ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ատրպէյճան Եւ Օպամա Ձախողութեան Մատնուեցան՝ Դեսպան Պրայզայի Առաքելութեան Կիսատ Մնալով


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ատրպէյճան Եւ Օպամա Ձախողութեան Մատնուեցան՝ Դեսպան Պրայզայի Առաքելութեան Կիսատ Մնալով

  • 16-01-2012 11:28:09   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Օպամայի վարչակարգին իրերայաջորդ քաղաքական սայթաքումներուն հետեւանքով, Մեթիու Պրայզա ստիպուած եղաւ անցած շաբաթ լքել Ատրպէյճանի մօտ դեսպանի իր պաշտօնը: Նախագահ Օպամա անտեսեց 2010ի Մայիսին Ատրպէյճանի մօտ դեսպանի պաշտօնին համար իր կողմէ առաջադրուած թեկնածուի լուրջ թերութիւններուն մասին բազմաթիւ զգուշացումները: Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամները Պրայզան կը մեղադրէին ատրպեճանամէտ դիրքորոշում եւ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ կասկածելի կապեր ունենալու համար: Ծերակուտականները անհանգստացած էին այն լուրերէն, ըստ որոնց՝ օտարերկրեայ որոշ պաշտօնեաներ շռայլ նուէրներ տուած էին Պրայզային, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած անոր հարսանիքին ընթացքին, որուն Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կը մասնակցէր իբրեւ խաչեղբայր: Բացի անկէ, դեսպանի թեկնածուին՝ ազգութեամբ թուրք կինը՝ Զէյնօ Պարան, կը մեղադրուէր Ուաշինկթընի հետազօտական կեդրոնէն ներս Կասպից ծովու ուժանիւթային հարցերուն ուղղութեամբ աշխատած ընթացքին՝ շահերու բախում ունենալուն մէջ: Պարան նաեւ զայրացուցած էր Ամերիկայի հայկական համայնքը՝ Ծերակոյտի ենթայանձնաժողովի նիստին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ վկայութիւն տալով: Երբ նախագահ Օպամա այս մտահոգութիւնները լրջութեամբ չընկալեց, ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըր (դեմ., Քալիֆորնիա) եւ Ռապըրթ Մենենտեզ (դեմ., Նիւ Ճըրսի) այլ ելք չունեցան՝ Պրայզայի թեկնածութիւնը առկախելէ բացի: Այդպիսով, անոնք խոչընդոտեցին Պրայզայի թեկնածութեան հաստատումը: Այնուհետեւ, Օպամա խորացուց իր սխալը, երբ 2010ի վերջաւորութեան Պրայզան, առանց Ծերակոյտի արտօնութեան, Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպան նշանակեց: Նախագահը ուշադրութիւն չէր դարձուցած այն հնարաւոր վնասին, որ կրնար հասնիլ ի՛ր իսկ հեղինակութեան, Միացեալ Նահանգներու վարկին եւ ԱՄՆ-ատրպեճանական յարաբերութիւններուն, եթէ Ծերակոյտը չհաստատէր Պրայզայի թեկնածութիւնը նշանակման տուեալ տարուան ընթացքին՝ ստիպելով զայն լքել իր պաշտօնը եւ վերադառնալ Ուաշինկթըն: 2011ի Դեկտեմբերին, երբ դեսպան Պրայզայի ժամանակաւոր նշանակման ժամկէտը աւարտին մօտեցած էր, Օպամայի վարչակարգի պաշտօնեաները սկսան ճնշում բանեցնելու ծերակուտականներ Պաքսըրի եւ Մենենտեզի վրայ, որպէսզի վերջիններս հաստատեն Պրայզայի թեկնածութիւնը եւ թոյլ տան անոր շարունակել իր ծառայութիւնը Ատրպէյճանի մէջ: Երկու ծերակուտականները անդրդուելի մնացին Պրայզայի հարցով, թէեւ դեմոկրատ այս քաղաքական գործիչներուն համար դժուար էր մերժել Միացեալ Նահանգներու նախագահին խնդրանքը, մանաւանդ, երբ վերջինս կը համարուի նաեւ իրենց կուսակցութեան առաջնորդը: Ծերակուտականներուն վրայ ճնշում գործադրեցին նաեւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւ անոր լոպիիստական հզօր կազմակերպութիւնները, որոնք սկսան աշխուժօրէն աշխատիլ, որպէսզի արդարացնեն իրենց վրայ ծախսուող հսկայական գումարները: Յատուկ կապերու շնորհիւ, անոնք կրցան ձեռք ձգել այն, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»ը եւ «Ուաշինկթըն Փոս»չը խմբագրականներ տպագրեն ընդդէմ ծերակուտականներուն եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, որ կը գլխաւորէր ոչ-ատակ այս դեսպանին դէմ քարոզարշաւը: Զարմանալի չէր, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»ը շռայլ գտնուեցաւ Պրայզան գովելու հարցին մէջ՝ զայն բնորոշելով իբրեւ «արտաքին ծառայութեան յարգանք վայելող յաջողակ պաշտօնեայ», եւ մեղադրելով ծերակուտականները՝ «ամերիկահայ լոպիի գերին» ըլլալու մէջ: «Ուաշինկթըն Փոս»չը աւելի՛ վիրաւորական ձեւով արտայայտուեցաւ: Թերթին խմբագրականը կարելի է բնորոշել իբրեւ բացայայտօրէն ցեղապաշտական եւ հակահայկական յօդուած: Հակառակ «ԱՄՆի ազգային շահերը» պաշտպանելու իր կոչին, թերթը պարզապէս փորձեց սատարել թեկնածութեանը կասկածելի հաւատարմագիրներ ունեցող այդ դեսպանին, որ աւելի շատ կը վնասէր, քան կը նպաստէր Ամերիկայի շահերուն: «Ուաշինկթըն Փոս»չը աւարտած էր իր ամօթալի խմբագրականը՝ «քարիւղէ զուրկ» եւ «մեկուսացուած» Հայաստանը մեղադրելով Պրայզայի հարցին մէջ պարտուող կողմը ըլլալուն համար: Կը յանդգնինք չհամաձայնիլ: Ասիկա Ամերիկայի խնդիրն է, եւ Հայաստանը ատոր մէջ որեւէ դեր չունի: Իրականութեան մէջ պարտուողները անոնք են, որոնք լոպիիստական երկար եւ տքնաջան գործունէութիւն ծաւալեցին՝ անատակ այդ դեսպանի թեկնածութեան հաստատման համար, որ մտադիր էր ծառայել աւելի շատ Ուաշինկթընի մօտ Պաքուի, քան Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի շահերուն: Իմ կարծիքով՝ իրական պարտուողներն են՝ 1) Նախագահ Օպաման, որ ընտրած էր դեսպանի ոչ-ատակ թեկնածու մը եւ յամառօրէն կը փորձէր հասնիլ անոր թեկնածութեան հաստատման, երբ առաջին օրէն իսկ շատ պարզ էր, որ Պրայզան այդ պաշտօնին վրայ հաստատուելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունէր: 2) Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, որ չափազանց մեծ գումար վատնեց լոպիիստներու վրայ, որոնք երբե՛ք չկրցան լուծել իրենց առջեւ դրուած խնդիրը: 3) Ատրպեճանական եւ թրքական կազմակերպութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ Ատպեճանական-ամերիկեան խորհուրդը, Ամերիկայի ատրպեճանական ընկերութիւնը, Համա-թրքական հաստատութիւնը, Ամերիկայի ատրպէյճանցիներու ցանցը եւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը, որոնք բազմաթիւ մամլոյ հաղորդագրութիւններ տարածեցին եւ հազարաւոր ելեկտրոնային նամակներ ուղարկեցին Ծերակոյտին… ամբողջութեամբ ապարդիւն: Պաշտպանելով Պրայզան՝ անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին, թէ վերջինս իրականութեան մէջ «իրենց մարդ»ն էր, այլ ոչ թէ՝ անաչառ դիւանագէտ: 4) «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»ը եւ «Ուաշինկթըն Փոս»չը, որոնք դէմ ելան իրենց լրատուական սկզբունքներուն՝ «նաւթընկերներ»ը գոհացնելու համար: 5) ԱՄՆ նախկին 36 պաշտօնեաները, որոնք միացեալ նամակ մը ստորագրելով՝ հանդէս եկան Պրայզայի թեկնածութիւնը հաստատելու կոչով: Բացարձակապէս պատահական չէ, որ ստորագրողներուն մեծամասնութիւնը այսօր կապ ունի այնպիսի հետազօտական կեդրոններու եւ լոպիիստական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք կը ֆինանսաւորուին Ատրպէյճանի կողմէ, կամ հետագային նման ֆինանսաւորումի մը ակնկալիքը ունին: Այնուամենայնիւ՝ յստակ է, որ երկու յաղթող կայ. 1) Ամերիկայի հայկական համայնքը, որ հնչեղ եւ յստակ ուղերձ յղեց Պաքուին, Անգարային եւ Ուաշինկթընին՝ ներկայանալով իբրեւ քաղաքական այնպիսի հզօր ուժ, որուն հետ պէտք է հաշուի նստիլ: 2) Մեթիու Պրայզան եւ անոր կինը, որոնք այժմ գործելով որպէս Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ լոպիիստներ, կ՛ակնկալուի, որ կրնան միլիոններ վաստակիլ՝ օգտուելով Պաքուի եւ Անգարայի մէջ իրենց «բարձրաստիճան» կապերէն: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թարգմանեց՝ ԲՈՐԻՍ ՕՀԱՆՅԱՆ
  -   Յօդուածներ