ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. «Ատրպէյճան Կը Դառնայ ՄԱԿի Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամ, Մինչ Հայերը Կը Մնան Ձեռնածալ»


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. «Ատրպէյճան Կը Դառնայ ՄԱԿի Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամ, Մինչ Հայերը Կը Մնան Ձեռնածալ»

  • 07-11-2011 13:32:43   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ շաբաթ նախագահ Ալիեւ նշեց Միաւորուած ազգերու կազմակերպութենէն ներս (ՄԱԿ) իր երկրին տարած պատմական յաղթանակը: Ատրպէյճանը, առաջին անգամն ըլլաով ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընտրուեցաւ հեղինակաւոր ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ, երկու տարուան ժամկէտով: Այս յօդուածը պիտի արծարծէ հետեւեալ երեք հարցերը. 1) Ատրպէյճան ինչպէ՞ս յաջողեցաւ ընտրուիլ նման հեղինակաւոր մարմինի մը կազմին մէջ. 2) Ատրպէյճան ի՞նչ պիտի իրագործէ իր ձեռք ձգած նոր անդամակցութեամբ. 3) Ի՞նչ միջոցներու ձեռնարկեցին հայերը՝ Ատրպէյճանի թեկնածութիւնը կանխելու համար: Ատրպէյճանը, Հունգարիան եւ Սլովենիան կը մրցակցէին Արեւելեան Եւրոպայի տարածաշրջանին համար նախատեսուած Անվտանգութեան խորհուրդի ոչ-մնայուն անդամի աթոռին համար: Ընդհանուր առմամբ, Ատրպէյճանը նման հեղինակաւոր մարմինի անդամ ընտրուելու հնարաւորութիւնը պէտք չէ ունենար, քանի որ այդ երեք երկիրներէն ամենաքիչ որակաւորում ունեցող պետութիւնն էր՝ ՄԱԿի Կանոնադրութեան պահանջները բաւարարելու առումով, միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան չնպաստելուն եւ ՄԱԿի մարմիններու աշխատանքներուն չմասնակցելուն պատճառով: Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, Ատրպէյճանը յաղթահարած է իր թերութիւնները՝ ճանապարհորդական փաթեթներ եւ դրամական պարգեւներ առաջարկելով ՄԱԿի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական օժանդակութիւն՝ տնտեսապէս թոյլ երկիրներուն՝ փոխան անոնց ձայներուն ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մէջ, որ կ՛ընտրէ Անվտանգութեան խորհուրդի 10 ոչ-մնայուն անդամները: Օգտագործելով իր բոլոր լծակները՝ Ատրպէյճան ձեռք բերաւ իսլամական երկիրներու, Արաբական լիկայի, «Չէզոք պետութիւններու շարժում»ին եւ ԱՊՀ (նախկին Խորհրդային Միութեան) երկիրներուն, անոնց կարգին՝ Ռուսիոյ, աջակցութիւնը: Այնուամենայնիւ, հակառակ այս արտասովոր լոպիինկի մարտավարութեան, , երկու օր տեւողութեամբ 17 քուէարկութենէ ետք Ատրպէյճան մեծ դժուարութեամբ կրցաւ հաւաքել անհրաժեշտ ձայները, միայն այն ատեն, երբ անոր հիմնական մրցակից Սլովենիան, բողոքի ի նշան՝ հրաժարեցաւ մասնակցելէ: Սլովենիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սամուէլ Զպոկար հնչեցուց իր բողոքը առ այն, որ «իր երկիրը հաւանութիւն չի տար նման ընտրարշաւի մը կերպին»: Թէեւ ան չմանրամասնեց, այնուամենայնիւ, ան նկատի ունէր Ատրպէյճանի շռայլ նուէրներ բաշխելու գործելակերպը: Բնականաբար, ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ դառնալով՝ Ատրպէյճան բարձրացուց իր միջազգային հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ ձեռք բերաւ նոր միջավայր մը՝ իր անհատնում հայատեաց քարոզարշաւները իրականացնելու համար: Այնուամենայնիւ, քիչ հաւանական է, որ Ատրպէյճանի պաշտօնատարները կարենան իրագործել իրենց կողմէ յայտարարուած նպատակը, որն է՝ Արցախի հիմնախնդիրը Խորհուրդի օրակարգին վրայ դնել: Մինսկի խումբի համանախագահներ Ֆրանսան, Ռուսիան եւ ԱՄՆն՝ Անվտանգութեան խորհուրդի «վեթօ»ի իրաւունք ունեցող մնայուն հինգ անդամներէն երեքը, բաւական յստակօրէն նշած են, որ այդ խնդիրով կը զբաղի միայն Մինսկի խումբը՝ ՄԱԿի շրջանակներէն դուրս: Հետեւաբար, Ատրպէյճանի ղեկավարները յուսախաբ ըրած կ՛ըլլան իրենց ժողովուրդը՝ անոնց վստահեցնելով, որ Անվտանգութեան խորհուրդը պիտի քննարկէ Ղարաբաղի հիմնախնդիրը: Ատրպէյճան կրնայ նաեւ մատնուիլ խիստ կնճռոտ կացութիւններու՝ ստիպուած ըլլալով դիրքորոշում ճշդել եւ քուէարկել այնպիսի վիճայարոյց խնդիրներու շուրջ, որոնք կրնան վերաբերիլ Իրանի, Իսրայէլի եւ Սուրիոյ եւ այլոց: Մինչ Ալիեւի վարչակարգը տակնուվրայ կ՛ընէր աշխարհը, որպէսզի Անվտանգութեան խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուելու համար պահանջուող ձայները հաւաքէ, ի՞նչ կ՛ընէին հայերը Ատրպէյճանի ջանքերուն հակազդելու համար: Երկրէն ներս ընդդիմադիրները կը քննադատէին Հայաստանի կառավարութիւնը՝ Անվտանգութեան խորհուրդին անդամակցելու Հայաստանի թեկնածութիւնը չառաջադրելուն համար, պնդելով, որ ատիկա կը նուազեցնէ Ատրպէյճանի ձայներուն թիւը: Նման ռազմավարութիւն, սակայն, չէր կրնար բխիլ Երեւանի շահերէն, քանի որ Հայաստանը չի կրնար մրցիլ Պաքուի մեծաքանակ ընտրակաշառքի բաշխումին հետ, այլ, հակառակը, պիտի խլէր Սլովենիոյ ձայներուն մէկ մասը՝ ակամայ նպաստելով Ատրպէյճանի յաղթանակին: Իմ նախկին յօդուածներէս մէկուն մէջ առաջարկած էի, որ Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւնները եւ ազդեցիկ անձնաւորութիւնները, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ խորհրդակցութեամբ, նախաձեռնեն միջազգային քարոզարշաւի մը՝ Ատրպէյճանի թեկնածութեան հակազդելու համար: Ես կոչ կ՛ընէի աշխարհի բոլոր հայերուն, որ դիմեն իրենց բնակութեան երկիրներու կառավարութիւններուն՝ խնդրելով, որ անոնք չաջակցին Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ Ատրպէյճանի թեկնածութեան: Ցաւօք, ո՛չ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ոչ ալ սփիւռքահայ ղեկավարները նման համակարգուած ջանքերու նախաձեռնեցին: Երկու ամիս առաջ, երբ 50 երկիրներէ պատուիրակներ հաւաքուած էին Երեւան, հոն կայացող Համահայկական համաժողովին նպատակով, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարները պէտք է օգտուէին այդ առիթէն, եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն ու անհատ գործիչներու հետ միասին մշակէին Ատրպէյճանի թեկնածութեան հակազդելուն ուղղուած ռազմավարութիւն: Հետաքրքրականօրէն, համաժողովի օրակարգի թեմաներէն մէկը «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման կառուցակարգեր»ուն մասին էր: Նման քննարկումներ օգտակար են, եթէ անոնց յաջորդեն ուղիղ գործողութիւններ: Բարեբախտաբար, հայերու համընդհանուր համակարգման գործունէութեան հիմքերը վերջերս ի գործ դրուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած աշխատանքներուն: Այս նպատակով, Երեւանի մէջ քանի մը ամիս առաջ տեղի ունեցաւ նախնական նիստ մը: Թուրքիան արդէն յայտարարած է, որ պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը 2015 թուականին ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին անդամ դառնալու, ճիշդ այն ժամանակ, երբ հայերը պիտի նշեն Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Հարց կը յառաջանայ. «Արդեօ՞ք հայերը չորս տարի ետք աւելի լաւ կերպով պատրաստուած պիտի ըլլան հակազդելու համար Թուրքիոյ թեկնածութեան, քան էին այս տարի՝ Ատրպէյճանի թեկնածութեան հակազդելու հարցով»: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
  -   Յօդուածներ