Հայեացք՝ դէպի դարադարձ 2015


Հայեացք՝ դէպի դարադարձ 2015

  • 27-10-2011 15:21:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Յառաջ» Հոկտեմբեր 27 բ. եւ վերջ 2. Այսօր, Սփիւռքի եւ Հայաստանէն արտահոսած հայ պատկառելի թիւով մասնագիտացած տաղանդներ կը ծառայեն օտար հաստատութիւններու մէջ։ Այս մարդիկ՝ Սփիւռքի թէ Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ, իրենց վրայ չզգալով համահայկական ոգիի մագնիսին առինքնող ուժը, եւ յուսալքուած՝ հոն տիրող հատուածականութենէն ու աւատապետական բաժանուածութենէն ստեղծուած հնաբո՜յր կարգ ու սարքէն փախուստ տուած են «հայկական» հաստատութիւններէն, վաղը՝ հեռանալու համար նաեւ Հայութենէ…։ Ի՞նչ բան պիտի կարողանայ՝ ասոնցմէ սրտցաւ հայրենասէրները գոնէ վերաշահիլ ու զանոնք վերախմբել Հայութեան մէջ… Սփիւռքի եւ Հայաստանի հաստատութիւններէ ներս, եթէ ոչ՝ ՏԱՀՔ-ը, իր համահայկականութեամբ, իրաւաքաղաքական մտածողութեան արդիականութեամբ (պետական մտածելակերպով…) եւ կեդրոնականի, ներկայացուցչականի եւ միակ լիազօրի, այլ խօսքով՝ միագլխութեան հանգամանքով եւ հեղինակաւորութեամբ, որ վերջ պիտի դնէ մէկ դարեան մեր անտիրականութեան իրավիճակին…։ 3. Այսօր, մենք չունինք՝ գէթ մօտաւոր ճշգրտութեանբ հաշուած, Հայ Սփիւռքի (որ Հայութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէ…) նիւթական անհատական թէ ազգապատկան ներուժին ու միջոցներուն «ընչագիր»ը (Inventaire)։ Նոյնիսկ՝ մեզի ծանօթ մասէն շատ անհատներ, հիմնադրամներ ու հիմնարկներ կ?օգտագործուին ու կը տնօրինուին օտարներու կողմէ…։ Իսկ մեր կողմէ օգտագործուող փոքր մասն ալ յումպէտս կը վատնուի՝ նոյն նպատակին համար գործող, բայց իրերամերժ կողմերու զիրար խաչաձեւող (double emploi) ծրագրերու մէջ…։ Ո՞վ պիտի մտածէ կազմել այս անյետաձգելի դարձած «ընչագիր»ը, եւ ո՞վ պիտի կարողանայ համակեդրոնացնել եւ օգտագործումը համակարգել Սփիւռքի նիւթական մեծ ներուժին գէթ մէկ մասին, եթէ ոչ՝ ՏԱՀՔ-ը, իր համահայկական հանգամանքին շնորհիւ, որպէս համասփիւռքահայ կեդրոնական, ներկայացուցչական ու միակ լիազօր կառոյց։ 4. Այսօր, փոխադարձ անվստահութեան եւ դերերու տրամախոհական բաշխումի անորոշութեան վիճակ մը կը տիրէ՝ Սփիւռք-Հայաստան փոխ-յարաբերութեանց մէջ…։ ՏԱՀՔ-ն է դարձեալ, որ միագլուխ դարձնելով Սփիւռքը, պիտի հեշտացնէ ճիշդ բաշխումը դերերու՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, մեկնելով՝ համահայկական պաշտպանական հայեցակարգին պահանջներէն։ Եւ այսպիսով, պիտի վերանայ՝ գէթ մասամբ, անվստահութեան մթնոլորտը երկու կողմերուն միջեւ, մնացեալ մասին վերացումն ալ սպասելով՝ Հայաստանէն, իր ներքին կեանքին առողջացումով ու բարենորոգութեամբ։ Եւ քանի որ Հայաստանի ներքին կեանքին առողջացումը՝ համահայկական պաշտպանական հայեցակարգի պահանջներուն կարեւորագոյնն է, ուրեմն Հայ Սփիւռքը եւս ունի ըսելիք խօսք այս ուղղութեամբ, այս խօսքը պէտք չէ համարուի միջամտութիւն՝ Հայաստանի ներքին գործերուն…։ 5. Նոյնը՝ Սփիւռք-ԼՂՀ յարաբերութեանց կը վերաբերի։ Քանի որ, շարք մը պատճառներով, Ղարաբաղի մէջ եւս, թէեւ՝ շատ աւելի նուազ չափերով բարեբախտաբար, կը տիրեն Հայաստանէն փոխանցուած կարգ մը տխուր երեւոյթներ։ Այդ նուազ չափերով վարակուածութեան վերացումն անգամ՝ խիստ կարեւոր պահանջներէն է համահայկական պաշտպանական հայեցակարգին, քանի որ Ղարաբաղն է որ կը գտնուի կրակի առաջին գիծին վրայ, եւ յաւելեալ ունի՝ ազատագրուած տարածքները բնակեցնելու եւ անոնց բնական հարստութիւնները օգտագործելու ծանրագոյն պարտաւորութիւններ։ 6. Այսօր, նոր-օսմանական Թուրքիոյ կայսերական ծրագրեր որոճացող AKP-ական իշխանութիւնը սկսած է կիրարկել աղուէսագիտական նոր քաղաքականութիւն մը, որ կը միտի՝ ոչ միայն Հայութիւնը պառակտելու, Սփիւռքը հակադրելով Հայաստանի, այլեւ՝ երկփեղկելու անոնցմէ իւրաքանչիւրը ներքնապէս, երկուքէն ներս՝ «կողմնակիցներ» շահելու, շահեր ցոյց տալու կամ կաշառելու ճամբով…, ինչ որ արդէն սկսած է արդիւնքներու հասնիլ, Սփիւռքի մէջ՝ Ռիչըրտ Կիրակոսեանի տիպարով «մտաւորականներու»… եւ Հայաստանի մէջ՝ ապազգային բիզնեսմէններու շրջանակներուն մօտ։ Թշնամիին այս նոր քաղաքականութեան դէմ՝ Սփիւռքի թէ Հայաստանի դիմադրականութիւնը կրնայ զօրանալ նաեւ ՏԱՀՔ-ի անյապաղ կազմակերպումով, կենսագործելով՝ ՏԱՀՔ-ի համահայկական տեսլականը, որ կեդրոնական խնդիր դարձուցած է՝ Արեւմտահայաստանի ազատագրումը զաւթիչ Թուրքիոյ բռնագրաւումէն, որպէս արդար հատուցում թշնամիին գործած երկու ոճիրներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արեւմտահայոց բռնի Հայրենահանութեան…։ Օրինակ՝ Պուլկարիան, որ Հայ ժողովուրդին հետ կիսած է իր ճակատագիրը Օսմանեան լուծին տակ, եւ անոր Օսմանեան լուծէն ազատագրութեան համար զոհուած են՝ Անդրանիկի ղեկավարած հայկական կամաւորական գունդերու քաջամարտիկներէն շատեր, մինչեւ օրս… ճանաչում չէ տուած Հայոց Ցեղասպանութեան։ Այս տարականոն երեւոյթն ունի՝ ոչ միայն արտաքին (Պուլկարիոյ այժմու խորհրդարանին մէջ կան 34 թուրք երեսփոխաններ), այլեւ՝ ներհայկական պատճառներ։ Այս անբնականոնութեան «կացինին կոթը»… հայկական է՝ ոմն Եղիազար Ուզունեան անունով, որ միաժամանակ՝ տեղւոյն Հայոց Թեմական Խորհուրդի փոխ-ատենապետն է, եւ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսը Պուլկարիոյ մէջ…։ Ասիկա բիզնեսմէն մըն է, որ լաւ կապեր ունի թուրք բիզնեսմէն գործընկերներու եւ թուրք հիւպատոսին հետ…։ Ան՝ իր զոյգ հանգամանքները (թեմականի եւ պատուոյ հիւպատոսի…) չարաշահելով, միշտ յաջողած է վիժեցնել՝ ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի հայկական աշխատանքները, այլեւ նոյնիսկ՝ Սոֆիայի մէջ Ապրիլեան ցոյցերու կազմակերպումը… այլազան սին ու անհիմն պատճառաբանութիւններով։ Օրինակ՝ որպէս ՀՀ պատուոյ հիւպատոս, ան պնդած է՝ թէ իբր Հայաստանի մէջ, Ցեղասպանութեան մասին կը խօսին (եղեր…) «միայն կլոր թուականներու… ոչ թէ ամեն տարի» եւայլն։ Ցաւալին այն է, որ Եղիազարը եզակի պարագայ մը չէ այսօր, այլ կան բազմաթիւ Եղիազարներ… որոնցմէ մէկն է միայն՝ Պէյրութէն հայ երեսփոխան մը, որ նաեւ կուսակցապետ է…, որ շաբաթավերջերուն, իր կնոջ հետ միասին, Պէյրութի թուրք դեսպանին հետ կ?անցընեն իրենց սուղ ժամանակը… հակառակ անոր, որ՝ ի տարբերութիւն Պուլկարիոյ խորհրդարանին, Լիբանանի խորհրդարանին մէջ չկան… թուրք երեսփոխաններ, բայց՝ երկրի վարչապետը՝ թրքամէտ մըն է(ր), եւ անոր գլխաւորած երեսփոխանական պլոքին հայ երեսփոխանները, պատշաճութեան կարգով… պէտք էր թրքամէտ ըլլային եւ լաւ կապեր մշակէին թուրք դեսպանին հետ։ ՏԱՀՔ-ի անխտրական համահայկականութիւնն ու Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան ծրագիրն է միայն, որ բոլորին պիտի վերյիշեցնէ՝ գերեվարեալ Արեւմտահայաստանն ու զայն զաւթող թուրք թշնամին, ստեղծելու համար՝ այդ թշնամի իշխանութեան դէմ, միասնական համախոհ ու մարտունակ Հայութիւն մը, որ ունի միասնական քաղաքական կամք, միասնական պայքարի կեցուածք եւ հանրային միասնական կարծիք, որմէ շեղող կամ՝ շեղիլ փորձող ամեն պատեհապաշտ «մտաւորական» կամ ապազգային բիզնեսմէն հեշտօրէն պիտի մերկացուի եւ մեկուսացուի Հայութենէն, եւ շատ աւելի խայտառակ ձեւով քան այսօր՝ ՏԱՀՔ-ի բացակայութեան տիրող անտիրականութեան ու աւատապետական բաժանուածութեան պայմաններուն մէջ…։ Դարադարձի (1915-2015) այլեւս անյետաձգելի առաջադրանքն է, եւ բոլորիս անխուսափելի պարտաւորութիւնը՝ ՏԱՀՔ-ի անյապաղ կազմակերպումը…։ Մէթր Գասպար Տէրտէրեան
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը