Ի՞ՆՉԵՐ ՊԱՀՈՒԸՏԱԾ ԵՆ ԱԼԻԵՒԻ ՓԱՐԻԶԵԱՆ «ԱՆՄԵՂ» ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՏԻՆ


Ի՞ՆՉԵՐ ՊԱՀՈՒԸՏԱԾ ԵՆ ԱԼԻԵՒԻ ՓԱՐԻԶԵԱՆ «ԱՆՄԵՂ» ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՏԻՆ

  • 20-09-2012 08:14:04   |   |  Յօդուածներ

Ազէրպայճանի «ներողամիտ» բռնատիրոջ՝ Փարիզ այցելութեան որպէս պաշտօնական դրդապատճառ յայտարարուեցաւ Իսլամական արուեստին նուիրուած Լուվրի ցուցահանդէսին բացումին իր մասնակցութիւնը: Բայց ըստ երեւոյթին, ատիկա պարզապէս քօղ մըն էր՝ նուազ անմեղ դրդապատճառներ ծածկելու համար: Արդարեւ, յատուկ անձերու հասցէագրուած հրաւիրագրի մը բովանդակութենէն յայտնաբերեցինք, որ Ալիեւ Սեպտեմբեր 19ին խիստ գաղտնի հանդիպումի մը հրաւիրուած է: Այնքան գաղտնի, որ վայրը չէ նշուած հրաւիրագրին մէջ: Հրաւիրողն է Ֆրանսական գործատիրութեան՝ ՄԵՏԷՖ-ի միջազգային ճիւղը, որուն նախագահն է Պ. Քրիսթիան Մոնս: Այս պարոնը, Ֆրանս-Ազէրպայճան գործարարներու խմբաւորման խորհուրդի նախագահ ըլլալէ զատ, GICAT-ի (Ֆրանսական ռազմական ցամաքային սարքերու ճարտարարուեստի արհեստավարժներու արհմիութեան) նախագահն է, նաեւ նախագահ-տնօրէնը՝ Panhard General Defense ընկերութեան: «Փանհարտ» այն մակնիշն է, որ ատենին կ?արտադրէր նոյնանուն առասպելական ծանօթ կառքերը. ան ներկայիս իր գործունէութիւնը փոխած է եւ կ?արտադրէ ռազմական զրահապատ տոկուն կառքեր: Քրիսթիան Մոնս հաւանաբար ղազախական եւ ուզպէքական շուկաներէն յուսախաբ եղած՝ ներկայիս իր ակնարկը ուղղած է դէպի ազէրպայճանական շուկան: Յայտնապէս կը յուսայ քանի մը ապսպրանք ձեռք ձգել Ալիեւէն, ինչ որ իր ղեկավարած հաստատութեան վարկին բարձրացման պիտի նպաստէ՝ հաւանական գնորդներու առջեւ: Արդարեւ, Մոնս կը փափաքի վաճառել իր ընկերութիւնը, Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարարին ալ նեցուկով (ինչպէս կը վկայեն google-ի լուրերը): Ֆրանսա, որ Մինսքի խումբին համանախագահներէն է, այս ձեւով մասնակցած կ?ըլլայ Ազէրպայճանի գեր-սպառազինման: Որքա՜ն հակասութիւն…: ՆՅ
  -   Յօդուածներ