Օպամայի Վարչամեքենայէն Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Մը Կը Մերժէ<br /> Ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը<br />


Օպամայի Վարչամեքենայէն Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Մը Կը Մերժէ
Ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը

  • 16-06-2009 16:25:00   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Յարութ Սասունեան, «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» Նախագահ Օպամա կը շարունակէ յուսախաբ ընել ամերիկահայ համայնքը: Հայկական բանալի հարցերու մէջ երկու յաջորդական խոստումներ` Հայկական Ցեղասպանութիւնը չճանչնալը եւ Հայաստանին տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութեան մակարդակի նուազեցման իր առաջարկը դրժելէ ետք, ան Ֆիլիփ Կորտընը կը նշանակէ իբրեւ եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու մէջ արտաքին գործոց նախարարի օգնական: Մասամբ թրքական աղբիւրներու կողմէ ֆինանսաւորուած «Պրուքինկզ» հիմնարկ կոչուած վերլուծական կեդրոնի նախկին տնօրէն դոկտ. Կորտըն հեղինակն է շարք մը թրքամէտ գիրքերու եւ յօդուածներու: Ան Քոնկրէսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ընդդիմադիր մը եղած է, ինչպէս նաեւ` յոյն կիպրացի ղեկավարները քննադատող մը` փոխանակ գրաւող թրքական ուժերը: Կորտըն Քլինթընի վարչամեքենային մէջ ծառայած է իբրեւ Ազգային ապահովական խորհուրդի եւրոպական հարցերու վարիչ: Վերջին նախագահական քարոզարշաւին, ան Օպամայի արտաքին քաղաքականութեան խորհրդատուներու խումբին մէջ Եւրոպայի խմբակին ղեկավարն էր: Մարտի վերջաւորութեան Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբին դիմաց կայացած իր վաւերացման լսարանին ընթացքին, Կորտըն նեղի մատնուեցաւ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեզի (ժողովրդավարական - Նիու Ճըրզի) կողմէ` հայկական եւ կիպրական հարցերուն մէջ իր որդեգրած տեսակէտներուն համար: Շարք մը ծերակուտականներ մատնանշեցին, թէ Կորտընի պատասխանները կը հակասէին նախագահ Օպամայի ընտրական քարոզարշաւի խոստումներուն: Սակայն ծերակուտականները չէին գիտեր, որ քանի մը շաբաթ ետք, նախագահը ինքնին իր խօսքը պիտի չյարգէր այդ հարցերուն ուղղութեամբ: Ծերակուտական Մենենտեզ ներկայացուց շուրջ երկու տասնեակ հարցումներ, որոնք պէտք է գրաւոր պատասխանուէին թեկնածուին կողմէ լսարանէն ետք: Ծերակուտական Ճան Էնսայն (հանրապետական - Նեւատա) 7 Ապրիլին կործանիչ նամակ մը գրեց ԿորտընինՆ արտայայտելով իր դժգոհութիւնը այն հարցին համար, թէ` իր վաւերացման լսարանին ընթացքին թեկնածուն «ողբերգութիւն» բառը գործածած էր Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսած ատեն: Ծերակուտական Էնսայն պահանջեց գիտնալ եթէ Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ Կորտընի կեցուածքը կը համապատասխանէր տեսակէտներուն նախագահ Օպամայի, փոխնախագահ Պայտընի եւ արտաքին գործոց նախարար Քլինթընի, որոնք բոլորն ալ իբրեւ ծերակուտականներ կամ նախագահական թեկնածուներ, հաստատօրէն ճանչցած էին Հայկական Ցեղասպանութիւնըղ Առաւել, ինչ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութիւն եզրը գործածելուն համար` Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզի պաշտօնազրկումին, ծերակուտական Էնսայն հարց տուաւ եթէ Կորտըն «պիտի թելադրէ դեսպաններուն կամ այլ արտաքին ծառայութիւններու պաշտօնատարներուն, որ Հայկական Ցեղասպանութիւն եզրը չգործածեն այլեւս»: Չբաւարարուած ըլլալով Կորտընի պատասխաններէն` ծերակուտական Էնսայն զարմացուց բոլորը, վերապահ մնալով անոր թեկնածութիւնը վաւերացնելէն, այդպիսով ժամանակաւորապէս արգելք հանդիսանալով Ծերակոյտին կողմէ անոր ամբողջական վաւերացումին: Ապա, սակայն, նոյնքան զարմանալի կերպով ծերակուտական Էնսայն վերցուց իր վերապահութիւնը` ճամբայ բանալով Կորտընի ծերակուտական վաւերացման: Մինչ այդ, Կորտըն գրաւոր կերպով պատասխանեց այն բոլոր քսանութ հարցումներուն, որոնք իրեն ուղղուած էին ծերակուտական Մենենտեզի կողմէ, հակառակ անոր, որ անոր պատասխանները խուսափողական էին եւ յաճախ` անպատասխան: Անկախ հարցումին բնոյթէն, ան անմտօրէն շարունակ կը կրկնէր նոյն պատասխանը` գործածելով բառարանին մէջ լոյս տեսած թերեւս բոլոր բառերը, բացի «Հայկական Ցեղասպանութենէն», նկարագրելու համար հայերուն զանգուածային սպանութիւնները: Կորտընի պատասխաններէն միայն մէկը յատկապէս բացայայտիչ էր. ան Հայկական Ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը դրաւ «Օսմանեան կայսրութեան պաշտօնատարներուն եւ զինուորներուն» վրայ, այդպիսով անզգուշաբար ճանչնալով, թէ անիկա պետական հովանաւորութեամբ կատարուած ցեղասպանութիւն մըն էր: Ստորեւ կը ներկայացնենք բառացի հատուածը սոյն երկխօսութեան: «Ծերակուտական Մենենտեզ.- Ո՞վ էր պատասխանատուն Ա. Աշխարհամարտին մէկուկէս միլիոն հայերու մահուան»: «Ֆիլիփ Կորտըն.- Այս վարչամեքենան, իրմէ առաջ եկած միւսներուն պէս, չ'ուրանար իրականութիւնները, թէ` մէկուկէս միլիոն հայեր սպաննուեցան, սովի մատնուեցան կամ տեղահանուեցան Օսմանեան կայսրութեան քաղաքային պաշտօնատարներուն եւ զինուորներուն կողմէ, որոնցմէ ոմանք մահուան դատապարտուեցան իրենց գործած այդ ոճիրներուն համարղ Միացեալ Նահանգները կը սգայ պատմութեան այդ սոսկալի էջին համար եւ կը հասկնայ, թէ անիկա կը շարունակէ ցաւի աղբիւր մը ըլլալ Հայաստանի ժողովուրդին եւ հայ սերունդներուն համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան մարդկային կեանքի արժանապատուութեան եւ արժէքին»: Կորտըն նաեւ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին բացայայտեց, թէ «Պրուքինկզ»ը ընդհանուր առմամբ եօթը հարիւր հազար տոլար ստացած էր թրքական աղբիւրներէ 2006ի եւ 2008ի միջեւ. - Երկու հարիւր հազար տոլար` Թուրք գործարարներու եւ առեւտրականներու ընկերակցութենէն. - Հարիւր իննսուն հազար տոլար` «Սապանճի» համալսարանէն. - Հարիւր յիսուն հազար տոլար` «Էքսիկիւլլէրի Կրուփ»էն (շինարարական ընկերութիւն մը). - Հարիւր հազար տոլար` «Տոկան Եային Հոլտինկ Քամփընի»էն (Մամլոյ եւ հաճելի ժամանցի ընկերկացութիւն մը). - Երեսուն հազար տոլար` «Նիւրոլ» շինարարական եւ առեւտրական ընկերութենէն. - Երեսուն հազար տոլար` «Հետէֆ-Ըլայնս Հոլտինկ» դեղորայքի արտադրութեան ընկերութենէն. Մեծ թիւով թրքամէտ պաշտօնատարներ, ինչպէս Ֆիլիփ Կորտըն, կը գործեն ամերիկեան կառավարութեան շրջանակներէն ներս: Այդ թրքասէրներէն ոմանք Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի աւելցուքներէն են: Ուրիշներ` անձնական շահերէ մղուած, կը ծառայեն կառավարութեան մէջ որոշ ժամանակի մը համար, եւ ապա կ'երթան աշխատելու Ուաշինկթընի վերլուծական կեդրոններուն մէջ, որոնցմէ կարգ մը մասամբ կը ֆինանսաւորուին թրքական աղբիւրներէ, կամ ալ վերջաւորութեան, անոնք լոպպիիսթներ կը դառնանՆ ի նպաստ Թուրքիոյ: Ամերիկահայերը պիտի շարունակեն ընդդիմութիւն տեսնել իրենց լոպպիինկի ջանքերուն մէջ, Ուաշինկթընի թրքամէտ գործակալներուն կողմէ, անկախ անկէ, թէ ո'ր կուսակցութեան ձեռքն է երկրին ղեկը, բացի եթէ կարենան ընդարձակել իրենց քաղաքական ազդեցութիւնը Քոնկրէսէն անդին, դէպի գործադիր ճիւղը, վերլուծական կեդրոններ եւ մամուլ:
  -   Յօդուածներ