Տհը Սթրէյթս Թայմս« սինկափուրէան պարբերականը անդրադարձած է հայ-թրքական եարաբերութիւններուն


Տհը Սթրէյթս Թայմս« սինկափուրէան պարբերականը անդրադարձած է հայ-թրքական եարաբերութիւններուն

  • 23-05-2011 12:44:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Տհը Սթրէյթս Թայմսսինկափուրէան պարբերականը, միջնադարէան Հայաստանի մայրաքաղաք Անիի եւ հոն տեղակայուած 800ամէայ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մասին պատմելով, անդրադարձած է հայ-թրքական եարաբերութիւններուն։ Թերթը, ըստ հայաստանէան աղբիւրներուն, մասնաւորաբար կը գրէ հետեւէալը. »Հին հայկական Բագրատունիներու մայրաքաղաք Անիի ցուրտ օդի մէջ զգալի է աշխարհաքաղաքական ձգտէալ վիճակի պաղ շունչը։ Քաղաքական ձգտէալ վիճակի առաջին վկաները ռազմական դիտակէտերն են, որոնք երկու կ'ողմէ տեղակայուած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանագծի վրայ։ »Տակաւին 1970ականներուն այս հատուածը ցուրտ պատերազմի գօտի էր, տեղւոյն բնակիչներուն կը սորուեցնէին թէ ինչպէ՞ս պէտք է պաշտպանուիլ, երբ Խորհրդային Միութիւնը կամ ՆԱԹՕ սկսէին ռմբակոծել այս հարթավայրը։ Հակառակ ցուրտ պատերազմի աւարտին, հայ-թրքական եարաբերութիւնները չեն հարթուած։ Երկու երկիրներու միջեւ տարակարծութիւնները աւելի խորացան Ղարապաղէան հարցի առընչութէամբ, երբ Թուրքիա, եանուն Ատրպէյճանի հետ համագործակցութէան, փակեց հայ-թրքական սահմանը«։ Անիի աւերակներու գեղեցկութիւնը նկարագրելով, պարբերականը կը նշէ որ այս վայրը մեծապէս կը զանազանուի Իսթանպուլի բարձր մինարէներէն ու Թուրքիոյ ալ զբօսավայրերէն։ »Որպէս Բագրատունիներու թագաւորութէան քաղաքական ու առեւտրական կեդրոն, Անին 10րդ դարուն 100 հազարէն աւելի բնակչութիւն ունէր։ Սակայն երկրաշարժերն ու ներխուժումները, որոնք դարեր շարունակ առկայ էին հոս, աւերակներու վերածեցին այս հրաշակերտ քաղաքը«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը