Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն միջեւ փոխ յարաբերութիւնները օր ըստ օրէ աւելի կը զարգանան


Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն միջեւ փոխ յարաբերութիւնները օր ըստ օրէ աւելի կը զարգանան

  • 09-03-2011 15:48:55   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Ռամկավար Մամուլ Մարտ 9, 2011 Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն միջեւ փոխ յարաբերութիւնները օր ըստ օրէ աւելի կը զարգանան, հակառակ երկու պետութիւններու պաշտօնական յարաբերութիւններուն սահմանափակութեան: Փոխ յարաբերութիւնները կը կայանան Հայաստանէն դէպի Թուրքիա արտագաղթած հայերու զանգուածներու շարժումով եւ թրքական ապրանքներու Հայաստանի շուկաներու մէջ ներխուժումով: Թրքահայ Օրդ. Ալին Օզինեան, քարտուղարուհին է ,Թուրք-հայկական առեւտրական զարգացման յանձնախումբինե, Թուրքիոյ մէջ, (TABDC), եւ իր աշխատանքային գծով կատարած ճամբորդութիւններու ընթացքին, յաճախ դէմ յանդիման կու գայ հայրենիքէն արտագաղթած հայերու, որոնք Թուրքիոյ մէջ կը գտնուին անօրէն կեցութեան կարգավիճակով: Իր կարծիքով, երկու երկիրներու քաղաքացիական համայնքները արդէն իսկ սկսած են փոխադարձ կապերու ստեղծել: Օրդ. Օզինեանի հետախուզութիւնները կեդրոնացած են Անգարայի, Իսթանպուլի, Տրապիզոնի եւ Անթալիայի շրջաններուն մէջ, ուր զգալի է հայրենիքէն արտագաղթած հայերու ներկայութիւնը: Ալին Օզինեան Երբ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական հետաքրքրութիւնը չէ կեդրոնացած Հայաստանեան կամ հայկական հարցերու վրայ, գաղթական այդ հայերու պարագաները ուշադրութեան առարկայ չեն դառնար: Թրքական իշխանութիւններու կողմէ արտաքսման սպառնական յայտարարութիւններ կ’ըլլան միայն աԲյն ժամանակ երբ սահմանային, փրոթոքոլներու եւ Ցեղասպանութեան հարցեր ծագին Հայաստանի կամ Սփիւռքի հետ: Հայ գաղթական բնակչութիւնը կ’ապրի ընդհանրապէս ընդյատակեայ, հեռու ակներեւ երեւոյթներէ, իսկ Հայաստանէն արտագաղթողներուն հետ հոն ժամանած զաւակները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ծնածները, զրկուած կը մնան ուսումէ եւ հայեցի կրթութիւնէ: Սակայն կան նուիրեալ եւ խղճամիտ անձիք, որոնք իրենց ժամանակը կը տրամադրեն գաղտնօրէն ուսուցանելու այն հայ երեխաները որոնք կարելիութիւնը չունին պետական կամ հայկական վարժարաններ յաճախելու, որովհետեւ օրինաւոր կեցութեան փաստաթուղթեր չունին: Թրքական կառավարութիւնը կ’օգտագործէ այս կացութիւնը ի շահ իր միջազգային քաղաքականութեան, աշխարհին ցոյց տալու համար իր բարեացակամութիւնը եւ գուրգուրանքը այսպիսի ,անտէր մնացածե ժողովուրդի մը, որ - ակամայ - թրքական արտաքին քաղաքականութեան գործիք դարձած է: Թուրքիոյ վարչապետ Ռէճիպ Էրտողան յայտարարած է թէ ներկայիս, անօրէն կեցութեամբ, 100,000 հայեր կապրին Թուրքիոյ մէջ: Տեղեկութիւնը, ըստ օրինական տուեալներու չափազանցուած է - գիտացօրէն կամ ոչ, որովհետեւ ըստ պետական աղբիւրներու, 2000-2008 տարիներուն Թուրքիա մուտք գործած են 6000 հայեր, եւ մինչեւ 2010 թուականը այդ թիւը բարձրացած է 8000-10000-ի, եւ ոչ թէ 100,000-ի, չմոռնալով յիշել թէ 70,000 Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներ ալ արդէն կը բնակին Թուրքիոյ մէջ: Օրդ. Օզինեան կը ջանայ դրամահաւաք մը կազմակերպել, Թուրքիոյ մէջ անօրէն կեցութեամբ բնակող գաղթական հայերու կեանքին եւ ապրելակերպին առնչուող փաստագրական ժապաւէն մը պատրաստելու համար: ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Լոս Անճելըս
  -   Յօդուածներ