէմիր նախ Հայերէն, եւ ապա Քրտերէն, Թրքերէն, Անգլերէն եւ Արաբերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթեց այցելուներուն: Հայ ուխտաւորներուն ըսաւ. «Բարի եկաք ձեր տունը: Դուք հիւրեր չէք այստեղ, ասիկա ձեր տունն է: Ամէն անգամ որ հոս կու գաք՝ ձեր տունը եկած կÿըլլաք: Այսօր ուրախ եւ բացառիկ օր մըն է ոչ միայն ձեզի համար, այլ բոլորիս համար: Մենք բոլորս գիտենք անցեալի պատահարներուն մասին եւ մեր մաղթանքն է որ մեր զաւակները միասնաբար տօնեն յառաջիկայի յաջողութիւնները»: Քաղաքապետի այս արտայայտութիւնները յաճախ ընդմիջուեցան ծափահարութիւններով. ներկաները իրենց երախտագիրութիւնը յայտնեցին այն հաստատ վկայութեան համար որ այս քաղաքը իրապէս հայկական պատմական կեդրոն մը եղած է: «Յոյսի օր մը» Քաղաքապետ Պայտէմիր ճաշկերոյթով մը հիւրասիրեց եկեղեցականներն ու հիւրերը: Ներկայ էին նաեւ Միացեալ Նահանգաց Ընդհանուր Դեսպանը եւ Ատանայի Դեսպանը: Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այիք բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց՝ որոնք իրենց նիւթական մասնակցութիւնը բերած էին եկեղեցւոյ վերանորոգման ծախքերուն եւ հրաւիրեց Գրեշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը իր սրտի խօսքը ըսելու: Սրբազան Հայրը ի մէջ այլոց ըսաւ. «Այսօրուան իրականացած յաջողութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի բոլորիս համար: Միացեալ ջանքերու շնորհիւ սկիզբ առաւ այս ծրագիրը: Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ մենք յուսալից ենք որ այսօրը ամենէն աւելի յոյսի օր մըն է, օր մը՝ ապագային նայելու լաւատեսութեամբ: Որպէս Ամերիկայի ուխտաւորներ բախտաւոր ենք որ մասնակից կÿըլլանք այս պատմական հանդիսութեան եւ կը բաժնենք լաւատեսութեան յոյսը»: Ապա, Սրբազան Հայր «Ս. Վարդան» մրցանակը յանձնեց քաղաքապետ Օսման Պայտէմիրի եւ քաղաքապետ Ապտուլլա Տէմիրպասի: Իսկ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արծաթեայ յուշանուէրներ յանձնեց զոյգ քաղապետներուն եւ Եկեղեցւոյ վերանորոգման ծրագիրի ճարտարապետին: Քաղաքապետ Պայտէմիր եզրափակեց օրուան հանդիսութիւնը շեշտելով. «Այսօրուան առիթը միայն տօնախմբութեան առիթ մը չէ, այլ օր մը՝ մեր ներողութիւնը յայտնելու անցեալի ցաւալի միջադէպերուն համար: Մենք կուզենք որ դուք դարձեալ գաք ոչ որպէս զբօսաշրջիկ, այլ որպէս ձեր տունը վերդարձող անհատներ»: Կիրակի առաւօտ վերաօծուած Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Իսկ Կոմիտասեան պատարագը երգեցին Ֆէլրիքոյի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները: Հայ եկեղեցականներու կարգին ներկայ էին նաեւ Ապիտէնի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսը, Կոնստանդնուպոսոյ Տիեզերական Պատրիարքի ներկայացուցիչը եւ զոյգ քաղաքապետները: Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ առաջնորդներու, հոգեւոր հովիւներու, Ս. Խորանի սպասարկողներու եւ Տիգրանակերտի հաւատացեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար: Յաջորդ օրը ծրագրուած էր երթալ Վան՝ այցելելու համար Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին, սակայն երկրաշարժի պատճառաւ ջնջուեցաւ այս այցելութիւնը: Ուխտաւորները այցելեցին Մարտինի մօտ Տէրէքի շրջանին մէջ գտնուող եւ 17-րդ դարուն կառուցուած Ս. Գէորգ Եկեղեցին: Անոնք հանդիպեցան Եկեղեցւոյ հոգատարին՝ որ 300 տարուան հնութիւն ունեցող Աստուածաշունչ մը եւ շարակնոց մը կը պահէր եկեղեցւոյ մէջ: Ուխտաւորները դիմաւորուեցան Էյուպ Կիւվէնի կողմէ՝ որ հեղինակն է հայկական ցեղասպանութենէն վերապրողի մը կենսագրական գիրքին՝ «Գոհար» խորագիրով: Այս այցելութեան ընթացքին որոշ թիւով տեղացիներ մօտեցան ուխտաւորներուն յայտնելու համար որ իրենք հայկական ծագում ունին:
  -   Մամլո հաղորդագրություն