Թրքական ազգայնականութիւնը կը շարունակէ անարգել արշաւելով զոհեր խլել


Թրքական ազգայնականութիւնը կը շարունակէ անարգել արշաւելով զոհեր խլել

  • 24-05-2011 15:57:49   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Թուրքիոյ բանակին մէջ ծառայող հայազգի զինուորին սպանութիւնը կը շարունակէ խլել թրքական հասարակութէան կարգ մը ոլորտի լուսարձակները: Համոզիչ չէր թրքական պաշտօնական աղբիւրներու անդադար շեշտելը, թէ Սէաւկ Պալըգիճին դժբախտ պատահարի զոհ էր: Այժմ կը բազմանան այն լրատուութիւնները, որոնք կը սկսին փարատել թրքական իշխանութիւններուն եառաջացուցած ծխածածկոյթը այս դէպքին վրայէն: Ի եայտ կու գայ, նոյնինքն թրքական այլ շրջանակներէ, որ Սեւակը սպաննած թուրք ,մօտ ընկերէը կը պատկանի ազգայնական շարժումին եւ որ չէ պահած նաեւ իր մտածումները համացանցի ընկերային ծառայութիւններու վրայ հրապարակելու: Թուրք զինուորին հրապարակած մտածումները դէպքէն անմիջապէս ետք հանուած են համացանցի համապատասխան էջերէն: Հարցին ծալքերուն աւելի յստակ բացայայտումներ կատարուած են, երբ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ ժխտողականութէան դէմ պայքարող թուրք գործիչ մը հարկադրուած զգացած է պատասխանելու եւրոպական հարցերու թուրք նախարարի մէկ եայտարարութէան: Ըստ թուրք նախարարին, ,մեր եղբայր Սեւակը կը ներկայացնէր Անատոլուի գոյներըէ: Խնդիրը այս պարագային ներթրքական հարթութիւններու վրայ երեւցող հարցի ծածկումին կամ հետապնդման ու բացայայտման միջեւ առկայ հակասութիւններէն աւելին հայկական կողմէն ակնկալուած հակազդեցութէան բացակայութիւնն է: Եթէ կ'այ այն յստակ համոզումը, որ ,մօտ ընկերոջէ մը հետ կատակի իբրեւ արդիւնք դժբախտ պատահար չէ արձանագրուածը, ապա այդ պարագային լոյսին պէտք է բերուի ամէնէն դատապարտող ձեւով թուրք ազգայնականութէան անհանդուրժողականութիւնը եւ շեշտուի ազգայնականութէան ցոյց տրուող ուղղակի թէ անուղղակի քաջալերանքը թրքական իշխանութիւններուն կ'ողմէ: Սպանութէան պարունակն ու շրջագիծը չեն տարբերիր Հրանդ Տինքի սպանութէան շարժառիթներէն: Աւելի՛ն. Տինքը սպանողը իշխանութիւններուն թոյլտուութէամբ կ'արժանանա՛ր հերոսի վերաբերումի, մինչ այս պարագային սպաննող զինուորը կը ներկայացուի իբրեւ ,մօտ ընկերէ, որուն հրապարակած մտածումներուն հետքերը կը ջնջուին: Թրքական ազգայնականութիւնը կը շարունակէ անարգել արշաւելով զոհեր խլել փաստօրէն: Պաշտօնական Անգարայի կիրարկած խաղի կանոնները` կոթողներ, վերանորոգելու, հանդուրժողականութիւն ցուցադրելու, երկխօսութէան ռահուիրայի խաբկանք ստեղծելու կը խանգարուին ազգայնական տարրերու կ'ողմէ: Կառավարական համապատասխան հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ կը փութան ծածկելու նման պատահարները: Ճիշդ հոս է, որ պաշտօնական Անգարայի վարքագիծին սնանկութիւնը փաստելու համար միջազգային ընտանիքին եւ առ հասարակ հանրութէան պէտք է ներկայացուին պատահարներու իրողական պատկերները: Այս պարագային` Սեւակ Պարըգճիի սպանութէան բուն շարժառիթները, ներկայացուած բեմագրութիւններուն թատերական էութիւնը եւ ընդհանրապէս հարցը ծածկելու պաշտօնական քաղաքականութէան մանրամասնութիւնները: Նման բացայայտումներ տարածելու համար նոյնինքն թրքական աղբիւրներու վրայ յենիլն ու թուրք գործիչներու կատարած եայտարարութիւններուն յղում կատարելը եաւելէալ կ'օգնե՛ն, որ դէպքին հետեւողը կարէնայ զատել ,մօտ ընկերըէ թշնամիէն` գիտակցելու ,որ Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ չի հանդուրժուիր գոյներու տարբերութիւնը: Սեւի բացարձակ տիրապետումը իրողական պատկերն է այսօր Թուրքիոյ մէջ: Եւ այդ գոյնի գաղափարախօսութիւնը տակաւին նոր զոհեր խլելու համար նոր ագզայնականներ արտադրելու պարարտ ենթահողը ունի: Այ՛ս պէտք է ցոյց տալ ամբողջ աշխարհին: Շահան Գանտահարէան, «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ