«Հայրենի երիտասարդութիւնը եւ հայ ժամանակակից գրականութիւնը» թեմայով դասախոսություն Բեյրութում


«Հայրենի երիտասարդութիւնը եւ հայ ժամանակակից գրականութիւնը» թեմայով դասախոսություն Բեյրութում

  • 13-11-2011 06:43:49   |   |  Հասարակութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ» ին, երէկ` ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2011-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 62-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր» Հայրենի երիտասարդութիւնը եւ հայ ժամանակակից գրականութիւնը»: Դասախօսն էր Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան: Ձեռնարկին բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ օրուան զեկուցաբերը 1991-էն ասդին կը վարէ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը, որ կամուրջ կը հանդիսանայ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցներուն` Հայաստանի մշակութային կեանքին հետ: Ան հաստատեց, որ Գալստեան հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային գործիչ է: Ապա խօսք առաւ Լիլիթ Գալստեան, որ նշեց, թէ մշակոյթն ու քաղաքականութիւնը կամրջուած են, երբ մշակոյթը ունի քաղաքականութիւն, իսկ քաղաքականութիւն չկայ, եթէ անոր հիմքին մէջ չկայ մշակոյթը: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան քսանեօթը առ հարիւրը բաղկացած է երիտասարդ տարրէն, որուն շուրջ չորս առ հարիւրը ուսանողներ են: Գալստեան աւելցուց, որ Հայաստանը ունի ազգային անվտանգութեան հայեցակարգ, որուն մէջ արժեւորուած են երիտասարդութեան խնդիրները, սակայն իրականութիւնը այդ պատկերը չի ներկայացներ: Դասախօսը յայտնեց, որ այսօր երիտասարդութիւնը կը շահարկուի Հայաստանի մէջ, ուր երիտասարդները կը դառնան քաղաքական գործիչներու գործիքները` ծառայելով անոնց շահերուն: Լիլիթ Գալստեան հաստատեց, որ երիտասարդութիւնը արժէքներ բերողն է, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ մշակութային խաղի կանոնները կշռողը: Ան ըսաւ, որ արժէքներու յեղափոխութիւն պէտք է, եւ այս հոլովոյթը կրնայ իրականացնել միայն երիտասարդութիւնը, որուն ծիլերը գոյութիւն ունին այսօր Հայաստանի մէջ: Ան հաստատեց, որ ժամանակակից արժէքներով օժտուած երիտասարդութիւն գոյութիւն ունի, հակառակ անոր որ այս հաւաքականութիւնը շատ փոքր տոկոս կը ներկայացնէ: Լիլիթ Գալստեան նաեւ խօսեցաւ երիտասարդ գրողներուն մասին: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ հրատարակուած է «տասնութ-երեսուներեք» գիրքը, որուն մէջ գրած են 14 երիտասարդ գրողներ: Ան յայտնեց, որ Համազգայինի գործակցութեամբ սկսած է լոյս տեսնել «Գրանիշ» գրական երիտասարդական թերթը, որ գրական զօրաշարժ ստեղծելու ձգտումը ունի: Գալստեան հաստատեց, որ սփիւռքը ունի կարեւոր դերակատարութիւն Հայաստանը որակական նոր աստիճանի բարձրացնելու խնդիրին մէջ: Դասախօսութենէն ետք Լիլիթ Գալստեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Ան խօսեցաւ գիրքերու տպաքանակի թիւի հարցերուն, գրատարածման խնդիրներուն, արժէքներու եւ ընթերցանութեան նահանջին եւ այլ խնդիրներու մասին: «Ազդակ»
  -   Հասարակութիւն