Շահան Գանտահարեան . Մինչեւ որ օրինագիծը վերածուի օրէնքի


Շահան Գանտահարեան . Մինչեւ որ օրինագիծը վերածուի օրէնքի

  • 24-12-2011 17:41:52   |   |  Յօդուածներ

Ֆրանսայի Ազգային ժողովին քուէարկած օրինագիծը միջազգային, ֆրանսական, թրքական, ազրպեյճանական, հայկական եւ արաբական լրատուամիջոցներու լուսարձակներուն տակ է ընդգծուած ձեւերով: Այդ լրահաւաքն ու մանաւանդ վերլուծական յօդուածներուն մօտէն հետեւելու անհրաժեշտութիւնը ինքզինք կպարտադրէ յետագայ զարգացումները նախանշելու առումով: Անգարան կտրուկ հակազդեցութիւններու կդիմէ: Ֆրանսայի Ազգային ժողովին առջեւ տեղի ունեցած ցոյցը ցրուած է անշուշտ, սակայն կը յամենան սպառնալիքները, դիւանագիտական խզումներու յայտարարութիւնները, առնուելիք քայլերուն փուլային տարբերակներու բարձրաձայնումները, այս բոլորը անհետեւանք չձգելու, Ֆրանսայի նախագահը այլ բռնապետերու հետ համեմատելու եւ… Ֆրանսան Ալճերիոյ մէջ ցեղասպանութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով ամբաստանելու երեւոյթները: Այս կտրուկ մագլցողականութիւնը տակաւ նահանջ կարձանագրէ՛ անշուշտ եւ ամէն ինչ կը վերադառնայ իր ընթացիկ հունին: Այսուհանդերձ, եթէ օրէնքի վերածուելու ընթացակարգը իր յաջորդ հանգրուաններն ալ բոլորէ, այլ խօսքով` ստանայ ծերակոյտին վաւերացումն ու նախագահին ստորագրութիւնը, այդ պարագային Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը իրաւունք չունենա՛ր յայտարարութիւն կատարելու Ցեղասպանութեան հարցը պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբով քննարկելու: Մինչեւ այդ սակայն, օրինագիծը օրէնքի վերածուելու համար երկու կարեւոր հանգրուան պէտք է յաղթահարէ: Չմոռնանք, որ Ազգային ժողովէն անցնելէ ետք նմանատիպ օրինագիծ մը չէր հասած ծերակոյտ. նախագահական միջամտութեամբ օրակարգի չվերածուելով չէր քննարկուած նոյնիսկ: Հիմա, կթուի, թէ պայմանները տարբեր էն եւ թէ մօտալուտ է ծերակոյտին վաւերացումն ու նախագահական հաստատումը: Թրքական մագլցողական ճնշամիջոցները հետեւեալ կերպ կարելի է մեկնաբանել: Անգարան վստահ էր, որ այս հանգրուանին կորսուած պատերազմ կը մղէր Ֆրանսայի Ազգային ժողովին դէմ: Սկզբունքով պատերազմի միւս ճակատամարտներն ալ կորսուած էն Անգարային համար: Այժմ, ծերակոյտի մեծամասնութիւնը ընկերվարական խմբակցութեան անդամ է եւ նոյնիսկ մետասաներորդ պահու կատարուելիք միջամտութիւն մը չի կրնար արգելակել նախատեսուած ընթացքը: Չմոռնանք նաեւ, որ ընտրական նկատառումներէ մեկնած եւ նախատեսելին հաշուարկելով նախագահ Սարքոզին ցեղասպանութիւններու քրէականացման յաղթաթուղթը այս ձեւով կը խլէր իր մրցակիցներէն: Այս բոլորով հանդերձ, անտեղի պիտի ըլլար հայկական կողմին համար ողջոյններու հուռռայական մթնոլորտի մէջ սպասելը երկու հանգրուաններու յաղթահարման: Անգարայի բեմադրած ապատեղեկատուութիւնը, սպառնալիքներն ու ծայր գացող յայտարարութիւնները կը փորձեն արգելակել նախատեսուած ընթացակարգը: Առաւելագոյն աշխատանք պիտի կ'եդրոնացուի թուրքերուն կողմէ յետաձգել տալու համար ծերակոյտի վաւերացումը: Որքան ալ Փարիզէն յայտարարուի, որ ֆրանսական օրէնքները կորոշուի՛ն Փարիզի մէջ եւ չէն թելադրուիր Անգարայէն, որեւէ պահու կը բանի քաղաքական տրամաբանութիւնը, որ կեցուածքներու յարափոփոխելիութեան տեսութիւնը մնայունօրէն կիրառելի կպահէ: Համամարդկային արժէքները, պատմական յիշողութիւնը, իրողութիւններու հետ հաշուի նստելու սկզբունքները կրնան այլապէս մեկնաբանուիլ, եթէ տուեալ պահուն քաղաքական շահի ներշնչումի շարժառիթները փոխուին: Հայկական գործօնը ուրեմն, յաղթողի դիրքէ մեկնած պէտք չէ բացառէ խանգարիչ այլ տուեալներու արդիւնաւէտ աշխատելու կարելիութիւնը: Քաղաքական ծայր աստիճան զգօնութիւնը, թրքական դիւանագիտութեան փորձառութեան հետ հաշուի նստիլը, Անգարայի ցուցադրած թատերական արարներուն ետին թաքնուած քաղաքականութեան ծալքերուն իրազեկումը եւ մանաւանդ ֆրանսական քաղաքական հարթութեան վրայ շեշտակիօրէն տեսանելի ընտրական մրցապայքարի մթնոլորտէն լիարժէք օգտուիլը կը յուշեն, որ նախքան նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւնները այս օրինագիծը անպայման վերածուի վերջնական օրէնքի: Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ