Շարունակենք պայքարը հանուն հայության


Շարունակենք պայքարը հանուն հայության

  • 07-08-2012 12:00:04   | Հայաստան  |  Մամլո հաղորդագրություն

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի հայտարարությունը. 7 Օգոստոս 1982-ին իրագործուած «Կարին» (Էրզրում) պատմական գործողութեամբ խորհրդանշուող Նորագոյն Զինեալ Ազատագրական Պայքարի Նահատակներու Օր-ուայ 30-ամեակին առիթով կը խոնարհինք Պայքարի բոլոր նահատակներու, մասնաւորաբար` գործողութիւնն յաջողութեամբ իրականացուցած հերոս նահատակներ Զօհրապ Սարգիսեանի ու Լեւոն Էքմէքճեանի թանկագին յիշատակին առջեւ ու խորազգաց կերպով կը ցաւակցինք անոնց մեծարգոյ ծնողներուն, հարազատներուն եւ համայն պայքարող ու չընկրկող Հայութեան` կիսելով նաեւ անոնց արդար հպարտութիւնը: Միտքը ինքնին ի զօրու չէ կացութիւններ յեղաշրջելու, պատմութեան ուղի փոխելու, իրերու զարգացում պարտադրելու, եթէ բացակային յանձնառու բազուկը, հետեւողական աշխատանքն ու նուիրական գործը, որոնք կը մարմնաւորեն ու իրողութեան կը վերածեն մտայղացումն ու ծրագիրը: Հետեւաբար, Ազատագրական Պայքարի իւրաքանչիւր ծրագիր, որքան ալ այդ ծրագիրն ըլլար անթերի, մշակուած ու կատարեալ, անկարող պիտի ըլլար կացութիւններ յեղափոխել, ոյժերու յարաբերակցութիւն պարտադրել, եթէ չըլլար այդ ծրագիրներն իրականութեան վերածող անկոտրում եւ անսպառ հաւատքով լիցքաւորուած նուիրեալներու հոյլ մը, անձնուրաց եւ իրենց հետապնդած նպատակի արդարութեան ամբողջապէս համոզուած հայորդիներու բանակ մը: Սփիւռքի ծնունդ այս լաւագոյն նուիրեալները - որոնց մեծ մասը իրենց հայրենի երկիրն ու հողը չտեսած, ինքզինքը զոհաբերեց յանուն Հայաստանի - յաջողեցան ամբողջովին անտեսման ենթարկուած ու մոռացութեան մատնուած Հայկական Հարցը քաղաքական այժմէական հարցի վերածել: Մաքրելով տասնամեակներու մոռացութեան փոշին, անոնք բարեփոխեցին հայկական մտածելակերպը, անհետացուցին յուսահատութեան եւ օտարամոլութեան ախտն ու պարտուողական հոգեբանութիւնը` Հայութեան մօտ վերակենդանացնելով եւ արմատաւորելով զարթօնք, հպարտութիւն ու երբեմնի առասպելական ինքնավստահութիւնը, միասնութեան ձգտումն ու յաղթանակատենչ մարտունակութիւնը: Միմիայն գործով, ճակատագրական յանձնարարութիւններ ստանձնելով կրնային իրականանալ այս արմատական ու հսկայական փոփոխութիւնները եւ միմիայն գործով կարելի պիտի ըլլայ ընթանալ յայտարարուած ուղիով՝ մինչեւ մեր հետապնդած իրաւունքներու ամբողջական վերականգնումը: Ազգային ազատագրական պայքարը, որեւէ պայքար, անհնար է պատկերացնել առանց զոհողութեանց եւ կորուստներու: Ասիկա դառն, բայց տարրական ճշմարտութիւն է: «Կարին» (Էրզրում) փառապանծ գործողութեան 30-ամեակին առիթով, կը վերանորոգենք մեր անբեկանելի ուխտը՝ շարունակելու Սրբազան Պայքարը յանուն Հայութեան ոտնահարուած ազգային եւ մարդկային իրաւունքներու վերատիրացման` թշնամիները հարուածելով անխնայօրէն եւ ամէնուրեք` Հայկ Նահապետի բելասատակ նետուաղեղով ու Սասունցի Դաւիթի հզօրահօր եւ հատու թուրով: Բիւր յարգանք մեր թանկագին նահատակներու մշտակենդան յիշատակին:
  -   Մամլո հաղորդագրություն