Դատարանը 1.3 տարուայ բանտարկութեան դատապարտեց գրող Մէհմէտ Կիւլէրը


Դատարանը 1.3 տարուայ բանտարկութեան դատապարտեց գրող Մէհմէտ Կիւլէրը

  • 12-03-2011 12:47:51   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Դատարանը 1.3 տարուայ բանտարկութեան դատապարտեց գրող Մէհմէտ Կիւլէրը քիւրտերու մասին հրատարակած գիրքի մը համար։ Դրամական տուգանքի ենթարկուեցաւ նաեւ Րակըպ Զարաքօլու որու հրատարակչատունէն լոյս տեսած էր Կիւլէրի գիրքը։ Զարաքօլու դատարանի վճիռով 10 հազար եւրօ տուգանք պիտի վճարէ։ Զարաքօլու եւ Կիւլէր կը դատուին անցեալ Սեպտեմբերէն ի վեր եւ անհիմն կը նկատեն իրենց դէմ կատարուած այն ամբաստանութիւնները, թէ ՓՔՔի ի նպաստ քարոզչութիւն կատարած են։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ Մայիսին հրատարակուած գիրքը իշխանութիւններու կողմէ անմիջապէս արգիլուեցաւ եւ գրաւուեցաւ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը