Ծննդեան տօնին առիթով Սուրբ իր Հայրապետական պատգամը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս


Ծննդեան տօնին առիթով Սուրբ իր Հայրապետական պատգամը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  • 06-01-2011 18:18:13   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Հինգշաբթի 6 Յունուար 2011-ին, մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հայ ժողովուրդը խուռներամ բազմութեամբ լեցուց Հայ Առաքելական սուրբ եկեղեցիները աշխարհի տարածքին: Սփիւռքահայութեան տրոփող սրտին՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նշուեցաւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Հայրապետական Սուրբ Պատարագով: Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ Հայ Ժողովուրդի զաւակներուն իր Հայրապետական պատգամը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Զօր. Միշէլ Սլէյմանը կը ներկայացնէր պետական նախարար՝ Ժան Օղասափեան: Խորհրդարանի նախագահ Ն.Վ. Նեպիհ Պրրին կը ներկայացնէր՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Մեծաթիւ հաւատացեալ բազմութեան ներկայութեան, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Ծննդեան տօնի վերանորոգող խորհուրդով ամրապնդուելու պատգամ ուղղեց բոլորին: Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը սիրոյ, արդարութեան ու համերաշխութեան ծնունդն է այս երկրի վրայ: Արդարեւ, Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, շեշտը դրաւ մարդկային կեանքին հիմքը կազմող սիրոյ,արդարութեան եւ համերաշխութեան վրայ: Իր երկրաւոր առաքելութեան նպատակը ա՛յս էր՝ հաստատել իր թագաւորութիւնը, այլ խօսքով՝ երկնային արժէքներու համակարգը, սիրոյ, արդարութեան ու համերաշխութեան վրայ հաստատուած»: Ապա Վեհափառ Հայրապետը շարունակելով իր պատգամը, ըսաւ. «Ներկայ աշխարհին մէջ եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ սիրոյ, արդարութեան ու համերաշխութեան առաքեալը դառնալ՝ շարունակելով Աստուծոյ Որդւոյն առաքելութիւնը: Չմոռնանք Քրիստոսի վերջին պատգամը աշակերտներուն ուղղուած՝ որ գացէք աշխարհի բոլոր անկիւնները եւ իմ աւետարանս քարոզեցէք: Ու միշտ չմոռնանք, որ Քրիստոսի Աւետարանը սիրոյ, արդարութեան ու համերաշխութեան աւետարան է»: Իր խօսքը հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն ուղղելով Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ՝ «Քրիստոսի պատգամը լսող եւ զայն կեանքի ու առաքելութեան վերածող առաջին ժողովուրդը եղաւ հայ ժողովուրդը՝ 301 թուին: Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, հակառակ մեր կրած ջարդերուն ու հալածանքներուն, մենք հաւատարիմ մնացինք քրիստոսատուր առաքելութեան, նոյնիսկ մեր արիւնը թափելով: Մենք պիտի շարունակենք սիրոյ, արդարութեան ու համերաշխութեան մեր առաքելութիւնը: Ա՛յս է մեր ճամբան, թէ՛ մեր ազգային կեանքէն ներս եւ թէ մեր շրջապատին մէջ»: Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին կեանքին, յիշեցնելով, որ «Լիբանանը համակեցութեան երկիր է: Համակեցութիւն կը նշանակէ հասարակաց արժէքներու ու սկզբունքներու մէջ արմատացած հաւաքական կեանք, ուր փոխադարձ սէրը, յարգանքը, հաւասարութիւնը ու արդարութիւնը կը կազմեն տիրապետող իրականութիւններ: Այսպէ՛ս եղած է Լիբանանը, այլապէս չի կրնար ըլլալ: Հազար փառք Աստուծոյ, որ Լիբանանի մէջ մենք երբեք միջ-կրօնական հարցեր չենք ունեցած եւ երբեք պիտի չունենանք: Իսկ ինչ կը վերաբերի քաղաքական զգայնութիւններու, փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեամբ անհրաժեշտ է շրջանցել այդ բոլորը ամրօրէն կառչելով Լիբանանի գերագոյն շահերուն»: Շարունակելով իր խօսքը, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Լիբանանը մեր բոլորին հայրենիքն է. բոլոր կողմերն ալ, բոլոր համայնքներն ալ, բոլոր քաղաքական հոսանքներն ալ ամբողջականօրէն ու ճշմարտօրէն լիբանանցի են. ոչ մէկը իրաւունք ունի կասկածելու անոնց լիբանանցիութեան վրայ: Վստահ եմ որ բոլորն ալ կ'ուզեն անկախ, գերիշխան, խաղաղ ու բարգաւաճ Լիբանան մը: Հետեւաբար բոլորին աշխատանքները պէտք է այդ ուղղութեամբ առաջնորդուին: Օտարը որքան ալ մեզի բարեկամ ըլլայ, օտար է: Մենք բոլորս ամէն բանէ առաջ ու վեր, լիբանանցի ենք եւ ապա՝ մեր բարեկամին բարեկամը: Մեր պարտաւորութիւնն է Լիբանանի գերագոյն շահերը վեր նկատել ամէն տեսակ բարեկամութիւններէ, շահերէ ու տարակարծութիւններէ»: Ս. Ծննդեան իր պատգամին մէջ Արամ Ա. Վեհափառ նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան ու վկայութեան: Ան ըսաւ «Միջին Արեւելքը ծննդավայրն է քրիստոնէութեան, Քրիստոս Պաղեստինի մէջ ծնաւ, Պաղեստինի մէջ իր առաքելութիւնը կատարեց, Երուսաղէմէն քրիստոնէութեան լոյսը սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը: Քրիստոնէութիւնը իր հաւատքը, իր մտածողութիւնը ու իր արիւնը շաղախած է Միջին Արեւելքի պատմութեան, մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան: Հետեւաբար, դատապարտելի են այն բոլոր բռնարարքները ու ցաւալի երեւոյթները, որոնք տեղի կ'ունենան այս օրերուն Իրաքի, Եգիպտոսի կամ այլ շրջաններէն ներս, քրիստոնեայ համայնքներուն ու եկեղեցիներուն դէմ: Քրիստոնէութիւնը կը պատկանի Միջին Արեւելքին: Հակառակ բոլոր տեսակ դժուարութիւններուն ան կը մնայ կառչած Միջին Արեւելքին: Հակառակ բոլոր տեսակ դժուարութիւններուն, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը սիրոյ, արդարութեան ու համակեցութեան վրայ խարսխուած հրամայական անհրաժեշտութիւն է ո՛չ միայն քրիստոնէութեան, այլ նաեւ իսլամութեան համար: Մենք վստահ ենք, որ ա՛յս գիտակցութեամբ պիտի շարունակեն գործել մեր իսլամ եղբայրները: Դարեր շարունակ իսլամ ու քրիստոնեայ համերաշխ գոյակցութեան օրինակելի շրջան մը դարձած է Միջին Արեւելքը: Պէտք է ան շարունակէ իր համակեցութիւնը որպէս երաշխիք խաղաղութեան ու յառաջդիմութեան»: Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորական իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Սերժ Սարգիսեանին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Սրբազաններուն՝ Թորգոմ Մանուկեան եւ Մեսրոպ Մութաֆեան Արքեպիսկոպոսներուն, մաղթելով բազմաբեղուն գործունէութիւն եւ արեւշատութիւն: Օր մը առաջ, Չորեքշաբթի 5 Յունուարին տեղի ունեցաւ Ճրագալոյցի Ս. պատարագ Մայր Տաճարին մէջ: Ապա վանական աւանդութեան համաձայն թափօրը ուղղուեցաւ դէպի վանքի սեղանատունը, ուր տեղի ունեցաւ վերջին աւետարանին ընթերցումը, որմէ ետք բոլոր ներկաները ողջունեցին զիրար ըսելով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս»: Իսկ Ուրբաթ 7 Յունուարին, Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ ի յիշատակ համօրէն ննջեցելոցն ազգիս հայոց: Ս. Ծննդեան եւ անոր յաջորդող օրը, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորական այցելութիւնները ընդունեց Լիբանանի պետական, քաղաքական ու դիւանագիտական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ ազգային կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն: Երկրի երեք պետերը անձնապէս՝ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ, թէ ներկայացուցիչներու ճամբով շնորհաւորեցին Վեհափառ Հայրապետը, հայ ժողովուրդին մաղթելով բարօր կեանք ու յարատեւ վերելք:
  -   Մամլո հաղորդագրություն