Դաշնակցութեան 120-ամեակի առիթով USC-ի հայկական ամպիոնը եւ «Armenian Review»-ն հասարակութիւնը կը հրաւիրեն ակադեմական գիտաժողովի


Դաշնակցութեան 120-ամեակի առիթով USC-ի հայկական ամպիոնը եւ «Armenian Review»-ն հասարակութիւնը կը հրաւիրեն ակադեմական գիտաժողովի

  • 10-11-2010 08:55:36   | ԱՄՆ  |  Մամլո հաղորդագրություն
Լոս Անճելոս - Այս տարի կամբողջանայ հայոց պատմութեան մէջ ամենահին եւ ամենաազդեցիկ քաղաքական կազմակերպութիւններէն մէկուն, Դաշնակցութեան 120ամեակը: Այս առիթով, USC-ի հայկական ամպիոնը եւ «Armenian Review»-ն հասարակութիւնը կը հրաւիրեն ակադեմական գիտաժողովի մը` ՀՅԴ պատմութեան, ներկայ գործունէութեան եւ ապագայ հեռանկարներուն շուրջ: Այս միօրեայ գիտաժողովը, որուն խորագիրն է «ՀՅԴ 120 տարեկան. պատմութեան կերտում», պիտի սկսի Դեկտեմբեր 4, 2010-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Տէյվիտսըն գիտաժողովներու կեդրոնէն (Davidson Conference Center) ներս: Գիտաժողովը պիտի քննարկէ առանցքային խնդիրներ, ինչպէս` Հայաստանէն ներս ՀՅԴ գործունէութեան ընկերատնտեսական ոլորտները, կանանց դերը ՀՅԴ-ի շարքերէն ներս, մարտահրաւէրները` որպէս պետական մակարդակի վրայ գործող քաղաքական կուսակցութիւն եւ միաժամանակ Սփիւռքով մէկ տարածուած քաղաքական շարժում, պատմական զարգացումներու գնահատականներ եւ ներկայ հարցեր: Սոյն գիտաժողովին պիտի մասնակցին ուսումնասիրողներ, մասնագէտներ եւ աքթիվիսթներ` Հայաստանէն, Միջին արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Միացեալ նահանգներէն, որոնք պիտի ներկայացնեն բազմաշերտ վերլուծականներ ՀՅԴ գործունէութեան 120-ամեակին առիթով: Գիտաժողովի համակազմակերպիչ, «Արմինիըն Րիվիու»-ի գլխաւոր խմբագիր, Պենթլի համալսարանի դասախօս, փրոֆեսոր Ասպետ Գոչիկեան ըսաւ. «Անցեալին հազուադէպ առիթներով է որ, նման ակադեմական գիտաժողով մը համախմբէ գիտնականներ եւ մասնագէտներ` գիտական, ակադեմական եւ գիտա-քննադատական աչքով խորին քննութեան ենթարկելու համար ՀՅԴ-ն, կամ որեւէ այլ հայկական կուսակցութիւն մը»: Փրոֆեսոր Գոչիկեան ըսաւ նաեւ որ, մինչ այս գիտաժողովը հեռու է ՀՅԴ-ն սպառիչ վերլուծութեան ենթարկելէ, սակայն հողը կը պատրաստէ յետագայ հետազօտութեանց, ինչպիսին են` կանանց դերը հայկական քաղաքական կեանքէն ներս, կամ շարունակական բանավէճերը կուսակցութեան աշխատելաձեւին շուրջ` թէ՛ Սփիւռքէն, թէ՛ Հայաստանէն ներս: Գիտաժողովը բաղկացած է երեք զրոյց-բաժիններէ: Փրոֆեսոր Ռիչըրտ Յովհաննիսեան (UCLA) պիտի վարէ առաջին բաժինը, ուր պիտի քննարկուի ՀՅԴ պատմութիւնը, համեմատաբար եւ յատկապէս` հայկական պարունակին մէջ ու, իր ընկերվարական եւ ազգային գաղափարախօսութեան զարգացումը: Առաջին բաժինին զրուցակիցները պիտի ըլլան փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան (Cal State Long Beach), տկն. Էլքէ Հարթման (Պերլինի Ազատ համալսարան), փրոֆ. Արա Սանճեան (University of Michigan at Dearborn), փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Սան Անտրես համալսարան, Պուենոս Այրէս): Երկրորդ բաժինը` ,ՀՅԴ դերը հայ ընկերութեան մէջե, պիտի վարէ փրոֆ. Ստեֆան Աստուրեան (UC Berkeley): Զրուցակիցներն են` պարոն Արսէն Ստեփանեան, ,Քաունթերփարթ Արմինիաե շահերու պաշտպանութեան ծրագրի վարիչ, Ընկերվարական Միջազգայնականի փոխնախագահուհի տկն. Մարիա Թիթիզեան, փրոֆ. Արա Խանճեան (Ventura College), փրոֆ. Լեւոն Չորպաճեան (U Mass at Lowell), փրոֆ. Վիգէն Եագուպեան (Woodbury University): Երրորդ բաժինը պիտի վարէ Փրոֆեսոր Խաչիկ Թէօլէօլեան որ, պիտի ուսումնասիրէ ՀՅԴ գործունէութեան վերջին տասնամեակները` ազգ եւ պետութիւն պարունակի մէջ: Վերջին բաժնի զրուցակիցներն են Արամ Համբարեան` Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն, Արմէն Սարգիսեան` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի անդամ, փրոֆ. Օհաննէս Կէօքճեան (Պէյրութի ամերիկեան համալսարան), փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեան (Bentley համալսարան) եւ ,Արմինիըն Րիվիուեի գլխաւոր խմբագիր: Անդրադառնալով այս ակադեմական նախաձեռնութեան` համաժողովի մասնակից-զրուցակից փրոֆ. Վիգէն Եագուպեան զայն կոչեց ,երիտասարդ-աւագի մը խորին քննարկումըե: Իրոք, համաժողովը որ, կուսումնասիրէ ՀՅԴ-ի դերը հայ քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ, յետադարձ հայեացք մը կը նետէ վերջին հարիւր քսան տարիներու ընթացքին կուսակցութեան ժամանակակից եւ շարունակական ներկայութեան` Հայաստանէն եւ Սփիւռքի գաղութներէն ներս: Այս տեսանկիւնէն դիտուած, համաժողովը կը խոստանայ գիտնականներուն, աքթիվիսթներուն եւ ակադեմականներուն առիթը տալ` քաղաքական պատմութեամբ եւ քաղաքական հեռանկարներով` կառուցել աւելի շինիչ ապագայ մը:
  -   Մամլո հաղորդագրություն