Ռուսաստանի ղեկավարի մերձաւոր շրջապատէն ներս կան արժանի հայեր


Ռուսաստանի ղեկավարի մերձաւոր շրջապատէն ներս կան արժանի հայեր

  • 22-03-2011 16:14:12   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Մոսկուան միջազգային ելմտական կեդրոն դարձնելու մասին Ռուսաստանի Նախագահ Տմիթրի Մէտվէտեւի մտայղացումը կը թեւակոխէ իրագործման փուլէ ներս։ Հրապարակուեցան անունները 27 անձերու, որոնք խորհրդատուի կարգավիճակով պիտի օգնեն երկրի ղեկավարին՝ 10 միլիառ տոլար կազմող ներդրումային հիմնադրամը կառավարելու գործին մէջ։ Այդ գումարը նախատեսուած է Ռուսաստանի տնտեսութիւնը արդիականացնելու ծրագրի շրջագծով բարձր թէքնիքագիտութեան ճիւղերը զարգացնելու համար։ Խորհրդատուներու խումբը իր կազմով միջազգային է եւ անոր մաս կը կազմեն հանրայայտ դրամատնային խումբերու, ներդրումային ընկերութիւններու ղեկավարներ, տնտեսագէտներ, ելմտագէտներ, եւլն.։ Հրաւիրեալներու կարգին են օրինակ »Մորկըն Սթանլէյ«ի վարչութեան նախագահ Ճոն Մաք, »Տոյչէ Պանք«ի ղեկավար Եոզէֆ Աքէրման, Սիթիկրուփ-ի ղեկավար Վիքրամ Փանտիթ եւ ուրիշներ։ Ցանկի մէջ ներկայացուած 27 անձերէն միայն 8ը ռուսաստանցիներ են։ Հաճելի է արձանագրել նաեւ որ անոնցմէ երկուքը հայեր են։ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ ծանօթ անուն է գործարար, ելմտագէտ »Թրոյկա Տիալոկ« ներդրումային ընկերութիւններու խումբի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ, Մոսկուայի »Սքոլքովօ« կառավարման դպրոցի նախագահ՝ Ռուբէն Վարդանեանը։ Յայտնի է նաեւ որ Ռուբէն Վարդանեան բարեգործարական ծրագիրներ կ’իրականացնէ Հայաստանի մէջ եւ ինչպէս ընդունուած է ըսել ամուր թելերով կապուած է իր ծննդավայր Երեւանին, Հայաստանին։ Թերեւս նուազ ծանօթ է խումբի միւս հայազգի անդամը՝ խորհրդային յայտնի տնտեսագէտ Աբէլ Աղանբէկեանի որդին, Ռուբէն Աղանբէկեան։ Ան ծնած է 1972ին, Նովոսիպիրսքի մէջ, աւարտած է Մոսկուայի պետական իրաւաբանական ակադեմիան։ Նախապէս »Թրոյկա Տիալոկ«ի մէջ համագործակցած է Ռուբէն Վարդանեանի հետ։ Ներկայիս որպէս հեղինակաւոր ելմտագէտ կը գլխաւորէ Ռուսաստանի, ԱՊՀ երկիրներու եւ Արեւելեան Եւրոպայի դրամական մեծագոյն սակարաններէն մէկը։ Հոս ամէն օր աճուրդի կը հանուին արժեթուղթեր ունեցող մօտաւորապէս 700 հաստատութիւններ՝ 300 միլիառ տոլար հասարակաց դրամագլուխով։ Անոնց միջեւ կարելի է նշել զանազան բնագաւառներու ռուսաստանեան յայտնի ընկերութիւններ՝ »ԿազՓրոմ«, »ՌոսԹէլէքոմ«, »Սպէրպանք«, »Լուքոյլ«, եւ ուրիշներ։ Յայտնի չէ թէ Ռուբէն Աղանբէկեան իր հօր կամ Ռուբէն Վարդանեանի պէս որքանո՞վ կապուած է Հայաստանին, այնուհանդերձ նշանակալից իրողութիւն է որ աշխարհի մեծագոյն տէրութիւններու մէկու ղեկավարի մերձաւոր շրջապատէն ներս կան արժանի հայեր, այս պարագային երկու Ռուբէններ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը