Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ մէջ չի կրնար յանցագործութիւն համարուիլ


Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ մէջ չի կրնար յանցագործութիւն համարուիլ

  • 27-10-2011 15:11:01   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Յառաջ» Հոկտեմբեր 27 Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանին Հոկտեմբեր 25ին կայացուցած միաձայն վճիռին համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ մէջ չի կրնար յանցագործութիւն համարուիլ: Ատեանը Թուրքիոյ իշխանութիւնները դատապարտած է թուրք պատմաբան Թանէր Աքչամը հալածելու մեղադրանքով: Դատարանի որոշման մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները բազմիցս խախտած են Աքչամի խօսքի ազատութեան իրաւունքը` զինք հետապնդելով Թուրքիոյ պատժական օրէնքի թիւ 301 յօդուածի հիման վրայ («Թրքական ինքնութեան վիրաւորում»): Միեւնոյն ժամանակ, Ատեանը մերժած է Թուրքիայէն 860.200 եւրօ հատուցման մասին Աքչամի պահանջը: Աքչամ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ՝ այդ Ատեանին բողոք ներկայացուցած էր, ուր պնդած էր, որ իշխանութիւնները իր վրայ ճնշում կը բանեցնեն` Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը արծարծած ըլլալուն համար: Դատարանը համաձայնած է Աքչամի այն պնդումին հետ, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ պարտադըրւող օրէնքները կը խախտեն խօսքի ազատութիւնը երաշխաւորելու մասին՝ այդ երկրին ստանձնած պարտաւորութիւնները:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը