Արեւմտեան Հայաստանի Գաղթական կառավարութիւն


Արեւմտեան Հայաստանի Գաղթական կառավարութիւն

  • 23-03-2011 15:33:57   | Կանադա  |  Յօդուածներ
Ռամկավար Մամուլ Մարտ 23, 2011 Որքան որ կրցած եմ հետեւիլ սփիւռքահայ մամուլին, այս նիւթին քննարկումը եւ իրագործելի նպատակի վերածելու գաղափարը շատ քիչերուն կողմէ արծարծուած է, որոնց մէջ ուշագրաւ կը մնայ մեթր Գասպար Տէրտէրեան, որ իրաւաբանի հմտութեամբ եւ միջազգային օրէնքի սահմանին մէջ, բերանացի եւ գրաւոր իր ելոյթներով մեծագոյն փողահարը հանդիսացած է իբրեւ Ցեղասպանութենէն ողջ մնացած հազուագիւտ վերապրողներու տաղանդաւոր եւ իրաւատէր զաւակ: Այս առթիւ կարելի չէ նաեւ մոռնալ` Հայաստանի ամէնէն խորատես եւ պատմութեան գիտակ դիւանագէտներէն Արա Պապեանը, որ հայկական հարցին մասին միջազգային դաշինքներու քննարկումով երեւան հանեց հայ ժողովուրդին պահանջքներուն արդարացիութիւնը եւ չգործադրուած դաշնագիրներու մինչեւ այսօր ի զօրու ըլլալը: Այժմ ուրախ լուր մը կու գայ Ռուսիոյ մեծաթիւ հայ գաղութէն, ուր տիրող ազգային մտահոգութեանց եւ ձգտումներուն բանբերը հանդիսանալով ,Երկրամասե թերթը կը գրէ. «Արեւմտեան Հայաստանի Հայոց Ազգային Խորհուրդը կը կազմէ Աքսորական Կառավարութիւն, հիմնուելով հետեւեալ միջազգային յանձնառութիւններուն վրայե. 1) Ռուսական կառավարութեան 1917 Դեկտեմբեր 29-ի որոշումը` որով կը ճանչցուէրԱրեւմտեան Հայաստանի անկախութիւնը: Այս որոշումը իբրեւ հրամանագիր հրատարակուեցաւ նաեւ ,Փրավտաեի 1917 Դեկտեմբեր 31-ի եւ 1918 Յունուար 13-ի թիւերուն մէջ: 2) 1918 Յունուար 2-ին ֆրանսական կառավարութիւնը ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը: 3) 1920 Օգոստոս 10-ին կնքուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը, որուն տակ ստորագրած է նաեւ Թուրքիան: Այս դաշնագրի լոյսին տակ է, որ Մ. Նահանգներու նախագահ Ուիլսընին իրաւասութիւն տրուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի սահմանները ճշդելու, որ ցարդ չէ գործադրուած եւ իր իրաւական ոյժը չէ կորսնցուցած: 4) 1960 Դեկտեմբեր 14-ին ՄԱԿ առաւ թիւ 15-14 որոշումը, ըստ որուն իրենց հայրենիքը կորսնցուցած ժողովուրդները անկախութիւն կրնան յայտարարել: 5) Ըստ ՄԱԿ-ի 13 ՍԵպտեմբեր 2007-ի յայտարարութեան, Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իբրեւ բնիկ ժողովուրդ ինքնավարութեան իրաւունք ունին: Այդ յայտարարութիւնը հետեւեալն է. «Բնիկ ժողովուրդները իրաւունք ունին ինքնավարութեան, որուն հիմամբ կ'որոշեն իրենց գոյավիճակը` ազատօրէն տիրանալով իրենց տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին: Արեւմտեան Հայաստանի Աքսորական Կառավարութիւնը կը յայտարարէ.- 1) Արեւմտեան Հայաստանի հայոց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կարելի է միայն Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան հսկողութեան տակ: 2) Աքսորեալ հայերու ժառանգորդները իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց նախահայրերուն հայրենիքը: 3) Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն եւ կառավարութիւններուն կոչ կ'ընէ ճանչնալու պատմական Արեւմտեան Հայաստանը` ինչպէս որ ճշդուած է նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւադատութեամբ եւ անոր սահմանները ընդունիլ իբրեւ անվիճելի իրականութիւն: 4) 1894-1923 տարիներուն Անատոլուի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ թրքական իշխանութեանց քանդումներն ու բռնագրաւումները եւ Ցեղասպանութեան պատճառով աքսորուած հայերու յափշտակուած ունեցուածքը պէտք է վերադարձուի Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան: Արեւմտեան Հայաստանի Աքսորական կառավարութեան կազմութիւնը հետեւանքն է նոյն այդ ժողովուրդին հայրենիքի կորուստին: Այս առնչութեամբ պէտք է ի մտի ունենալ. 1) Արեւմտեան Հայաստանի Աքսորական Կառավարութիւնը կազմեց Ազգային Խորհուրդը: 2) Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան անունով խօսելու եւ որոշումներ առնելու իրաւունքը միմիայն Արեւմտեան Հայաստանի Աքսորական Կառավարութեան կը պատկանի: 3) Աշխարհի մէջ բնակող Սփիւռքի հայերը իրաւասու են Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացի ըլլալ, Արեւմտեան Հայաստանի հովանիին տակ: 4) Ան կ'ապահովէ իր բոլոր քաղաքացիներուն ազատութիւնը եւ հաւասարութիւնը, անկախաբար անոնց հպատակութենէն, ծագումէն ու կրօնքէն: 5) Ան կ'երաշխաւորէ հանրային ապահովութիւնը եւ կառավարական կառոյցները: 6) Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը ենթակայ է միջազգային օրէնքի եւ յարաբերութիւններ կը մշակէ ուրիշ պետութիւններու եւ հաստատութիւններու հետ, որոնք առնչուած են միջազգային կազմակերպութիւններու գործունէութեան: Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը կառավարութիւնը կը լիազօրէ որդեգրելու միջազգային համաձայնութիւնները` վաւերացնելու համար հետեւեալները. ա) Հարստութիւն, կալուած, հանքեր, օդային միջոց, ջուր եւ այլ բնական աղբիւրներ, պատմական եւ մշակութային ժառանգներ, տնտեսական եւ մտաւորական կարողականութիւն (potential) կը պատկանին հայութեան: բ) Սեփականացումը եւ հարստութեանց տիրացումը ենթակայ են կառավարութեան օրէնքինգ գ) Ներկայիս թրքական իշխանութեան տակ գտնուող ոսկիի, ադամանդի պահեստները եւ օտար դրամանիշերը Արեւմտեան Հայաստանի ազգային հարստութիւնն են: 7) Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը իրեն ենթակայ երկրամասին մէջ կ'երաշխաւորէ խօսքի, խղճի եւ մամլոյ ազատութիւնը, օրէնքի հաւասարութիւնը, դատական եւ օրէնսդրական իշխանութիւններու անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ օրինական կառոյցներու եւ զինեալ ուժերուն ապաքաղաքականացումը: 8) Արեւմտեան Հայաստանի պաշտօնական լեզուն արեւմտահայերէնն է, միաժամանակ գործածելով արեւելահայերէնը: 9) Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ կարելի եղածին չափ շատ ճանչցնել Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ գործուած Ցեղասպանութիւնը: 10) Այս յայտարարութիւնը իբրեւ հիմք կը ծառայէ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն նշանակման եւ վաւերացումին, որոնք իրաւասու են որոշումներ առնելու միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ: Կոչ կ'ընենք Արեւմտահայութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Ջաւախքի եւ համայն աշխարհի տարածքին ապրող հայերուն, որ մասնակցին մեր կառավարութեան գործունէութեան` օգնելով իրենց գիտութեամբ, փորձառութեամբ եւ բոլոր կարողութիւններով: Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդ Երեւութապէս օդին մէջ շինուած դղեակի մը տպաւորութիւնը կրնայ թողուլ վերոյիշեալ գրութեան բովանդակութիւնը, սակայն աւելի ճիշդ է պատրաստ ըլլալ, եթէ յանկարծ իրականութիւն դառնայ նման հաւանական (եւ անհաւանական) մտածում մը: Կասկածէ վեր է, որ Սփիւռքի Աքսորական Կառավարութեան մը կազմութիւնը ճիշդ մտածում մըն է, բայց անհրաժեշտաբար կուսակցականութենէ զերծ` համազգային տարազով: ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ Մոնթրէալ, Գանատա
  -   Յօդուածներ