Ուսամէի սպանութէան դէմ վրիժառութէան առաջին արարք


Ուսամէի սպանութէան դէմ վրիժառութէան առաջին արարք

  • 14-05-2011 08:03:07   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Էլ Քաիտէ կազմակերպութիւնը ծանր հարուած իջեցուց Փաքիստանի։ Այս կազմակերպութիւնը Փաքիստանի Հիւսիս-արեւմտէան շրջանի Շապքատար քաղաքին մէջ ոստիկանական ակադեմիայի մը դէմ իրականացուց անձնասպանութէան եարձակում մը, որուն զոհ գացին 68 ակադեմականներ։ Անձնասպանութէան երկու պայթումներ իրականացան ակադեմիոյ մուտքի դրան առջեւ։ Սպաննուածներուն մեծ մասը ակադեմիոյ մէջ ուսում ստացողներ էին։ Իշխանութիւնները հաղորդեցին որ մեռէալներու թիւը կրնայ բարձրանալ։ Մեծ թիւով վիրաւորէալներ ալ կան։ Այս եարձակումը նկատուեցաւ Էլ Քաիտէի կ'ողմէ կատարուած եարձակում մը, որ Ուսամէ Պին Լատինի սպանութէան հետ կապուած վրիժառութէան արարք է։ Էլ Քաիտէի անունով Թալիպան կազմակերպութիւնը արդարեւ հրապարակեց թէ ասիկայ 2 Մայիսին Ամերիկացի զինուորներու կ'ողմէ Ապոթապատ քաղաքին մէջ սպաննուած Ուսամէ Պին Լատինի համար վրիժառութէան արարք մըն է։ Թալիպանը այս եայտարարութենէն վերջ Ֆրանսական Լրատու Գործակալութէան հաղորդեց թէ նմանօրինակ եարձակումները պիտի շարունակուին։ Թալիպանի խօսնակ Էհսանուլլահ Էհսան, հաստատելով թէ ասիկայ Ուսամէի սպանութէան դէմ առաջին վրիժառական արարք մըն է, ըսաւ որ ասոր պիտի եաջորդեն ուրիշներ, շատ աւելի մեծ եարձակումներ՝ Աֆղանստանի ու Փաքիստանի մէջ։ Լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդեն թէ այն պահուն երբ պայթումները պատահեցան, ակադեմիոյ ուսանողները դէպի իրենց հանրաշարժերը կ’երթային, մեկնելու համար տասը օրուան արձակուրդի մը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը