Ատրպէյճան կը սպառնայ հարուածներ հասցնել Ղարապաղ թռչող օդանաւերուն


Ատրպէյճան կը սպառնայ հարուածներ հասցնել Ղարապաղ թռչող օդանաւերուն

  • 17-03-2011 18:28:41   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ատրպէյճանի քաղաքացիական թռիչքներու պետական վարչութեան ղեկավար Արիֆ Մամէտով երէկ յայտարարեց թէ Ատրպէյճան կը սպառնայ հարուածներ հասցնել Ղարապաղ թռչող օդանաւերուն, եթէ Ղարապաղի իշխանութիւնները վերաբանան Ստեփանակերտի օդակայանը։ »Ղարապաղի օդային տարածքը կը գտնուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններու տնօրինութեան ներքեւ, այդ տարածքը փակ է եւ համաձայն թռիչքներու մասին օրէնքին, մենք կրնանք հարուածել այն օդանաւերը, որոնք այդ տարածքաշրջան պիտի ուղեւորուին«, յայտարարեց Մամէտով։ Իր խօսքերով, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները տեղեկութիւններ ստացած են Ստեփանակերտի մէջ վերակառուցուած օդակայանին մասին եւ այժմ նախազգուշական միջոցներու կը դիմեն։ »Մենք անցեալ տարուայ Հոկտեմբերին Քաղաքացիական Թռիչքներու միջազգային կազմակերպութեան տեղեկացուցինք որ դէպի Ստեփանակերտ գացող ամէն թռիչք ապօրէն է եւ մենք իրաւասու ենք ոչնչացնելու այդ օդանաւերը«, նշեց բանախօսը։ Ըստ Մամէտովին, միջազգային կազմակերպութիւնը Պաքուի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է »ջանքեր գործադրել հաւանական ժխտական միջադէպերէ խուսափելու համար«։ »Որպէս պատասխան մենք երկրորդ նամակ մը եւս ղրկեցինք եւ խորհուրդ տուինք որ Հայաստան իրազեկ պահուի ժխտական զարգացումներէն«, դիտել տուաւ ազերի պաշտօնեան եւ աւելցուց որ այդ նամակը հասած է հայկական իշխանութիւններու ձեռքը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը