ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ. Պատրաստել Վաղուան Ամբողջական Հայն ու Քաղաքացին


ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ. Պատրաստել Վաղուան Ամբողջական Հայն ու Քաղաքացին

  • 03-01-2012 15:28:41   | ԱՄՆ  |  Հարցազրոյցներ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Համառօտ պատկերացում մը կը հաճի՞ք տալ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մասին։ ՊՐՆ. ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Տնօրէն).- ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը կը գտնուի հայաշատ Սան Ֆերնանտօ հովիտի արեւմտեան շրջանին մէջ։ Անիկա բաղկացած է ծաղկոցէ, մանկապարտէզէ, նախակրթարանէ եւ երկրորդական բաժիններէ։ Աշակերտութեան թիւը կը հաշուէ շուրջ 800, մնայուն եւ այցելու ուսուցիչներու թիւն է 72, իսկ պաշտօնեաները՝ 18։ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը հովանաւորուած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ (կեդրոնը՝ Նիւ Եորք). անիկա միութեան աշխարհով մէկ տարածուած 22 դպրոցներէն մէկն է։ Հիմնուած է 1976ին՝ որպէս նախակրթարան, ապա աշակերտութեան թիւին արագընթաց աճին շնորհիւ, 1987ին դարձած է մանկապարտէզէն երկրորդական ծաւալուող դպրոց մը, որ մեր համայնքին տուած է աւելի քան 1200 շրջանաւարտներ, որոնցմէ շատեր վկայուած են՝ որպէս ճարտարագէտ, բժիշկ, փաստաբան, գիտահետազօտող, գործադիր տնօրէն եւ ազատ ասպարէզներու մէջ գործողներ։ Հպարտութեամբ պէտք է նշեմ, թէ մեր ուսուցչական կազմին անդամներէն ոմանք մեր շրջանաւարտներէն են։ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ են դպրոցի հիմնական նպատակները։ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Մեր վարժարանը յանձնառութիւնը վերցուցած է պատրաստել ուսումնապէս յառաջադէմ, մրցունակ, կարող եւ ընկերային բարօրութեան հանդէպ նախանձախնդիր ու բարոյական բարձր արժանիքներով դաստիարակուած ու գիտակից տիպար հայ քաղաքացիներ։ Հայկական վարժարաններու գոյութեան իմաստն է վերեւ նշուածը։ Միաժամանակ, հայոց լեզուի, հայ մշակոյթի նուաճումներու եւ արժէքներու, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ուսուցումը մեր վարժարանի կրթական ծրագիրի անքակտելի ու կենսական նպատակներէն մէկն է։ Երկրորդական բաժինին մէջ հայոց լեզուի դասաւանդութիւնը լիուլի կը համապատասխանէ համալսարան ընդունման համար պահանջուող որեւէ երկրորդ լեզուի պայմաններուն։ Այլ խօսքով՝ մեր նպատակն է պատրաստել վաղուան ամբողջական հայն ու քաղաքացին։ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ կրնաք ըսել դպրոցի կրթական ընդհանուր ծրագիրին մասին։ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Դպրոցը կը տրամադրէ համալսարան ընդունման համար ժամանակակից բոլոր պահանջները գոհացնող ծրագիր մը։ Հիմնական դասանիւթերը կը տրուին ամէնօրեայ դասաւանդման հիմունքով, անոնք կը ճոխացուին ու կը հարստացուին շարք մը յատուկ դասընթացքներով՝ որպէս ընտրովի կամ լրացուցիչ դասանիւթեր։ Ուսումնապէս աւելի ատակ աշակերտներու համար տրամադրելի են յառաջացեալ (Honors) եւ 13 AP քոլեճական մակարդակի դասընթացքներ երկրորդականէն ներս։ Այն աշակերտները, որոնք Մայիս ամսուն յանձնած AP քննութիւններուն կը յաջողին, ինքնաբերաբար կը ստանան քոլեճական վարկեր կամ միաւորներ։ Վարժարանի ծրագիրը լաւապէս ուսումնասիրուած ու կայուն համակարգ մըն է թէեւ, բայց անիկա միշտ ենթակայ է բարեփոխութեանց, օրուան պահանջներու պատշաճեցման ու նորացման՝ ի պէտս մեր աշակերտութեան ուսումնակրթական որակի բարձրացման։ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Քանի մը խօսք ալ կը խնդրէինք ըսել ուսուցչական կազմին մասին։ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Մեր վարժարանի զօրաւոր լծակներէն մէկը մեր որակեալ ուսուցչական կազմն է, անտարակոյս։ Ուսուցչակազմը բաղկացած է արհեստավարժ, փորձառու եւ որակաւորուած ուսուցիչներէ, որոնք յանձնառու են աշակերտներուն փոխանցել ուսումնական բարձրագոյն մակարդակ մը։ Աշակերտութեան ուսումնական եւ անձնական յաջողութիւնը մեր ուսուցչակազմին եւ տնօրէնութեան գերագոյն նախապատուութիւններէն մէկն է։ Մղելու համար աշակերտները դէպի աւելի բարձր արդիւնքներու ձեռք բերման, մեր ուսուցիչները կը տրամադրեն լաւապէս ուսումնասիրուած ուսումնակրթական ծրագիր մը դասարանէն ներս։ Անոնք կը հայթայթեն նաեւ արտադասարանային զգալի աջակցութիւն ու քաջալերանք, որպէսզի աշակերտները հանդէս գան աւելի բարձր արդիւնքներով եւ հասնին աւելի յաջող արդիւնքներու։ Այս ուղղութեամբ օգտակար կը հանդիսանայ դասաւանդութիւններէն ետք անոնց տրուած ուսումնական յաւելեալ օժանդակութիւնը։ Աշակերտներուն օգտակար կը դառնան նաեւ անձնական թէ քոլեճական հարցերու ուղղութեամբ մեր մասնագէտ խորհրդատուները։ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ արդիւնքներ ձեռք բերած են աշակերտները։ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Վերը արդէն ակնարկեցի, մեր աւելի քան հազար երկու հարիւր շրջանաւարտներու մասին։ Գոհ ըլլալու շատ պատճառներ ունինք, երբ աչք մը նետենք արտաքին քննութիւններու արդիւնքներուն։ Այսպէս, Սթենֆըրտ 10 քննութիւններու արդիւնքով մեր նախակրթարանն ու միջնակարգը կը դասուին Ամերիկայի բարձրագոյն 25 տոկոսին մէջ։ SAT եւ AP արդիւնքներով կը մրցինք շրջանին մէջ գտնուող անձնական դպրոցներու հետ։ Դպրոցին ուսումնական ծրագիրը աւելի քան կը գոհացնէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին լաւագոյն համալսարաններու ընդունելութեանց պահանջները։ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ նորութիւններ ներմուծուած են դասաւանդման ծրագիրներուն մէջ։ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Նախ դպրոցը օժտուած է գիտութեան եւ համակարգիչի ժամանակակից աշխատանոցներով։ Բոլոր դասարանները անխտիր ունին համակարգիչ, տպագրիչ, տեսաերիզի ու power point-ի սարքեր։ Այս տարեշրջանին բոլոր դասարանները օժտուած են ելեկտրոնային գրատախտակներով (Smart board) եւ Elmo լուսարձակներով, համացանցային արագ համակարգերով (network), Fiber-optics-ով եւ այլն։ Աշակերտները ներկայիս կը վայելեն արդիական սարքեր, որոնց շնորհիւ աւելի լաւ կ՛ընկալեն դասաւանդութիւնները եւ աւելի լաւ կը ներկայացնեն իրենց ցուցադրութիւնները կամ ծրագիրները։ Վերասարքաւորուած գիտաշխատանոցներու կողքին հաստատուած է նաեւ CISCO համակարգը, որ աշակերտութեան կը տրամադրէ տեղեկատուութեան արհեստագիտութեան վերջին նուաճումները։ Զգալիօրէն բարեփոխած ենք կատարողական արուեստներու ծրագիրը։ Անգլերէն լեզուով թատրոնի առընթեր, ստեղծուած է նաեւ հայկական թատրոնի բաժինը, որուն միջոցաւ աշակերտները տարին երկու անգամ կը ներկայացնեն հայկական թատերախաղեր, արժանանալով հանդիսատեսներու եւ աշակերտութեան ջերմ գնահատանքին։ Վերջին տարիներուն շեշտած ենք եւ առաւել դասաժամեր յատկացուցած ենք արուեստի բաժինի այլ բնագաւառներուն, ինչպէս՝ նկարչութեան, երաժշտութեան, պարարուեստի (հայկական եւ դասական), նպատակ ունենալով աշակերտութեան մէջ զարգացնել արուեստի հանդէպ իրենց ունեցած ունակութիւնները։ Կատարողական արուեստներու դասընթացքները կարեւորութեամբ նկատի կ՛առնուին համալսարաններ ընդունուելու ընթացքին։ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ նիւթական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէք։ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Երկիրին եւ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը, ի հարկէ, ժխտականօրէն կ՛ազդէ նաեւ դպրոցներու կեանքին վրայ, բայց կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը կատարել նախ եւ առաջ մեր ծնողներու զոհաբերութեան ոգիին շնորհիւ։ Անոնք կը հաւատան հայկական դպրոցի դերին ու նշանակութեան ու կը ճգնին իրենց զաւակները ղրկել հայկական դպրոցներ, թէեւ այդպիսի ծնողներու թիւը հազիւ մեր գաղութին 10 տոկոսը կը ներկայացնէ։ Խորապէս կը գնահատենք մեր ծնողներուն նուիրաբերութեան ոգին ու վստահութիւնը հայկական դպրոցին հանդէպ։ Մեր տարեկան ամավարկը կը գոյանայ գերազանցապէս կրթաթոշակներէ։ Անփոխարինելի է դերը Ծնողա-ուսուցչական մարմինին, «Պուսթըր» (Booster) ակումբին եւ Փառատօնի յանձնախումբին, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս կը քաջալերեն մեզ։ ՀԲԸՄի կեդրոնական վարչութիւնը անշուշտ անսակարկօրէն թիկունք կը կենայ իր դպրոցներուն, այդ շարքին նաեւ՝ մեզի, եւ այսպէս ալ պիտի շարունակուի։ Ասիկա աւանդն է Բարեգործականի նախագահներուն եւ յատկապէս անզուգական բարերար Ալեք Մանուկեանին, որուն հետեւողութեամբ մեր վարժարանին թիկունք կեցած են ու կը կենան միութեան բարերարներ, որոնց շարքին՝ Նազարեան ու Տեմիրճեան ընտանիքները եւ ուրիշներ։ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Դպրոցը չի կրնար ժամանակի ոգիէն ու պահանջներէն ետ մնալ։ Այս ուղղութեամբ ինչպէ՞ս քայլ կը պահէք ժամանակին հետ։ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Դպրոցը ոչ միայն կ՛ազդէ շրջապատին վրայ, այլեւ կը դառնայ անոր արձագանգը եւ կը քալէ անոր հետ համընթաց։ Այս իմաստով, մեր դպրոցը կարգ մը քայլեր առած է «կանաչ միջավայր» մը ըլլալու։ Դպրոցի ելեկտրական հոսանքի 40 տոկոսը կու գայ արեւային ջեռուցիչներէ։ Ասիկա նիւթական մեծ ներդրում մը կը պահանջէր, բայց անհրաժեշտ էր երկարաժամկէտ խնայողութիւն մը ապահովելու ուղղութեամբ։ Կարեւոր է նաեւ բնապահպանութեան օգտին միացեալ ջանքերով կատարուող աշխատանքները։ Ուրախ եմ ըսելու, որ մեր աշակերտները կը գիտակցին բնապահպանութեան ու միջավայրի մաքրութեան կարեւորութեան, որուն համար վարժարանին չորս կողմերը զետեղուած են համապատասխան արկղներ՝ վերամշակման (recycling) ենթակայ իրերը հաւաքելու նպատակով։ Կը փափաքիմ քանի մը խօսք ալ ըսել մեր մարզական յաջողութիւններուն առնչութեամբ, զորս կը պարտինք աշակերտութեան վճռակամութեան եւ մեր մնայուն եւ այցելու մարզիչներու յամառ ջանքերուն՝ ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, թենիսի եւ տարբեր վազքաձեւերու մարզերէն ներս։ Մեր վարժարանի մարզական խումբերը կը մասնակցին ու պատուաւոր արդիւնքներ կ՛արձանագրեն CIF, Valley League եւ KAHAM-ի մրցաշարքերուն մէջ։ Կ՛ընդգծենք նաեւ քաղաքէն եւ նահանգէն դուրս կազմակերպուած ուսումնական շրջագայութիւններուն կարեւորութիւնը։ Այսպիսով մեր այցելութիւնները նահանգի մայրաքաղաք Սաքրամենթօ, երկիրի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն, մեր վարժարանի փոխադարձ ճամբորդութիւնը Արժանթինա, ուր մեր աշակերտները Պուենոս Այրեսի քոյր վարժարանի աշակերտութեան ու ծնողաց հետ կը ծանօթանան եւ տարիներու վրայ երկարող բարեկամութիւններ կը ստեղծեն։ Յատուկ ուժգնութեամբ կը շեշտեմ 11րդ դասարանի տարեկան ուխտագնացութիւնը-ուղեւորութիւնը դէպի հայրենիք, ուրկէ մեր աշակերտները կը վերադառնան նոր լիցքաւորումով ու հայրենասիրական նոր որակի խանդավառութեամբ։ «Ասպարեզ»
  -   Հարցազրոյցներ