Պատժելիության օրենքի հակառակորդները վերջին ճիգերն են գործադրում


Պատժելիության օրենքի հակառակորդները վերջին ճիգերն են գործադրում

  • 28-01-2012 10:10:46   |   |  Քաղաքական
Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումի պատժելիութեան օրէնքին Յունուար 23ին վաւերացումէն ետք՝ անոր թունդ ընդդիմադիրները հոգուով սրտով լծուած են ձախողեցնելու վերջին փորձերու: Արդարեւ, օրէնքը վաւերացուած ըլլալով հանդերձ, պէտք է տասնհինգ օրուան պայմանաժամու մը մէջ ստորագրուի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ՝ վերջնականապէս դառնալու համար ֆրանսական օրէնք եւ մաս կազմելու՝ երկրին օրէնսդրութեան: Նախագահական ստորագրութեան սպասման այս օրերուն, զուգահեռաբար՝ ծերակուտական վեց խմբակցութիւններու անդամներ արդէն ստորագրած են Սահմանադրական Խորհուրդի դիմումնագիրը, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է արմատական ձախերու ծերակուտական խմբակի (RDSE) նախագահ Ժագ Մէզարի կողմէ: Ան չէ յայտնած սակայն, թէ քանի ծերակուտականի ստորագրութիւնը ապահոված է, նկատի ունենալով որ առնուազն 60 պէտք է ըլլայ անոնց թիւը: “Միայն այն ըսեմ, որ բոլոր խմբակներէն ստորագրողներ կան, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ անհանգստութիւն մը կայ” ըսած է ան: Նախագահական՝ UMP ծերակուտականներ Ալէն Ֆուշէ եւ Ժան-Ժագ Հիէսթ յայտարարած են թէ ստորագրած են դիմումնագիրը: “Երկուշաբթի օրուան իմ քուէիս տրամաբանութեամբ կը շարունակեմ: Խորհրդարանին չի վիճակիր Պատմութեան մասին որոշումներ ընդունիլը, իսկ նուազ՝ Ֆրանսայի Խորհրդարանին՝ այլ երկիրներու Պատմութեան մասին որոշումներ կայացնելը” ըսած է Վիէնի ծերակուտականը, որ նախկին վարչապետ Ժան-Փիէր Ռաֆարէնի մտերիմներէն է: “Ստորագրեցի բողոքագիրը” յայտնած է նաեւ Ժան-Ժագ Հիէսթ, որ Ծերակոյտի օրէնքներու Յանձնաժողովին նախկին նախագահն է եւ 2011 Մայիսին ջանք չէր խնայած նման առաջին օրինագիծը վիժեցնելու համար: Բնապահ Գորին Պուշօ եւս յայտարարած է, թէ ստորագրած է դիմումնագիրը: Յիշեցնենք որ Ծերակոյտի վեց խմբակցութիւններն են UMP (132 անդամ), ընկերվարական (130), Կեդրոն եւ հանրապետական միութիւն (UCR, 31), հանրապետական եւ ընկերվարական համայնավար խմբակ (CRC, 21), արմատական ձախ (RDSE, 16) եւ բնապահները (10). Ծերակոյտի նախկին նախագահը՝ Ժերար Լառշէ, որ դէմ քուէարկեց օրէնքին, յայտարարած է թէ պիտի չստորագրէ բողոքի դիմումնագիրը: Ազգային Ժողովին մէջ ալ UMP երեսփոխան Ժագ Միյար ձեռնարկած է նման ստորագրահաւաքի: Ուրբաթ, Յունուար 27ին կ?ըսուէր թէ արդէն ապահոված է 35 ստորագրութիւն, մեծամասնութեամբ UMP երեսփոխաններէ: *** CCAF հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ուղղուած՝ օրէնքին ընդդիմադիր ֆրանսացի խորհրդարանականներուն, ուր կ?ըսուի. «Ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, աւելի նախատական մի դարձնէք ձեր ընդդիմութիւնը: Մի բողոքէք Սահմանադրական Խորհուրդին մօտ»: Ֆրանսահայ Նախկին Ռազմիկներու եւ Դիմադրականներու Միութիւնն ալ, իր նախագահին՝ Անթուան Պաղտիկեանի ստորագրութեամբ բողոքի նամակ մը յղած է երեսփոխան Ժագ Միյարին, որ Ազգային Ժողովին մէջ օրէնքին ընդդիմադիր 60 երեսփոխանի ստորագրահաւաքի ձեռնարկած է, դիմելու համար Սահմանադրական Խորհուրդին: *** Թուրքիոյ Փարիզի դեսպանը եւ Առեւտուրի ֆրանքեւթրքական գրասենեակը, իրարմէ անջատ, նամակներ ղրկած են բոլոր երեսփոխաններուն եւ ծերակուտականներուն, կոչ ընելով բողոքի դիմելու՝ Սահմանադրական Խորհուրդին մօտ: Գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ երկու նամակներուն մէջ ալ կ?ըսուի թէ օրէնքը ընտրամէտ էր, անով զոհուեցան ֆրանքեւթրքական բարի յարաբերութիւնները, խտրական եւ ցեղապաշտական վերաբերում որդեգրուեցաւ Թուրքիոյ եւ Թուրքերուն հանդէպ, այս ամբողջը կատարուեցաւ հակասահմանադրական ճամբով, եւլն. եւլն.: *** LICRA-ն՝ Ցեղապաշտութեան եւ Հակասեմականութեան Դէմ Միջազգային Լիկան ալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է օրէնքին շուրջ ծաւալող բանավէճին առթիւ: Լիկային նախագահը՝ Ալէն Ժաքուպովիչ նախ կը նշէ թէ չորս ցեղասպանութիւն՝ հայկական, հրէական, թութսիական եւ պոսնիական միջազգայնօրէն ճանաչում գտած են, իսկ իրաւաբանօրէն Ֆրանսայի կողմէ՝ առաջին երկուքը միայն: Անդրադառնալով ստեղծուած բանավէճին, կ?ըսէ թէ Կէսոյի օրէնքին առթիւ ալ անոր «յիշողական» բնոյթին յենող պատճառաբանութիւններ առաջ քշուած էին: Կ?աւելցնէ, թէ ֆրանսական իրաւաբանութեան մէջ այդպիսի բան չկայ: Օրէնք մը կամ հասարակ է կամ ալ սահմանադրական, կամ խորհրդարանական է եւ կամ՝ հանրաքուէի դիմելի, բայց ոչ՝ յայտարարական կամ յիշողական: Ժաքուպովիչ չի հասկնար նաեւ այն պատճառաբանութիւնը ըստ որու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային դէպքերը չեն պատահած Ֆրանսայի մէջ, ուրեմն հարցը չի վերաբերիր Ֆրանսայի: “Ի՞նչ կը փոխուի” հարց կու տայ ան, երբ անոր ժխտումը տեղի կ?ունենայ Ֆրանսայի մէջ: Ու կ?եզրափակէ յիշելով Մոնթէսքիէօյի մէկ խօսքը՝ «Բան մը ճիշդ չէ որովհետեւ օրէնք է, այլ պէտք է դառնայ օրէնք որովհետեւ ճիշդ է»: *** «Ֆիկառօ», օրէնքին վաւերացումէն ետք՝ Պոլսոյ հայութեան դիրքորոշման մասին յօդուած մը հրատարակած է: Թերթը կը գրէ, թէ երկրին այդ փոքրամասնութիւնը շուրջ հարիւր տարի է վարժուած է գլուխ հակելու: Դեկտեմբեր 22ի քուէարկութենէն ետք ա՛լ աւելի թափ առած ժխտողականութեան մթնոլորտի մը մէջ Հայերը բնականաբար բացէ ի բաց չեն կրնար ըսել, թէ գոհ են Յունուար 23ի քուէարկութենէն բայց, խորքին մէջ գոհ են, ինչպէս յայտնած է «Ակօս»ի խմբագրապետ Ռոպէր Քոփթաշ: *** «Մոնտ» իր կայքէջին վրայ Յունուար 24ին հարցախոյզ մը սկսած է պատժելիութեան օրէնքին նիւթով: Ձեւակերպուած է հետեւեալ ձեւով. «Ծերակոյտը վերջնականապէս որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքը: Ատիկա ձեզի համար կը նշանակէ՝ - Ֆրանսայի վեհութիւնը - Ֆրանսայի կողմէ գործուած սխալ մը - Ոչ մէկը, ոչ միւսը - Առանց գաղափարի: Յունուար 27ին, «սխալ մըն է» ըսողներու թիւը ջախջախիչ մեծամասնութիւն կը կազմէր, աւելի քան 64%ով: Ֆրանսայի վեհութեան ի նպաստ քուէարկողներու համեմատութիւնը միայն 22,5% էր: Քուէարկելու համար այցելել՝ http://www.lemonde.fr/a-la-une/sondage/ հասցէն եւ հոն ընտրել օրէնքին վերաբերող հարցախոյզը: *** Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ պատժելիութեան օրէնքին վաւերացումը մեծ ցնծութիւն պատճառած է Հայաստանի մէջ։ Երեքշաբթի, Յունուար 24ին, Երեւանի ֆրանսական դեսպանատան առջեւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական ու «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է հաւաք մը: Մասնակից երիտասարդները իրենց երախտագիտութիւնը փոխանցած են Ֆրանսայի ներկայացուցչութեան։ Հաւաքին մասնակցած են նաեւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան երիտասարդները: Հաւաք մըն ալ կազմակերպած են Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան «Միասին» երիտասարդական միութեան անդամները։ ՆՅ
  -   Քաղաքական