Ամերիկայի մէջ Թուրքերու դէմ անախորժ ու վանողական պատկեր մը ստեղծուած է հինէն ի վեր


Ամերիկայի մէջ Թուրքերու դէմ անախորժ ու վանողական պատկեր մը ստեղծուած է հինէն ի վեր

  • 21-03-2011 17:18:21   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ամերիկացի պատմաբան Ճասթին Մաք Քարթի որ հինէն ի վեր հայկական հարցի մէջ պաշտպան կը կանգնի Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտներուն, Ամերիկայի մէջ Թուրք-Ամերիկեան Միութիւններու կողմէ կազմակերպուած համագումարի մը մասնակցեցաւ ու իր ելոյթին մէջ բացատրեց թէ Ամերիկայի մէջ Թուրքերու դէմ անախորժ ու վանողական պատկեր մը ստեղծուած է հինէն ի վեր, Ամերիկացիները Թուրքը կը նկատեն սարսափազդու, կոպիտ ու ոճրագործ մարդ։ Ամերիկացիներու մօտ Թուրքերու մասին այս ժխտական պատկերը ատենօք ստեղծուեցաւ Ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ, որոնք Ամերիկայի մէջ Թուրքերը ծանօթացուցին ժխտական գիծերով, լայնօրէն օգտագործելով նաեւ հայոց տեղահանութեան հարցը։ Ամերիկայի դպրոցներուն մէջ գործածուած դասագիրքերը միշտ Թուրքը ցոյց կուտան որպէս յանցագործ սարսափազդու մարդ, վտանգաւոր ու կոպիտ, խոշոր պեխերով, մէջքին վրայ դաշոյնով, ու ֆէսով։ Ինք որու հետ որ խօսած է Ամերիկայի մէջ, բոլորն ալ իրեն ըսած են որ ամէն մարդ գիտէ թէ Թուրքերը գործած են հայոց ցեղասպանութիւն։ Ո՛չ մէկը հաւատք կ’ընծայէ երբ ինք պատմական տուեալներ ներկայացնելով կ’ուզէ փաստել որ ցեղասպանութիւն չէ կատարուած։ Թուրքերը մինչեւ այսօր չկրցան ջնջել իրենց այս ժխտական պատկերը, լուրջ գործեր չկրցան հրատարակել, չկրցան ցոյց տալ թէ իրենք այդ սարսափազդու մարդիկը չեն, թէ իրենց մասին սխալ պատկեր մը ստեղծուած է։ Աւելին՝ Թուրքերը այս պատկերը չեն ալ ընդունած, այդ պատկերը չգիտնալ ձեւացուցած են։ Մաք Քարթիի յանձնարարութիւնն այն է որ Թուրքերը նախ պէտք է ընդունին իրենց մասին տարածուած այս ժխտական պատկերը, ապա պէտք է պայքարին անոր դէմ։ Թուրքերը պէտք է ընդունին նաեւ որ կարգ մը սխալներ գործուեցան պատերազմի այդ օրերուն, մահերը միայն մէկ կողմէն չէ որ պատահեցան։ Մաք Քարթի ուզած է որ հայկական տեսակէտները ջրելու խնդրին մէջ Թուրքերը համեստ դիրք չգրաւեն, իրենց գաղափարները համարձակօրէն պաշտպանեն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը