Իսթանպուլի երեսփոխան Սէպահաթ Թունճէլ, ապտակ մը իջեցուց ոստիկանապետ Չէթինէրի երեսին


Իսթանպուլի երեսփոխան Սէպահաթ Թունճէլ, ապտակ մը իջեցուց ոստիկանապետ Չէթինէրի երեսին

  • 23-03-2011 18:16:29   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երկու օրէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ ամէն մարդ կը խօսի Շըրնաքի Սիլոփի գաւառակին մէջ Նեւրուզի տօնակատարութեան ընթացքին պատահած անախորժ դէպքի մը մասին։ Նեւրուզի տօնակատարութեան ընթացքին ոստիկանները որոշ չափով արգելք հանդիսացան ցուցարարներու անցքին, բախումներ պատահեցան ցուցարարներու ու ապահովութեան ուժերու միջեւ, ինչ որ զայրացուց երկու Պէ-Տէ-Փէցի երեսփոխանները, որոնցմէ մէկը, Պէնկի Եըլտըզ քարկոծեց ոստիկանները, միւսն ալ, Իսթանպուլի երեսփոխան Սէպահաթ Թունճէլ, ապտակ մը իջեցուց ոստիկանապետ Չէթինէրի երեսին։ Այս երկու պատահարներէն ամէնէն շատ ապտակի խնդիրն է որ յուզած է հանրային կարծիքը։ Երեսփոխան մը, որքան ալ պաշտպանուած ըլլայ անձեռնմխելիութեան իրաւունքով, իրաւունք ունի՞ ոստիկան ապտակելու, հարց կուտան իշխանութիւններն ու պետական ուժերը։ Վարչապետ Էրտողան երէկուան իր ելոյթներուն մէջ շատ խիստ լեզուով քննադատեց երեսփոխան Սէպահաթ Թունճէլը ու ըսաւ որ ասիկա ուղղակի իր չափը չգիտնալ է եւ անշուշտ այս ապտակին հաշիւը պիտի հարցուի օրէնքի սահմաններուն մէջ։ Անգարայի մէջ կառավարութեան ուրիշ անդամներ ու քաղաքական գործիչներ եւս դատապարտեցին ապտակի պատահարը։ Բոլորն ալ կը պնդէին որ երեսփոխանները որեւէ քաղաքացիէ աւելի առաջ պարտաւոր են յարգել պետութեան ներկայացուցիչները ու հսկել կարգապահութեան ու օրինաւորութեան վրայ։ Իսկ երեսփոխան Սէպահաթ Թունճէլ ինքզինք պաշտպանեց դիտել տալով որ սաստիկ զայրացած էր ոստիկաններու կողմէ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած խիստ վերաբերումին համար ու միջոց մը չկրցաւ զսպել իր զայրոյթը, բայց ան դատապարտեց ոստիկանները որոնք, հակառակ ազդարարութիւններու, ժողովուրդին վրայ կազ ու ճնշուած ջուր արձակեցին եւ քարկոծեցին ժողովուրդը։ Դատախազութիւնը հարցաքննութիւն պիտի կատարէ երեսփոխան Սէպահաթ Թունճէլի դէմ։ Ոստիկանապետ Չէթինէր ու Շըրնաքի Կուսակալ Վահտէթթին Էօզքան իրենց կարգին դիմում կատարեցին դատախազութեան ու գանգատեցան երեսփոխանէն։ Այս բոլորին դիմաց Տէ-Տէ-Փէի կուսակցապետ Սէլահատտին Տէմիրթաշ ջանաց կացութիւնը մեղմացնել ըսելով որ երանի թէ պատահած չըլլային այս դէպքերը որոնց մէջ Պէ-Տէ-Փէցի երեսփոխանները ստիպուեցան այս կերպ շարժելու։ Տիյարպաքըրի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Պէ-Տէ-Փէի կուսակցապետը իր կարգին քննադատեց Վարչապետը որ »չափը չգիտնալու յանցանք«ով մեղադրած էր երկու երեսփոխանները։ Տէմիրթաշ պնդեց որ ոստիկանները նկատի առնելու էին որ հոն երեսփոխաններ կային, ժողովուրդ կար, անոնց վրայ քար կամ կազ արձակելու չէին։ »Դուն ձայն պիտի չհանես կազ արձակողներուն մասին ու չափը չգիտնալով պիտի մեղադրես երեսփոխանը, ասիկա ուղղակի երկերեսութիւն ու անխղճութիւն է«, ըսաւ Տէմիրթաշ պաշտպանելով իր երկու երեսփոխանները։ Տէմիրթաշ պատմեց որ ինք բացատրութիւններ ուզած էր երեփոխաններէն, երեսփոխանները պատասխանած էին որ իրենք շատ աշխատած էին որպէսզի տարհամոզեն ոստիկանները։ Բայց հակառակ այս բոլորին, ոստիկանները շարունակ կը միջամտեն, Տիյարպաքըրի մէջ ուղղաթիռներէ կազ կ’արձակեն ժողովուրդին վրայ, կարծես թէ դիմացինը թշնամի ժողովուրդ մըն է։ Մենք մեծ ճիգ վատնեցինք որպէսզի Նեւրուզը տօնակատարուի ժողովրդավար կարգավիճակի մէջ, ըսաւ Տէմիրթաշ։ Լրատու գործակալութիւնները դիտել կուտան որ Քիւրտ երեսփոխանուհիի կողմէ ապտակուած ոստիկանապետն ալ քրտական ծագում ունեցող ընտանիքի զաւակ է։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը