Թուրք Օդային Գիծերու վարչութիւնը միջազգային գետնի վրայ նոր ոստումներ կը կատարէ


Թուրք Օդային Գիծերու վարչութիւնը միջազգային գետնի վրայ նոր ոստումներ կը կատարէ

  • 10-03-2011 18:46:34   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Թուրք Օդային Գիծերու վարչութիւնը վերջերս միջազգային գետնի վրայ նոր ոստումներ կը կատարէ ու Թուրք Օդային Գիծերու սպասարկութեան համբաւը կը տարածէ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ինչպէս յայտնի կը դառնայ հրատարակուած ծանուցումներէն, Թուրք Օդային Գիծերու Սպասարկութիւնը 5 տարուան համար մեկենաս դարձաւ Եւրոպայի պասքէթպոլի խումբի մը, հովանաւորութեան տակ առաւ ֆութպոլի ակումբներ, ինչպէս Պարսէլոնա, Մանչէսթըր Եունայթըտ, եւայլն։ Թուրք Օդային Գիծերու վարչութեան Նախագահ Համտի Թօփճու պատրաստ է նոր ոստումներ արձանագրելու։ Երէկ »Հիւրրիյէթ«ի թղթակիցը Լոս Անճէլըսէն կը հաղորդէր թէ Թուրք Օդային Գիծերու վարչութիւնը հիմա կը ջանայ սիրաշահիլ նաեւ Սփիւռքահայերը ու առիթներ ստեղծել որպէսզի անոնք այցելեն իրենց պապերուն ծննդավայրերը։ Համտի Թօփճու, որ հանդիպումներ ունեցեր է Լոս Անճէլըսի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու տնօրէններուն հետ, սապէս խօսած է. »Այստեղ հայ բնակչութեան մեծ մասը Հայաստանէն հոս գաղթած է, անոնք կ’ուզեն իրենց մեծ հայրերուն ապրած հողամասերը տեսնել, մենք ալ կը ջանանք անոնց համար կազմակերպել Իսթանպուլի վրայէն շրջանցող զբօսապտոյտներ դէպի անոնց պապերուն ծննդավայրերը«։ Համտի Թօփճու ըսած է որ իրենք տակաւին թռիչքներ չեն կրնար կազմակերպել Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ, որովհետեւ Թուրք Օդային Գիծերու սպասարկութիւնը պարտաւոր է հետեւիլ Թուրքիոյ պաշտօնական քաղաքականութեան։ Բայց իրենք կը մտածեն գրասենեակ մը բանալ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ։ Լոս Անճէլըսէն կազմակերպուած շաբաթական չորս թռիչքները պիտի ջանան յարմարցնել Իսթանպուլ-Երեւանի միջեւ ներկայիս շարունակուող չարթըրի թռիչքներուն։ Եթէ այս բոլորը իրականանան, երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան նոր քայլեր առնուած պիտի ըլլան։ Համտի Թօփճու այն կարծիքն ունի որ որեւէ հայ, որ անգամ մը պիտի թռի Թուրք Օդային Գիծերով կամ գիշեր մը պիտի մնայ Իսթանպուլի մէջ, Թուրքիոյ թուրք մարդոց պիտի սկսի նայիլ տարբեր ակնարկով մը։ Թուրք Օդային Գիծերը Լոս Անճէլըս պիտի փոխադրէ նաեւ ճերմակ պանիր, որ շատ կը փնտռուի Լոս Անճէլըսաբնակ հայերու կողմէ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը