«Մոնդ». Սահմանադրական Խորհուրդը «չսահմանադրականացրեց» ժխտողականությունը


«Մոնդ». Սահմանադրական Խորհուրդը «չսահմանադրականացրեց» ժխտողականությունը

  • 17-03-2012 09:00:02   |   |  Յօդուածներ
Մարտ 15ին, «Մոնտ»՝ իր կայքէջի «Տեսակէտ» բաժնին մէջ զետեղած էր վերոնշեալ խորագիրը կրող խիստ շահեկան յօդուած մը, որու հեղինակն է Նանթէռ-Տէֆանսի համալսարանէն հանրային իրաւագիտութեան դոկտ., Միջազգային իրաւագիտութեան կեդրոնի անդամ Հիւպէր Լըսաֆր: Յօդուածին հեղինակը իր նախաբանին մէջ նշելէ ետք թէ շատեր՝ պատժելիութեան օրէնքին մասին Սահմանադրական խորհուրդի Փետրուար 28ի որոշումը ընկալեցին որպէս ժխտողականութեան օրինականացումը՝ ի վնաս ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին, կ?ըսէ՝ “բայց իրաւագիտական ճշմարտութիւնը բոլորովին այլ է”, ու կը բացատրէ: Յիշելէ ետք, թէ Սահմանադրական խորհուրդը շեշտը դրաւ արտայայտութեան ազատութեան սկզբունքին կարեւորութեան վրայ, կ?աւելցնէ. “Բայց Սահմանադրական խորհուրդը որեւէ ձեւով չըսաւ, թէ օրէնսդիրին կ?արգիլուի դատապարտել ժխտողական կեցուածքներ: Արդարեւ, Սահմանադրական խորհուրդը յիշեցուց նաեւ որ Խորհրդարանին թոյլ կը տրուի պատժել արտայայտութեան ազատութեան չարաշահումներ՝ պահպանելու համար կարգ ու կանոնը եւ պաշտպանելու՝ երրորդ անձերու իրաւունքները”: Ապա Լըսաֆր կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնները. “Ինչ որ ըսաւ Խորհուրդը, կ?արժէ վերյիշել, այն է՝ որ պատժելով գոյութիւնը եւ իրաւական որակումը այն ոճիրներուն զորս «ինք իսկ ճանչցած է եւ որպէս այդ որակած», օրէնսդիրը արտայայտութեան ազատութեան կաշկանդում մը գործեց: Ա՛յս է իր որոշումին կորիզն իսկ: Խնդիրը հոն է, որ «ինք իսկ» հաստատեց պատմական ճշմարտութիւն մը, ապա զայն իրաւականօրէն՝ ցեղասպանութիւն որակեց, ինչ որ օրէնքին անվաւեր հռչակման պատճառ դարձաւ: Այդ կը նշանակէ պարզապէս, թէ պատմութիւնը պատմաբաններուն գործն է, իսկ կեցուածքի մը իրաւաբանական որակումը՝ դատարաններունը: “Անդին, այս որոշումը ոչ մէկ կերպով չ?ընդառաջեր Կէսոյի օրէնքին ալ անվաւեր նկատուելուն: Ոչ այն պատճառով, որ Բ. Աշխարհամարտի զոհերը աւելի զոհ են քան միւսները, բայց անոր համար որ գոյութիւն ունին նիւթը քննարկելու լիազօր ազգային եւ միջազգային դատարաններու որոշումներ, որոնք որակած են այդ ցեղասպանութիւնը: Այդպէսով, Կէսոյի օրէնքը, որ ինք իսկ չի սահմաներ այդ ցեղասպանութեան գոյութիւնը, չի հանդիսանար ինչպէս կ?ըսեն՝ յիշողութեան օրէնք մը: “Սահմանադրականօրէն՝ գոյութիւն ունի իրավիճակի տարբերութիւն մը որ կ?արդարացնէ վերաբերումի այս տարբերութիւնը, այսինքն զոհերու նկատմամբ հաւասարութեան սկզբունքի անտեսումի հարց չկայ: Բայց, ճիշդ է որ անարդար պիտի ըլլար չպատժել ժխտումը այն ջարդերուն որոնք գործուեցան օրինակ՝ Սրեպրենիչայի կամ Ռուանտայի մէջ, եւ որոնք միջազգային պատժական մարմիններու կողմէ դատապարտումի արժանացան: Խորհուրդին որոշումը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի շրջագիծ−որոշումը որ կը վերաբերի ցեղապաշտութեան որոշ ձեւերու եւ արտայայտութիւններու, ինչպէս նաեւ օտարատեացութեան դէմ պայքարի, անշուշտ պէտք չէ արգելք հանդիսանան որ խորհրդարանն ալ ժխտողականութեան դէմ արդար եւ անհրաժեշտ պայքար մղէ: Ընդհակառակն, այդ որոշումները զինքը կը հրաւիրեն այդ ընելու համաձեւ, միջազգային ատեաններու կողմէ արձակուած վճիռներու հիման վրայ: “Ժխտողականութեան պատժելիութեան համար՝ բացի ասոնցմէ, կայ նաեւ սահմանադրական կարեւոր այլ կէտ մը. այդ մէկը՝ վնասելու միտումն է: Քանի որ, ժխտողականութեան հարցին մէջ այն ինչ որ դատապարտելի է կամ կը դատապարտուի, պատմական այս կամ այն իրողութեան ժխտումը չէ, այլ ատելութեան դրդումն է մարդկային խումբի մը դէմ, որ զոհը կը դառնայ այդ ժխտողականութեան: Ա՛յդ է որ նշած էր Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ատեանը Կառօտիի հարցին մէջ: “Վերջապէս, ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան, որու դահիճները այսօր անհետացած են եւ չեն կրնար ենթարկուիլ պատժական դատապարտումի, իրաւասական բոլոր լուծումները սպառած չեն: Միջազգային չափանիշով, Հայաստանի կողմէ՝ Արդարադատութեան միջազգային ատեանին դիմում մը լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլար, եւ ինչու չէ, նոյնպէս՝ այլ որեւէ երկրի կողմէ ալ, նկատի ունենալով որ ցեղասպանութիւնը անսակարկելիօրէն միջազգային ոճիր է: Այս քայլն ալ սակայն դատաքննական կարեւոր պատնէշ մը ունի իր առջեւ. արդարեւ, խնդրոյ առարկայ Ատեանին լիազօրութիւնը կախեալ է իրեն անդամ պետութիւններուն համաձայնութենէն, եւ Թուրքիա մաս կը կազմէ անոր: “Կը մնայ եւրոպական չափանիշով լուծում մը, որ զարմանալիօրէն չէ նախատեսուած, ինչ որ Հայաստանի կողմէ՝ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանին կատարելի դիմում մըն է, ընդդէմ Թուրքիոյ պետական ժխտողականութեան, որ նոյնպէս անյարիր է արտայայտութեան ազատութեան: Նման քայլով՝ նոյնիսկ եթէ կարելի չըլլար դատապարտել Թուրքիան, առնուազն ձեռք պիտի ձգուէր Ատեանին կողմէ՝ Օսմանեան կայսրութեան վերագրուած ցեղասպանութեան մը ճանաչումը: “Այսպէս, տուեալ հարցին մէջ պէտք չէ մեղադրել Սահմանադրական խորհուրդը: Ընդհակառակն: Քանի որ իրականութեան մէջ ան հաստատեց, թէ արտայայտութեան ազատութիւնը չի փոփոխուիր ըստ քաղաքական տարբերութիւններու: Արդարեւ, աջը եւ ձախը անպայման տարբեր մօտեցումներ կ?ունենան պատմութիւնը կերտողներուն նկատմամբ: Եւ կրնանք ենթադրել, թէ արտայայտութեան ազատութեան տեսանկիւնէն որքան վտանգաւոր պիտի ըլլար, ըստ խորհրդարանական մեծամասնութեան, վիճարկել պատմական այս կամ այն իրողութեան մասին, երբ իրողութիւնն իսկ պիտի փոփոխուէր ըստ երեսփոխաններու եւ ծերակուտականներու զգայնութեան: Այդպէսով, արտայայտութեան ազատութիւնը պատանդը պիտի դառնար քաղաքական վիճարկումին, որուն պայմանն իսկ ըլլալու սահմանուած է: ՆՅ
  -   Յօդուածներ