Մարտի 8` Կանանց միջազգային օր. Լռելն այս պարագայում ոսկի չէ, անգամ հանցանք է


Մարտի 8` Կանանց միջազգային օր. Լռելն այս պարագայում ոսկի չէ, անգամ հանցանք է

  • 08-03-2011 16:12:23   | Հայաստան  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Կանանց մարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման համար մղուած պայքարը հարիւր տարեկան է թէեւ, բայց դեռ երկար ճամբայ ունի կտրելիք։ Բարեբախտաբար նիւթը հրապարակ կը նետուի շռայլօրէն։ Համացանցը իր նմանը չունի իրականութիւնները մերկացնելու դաժան գործին մէջ։ Կիներու հանդէպ եղած բռնութիւններուն գաղտնի արձանագրուած տեսահոլովակները դրուելով you tube-ին վրայ, ընդվզումի անյաղթահարելի զգացումներ կը ծնին մարդուն մէջ։ Քարկոծուող կին - մայրեր, մտրակահարուող երիտասարդուհիներ, արժանապատւութենէ պարպուած՝ անասուններու պէս ցաւէն գետինը գալարուող աղաչական մարդկային խլեակներ կը փոթորկեն մեր հոգիները։ Եւ հաւատացէք, այս պարագաներուն մէջ, աշխարհի բոլոր կիները մէկ ազգի կը վերածուին զօրավիգ կանգնելու համար իրարու։ Կանացի իրաւունքներու պայքարը քարի մը պէս լերան գագաթէն սկսած է գլորիլ, ու մինչեւ հասնի ստորոտ, կրնայ դղրդացնել այդ լեռը։ Անտարբեր չէ աշխարհը. նոյնիսկ քաղաքականութիւնը սկսած է շահագործել զայն այլեւայլ հաշիւներով։ Բայց, կիներու հանդէպ անիրաւութիւնները նորութիւն չեն։ Պարզապէս քսանմէկերորդ դարը իր խօսքը կ'ըսէ բռունցքը սեղանին զարնելով։ Աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ արբեր պատկեր կը ներկայացնէ կնոջ իրաւունքի պատմութիւնը։ Մեզի համար յետամնաց նկատուող կարգ մը երկիրներու մէջ, կնոջ ընկերային հաւասարութիւններուն մասին խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ։ Կինը՝ իբրեւ չարութեան աղբիւր, տղամարդը մոլորեցնող գեղեցիկ սատանայ եւ շեղեցնող փորձութիւն, արժանի է անէծքի ու արգահատանքի։ Միւս կողմէն, արեւմտեան իբրեւ թէ յառաջացեալ երկիրներու մէջ ալ, մարդու ազատութեան գաղափարը ցարդ չէ լուծած սեռերու հաւասարութեան հարցը ու կանացի իրաւունքները յաճախ կը ներկայանան սանձարձակութեան հետ թեւանցուկ, անոր կռթնած։ Հակառակ ծայրայեղութեամբ, յաճախ դերերու փոխանակութեամբ կը փորձուի ծածկել գոյատեւող անհաւասարութիւնը։ Բայց ամենէն գէշը, նոյնիսկ «ազատագրուած» երկիրներու մէջ կանացի մարմինը առուծախի ապրանք է եւ շուկային վրայ բարձր է անոր գինը։ Երկար եւ փշոտ է կնոջ ազատագրութեան ճամբան։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը միայն 1977ին պաշտօնականացուց Մարտ 8ը իբրեւ Կանանց Միջազգային Օր։ Այս տարի, Մարտ 8ի օրուան նիւթ ընտրուած է «Կրթութեան, վերապատրաստութեան, գիտութեան եւ թէքնոլոժիի հաւասար իրաւունք. դէպի կիներու արժանավայել աշխատանք»: Հայոց մօտ, լռելը ոսկի է։ Ժողովրդային դարաւոր իմաստութիւնը այս սորվեցուցած է մանաւանդ կիներուն։ Անցեալը ծանր է յիշատակներով։ Կը բաւէ որ կարդանք Պերճ Պռօշեան կամ Նար Դոս, Րաֆֆի կամ Սրբուհի Տիւսաբ (19րդ դարու գրողներ), որպէսզի հասկնանք թէ ինչպիսի արմատներ ունի մեր այսօրուան ընկերային կեանքը։ Սփիւռքը կը կրէ իր ապրած երկրին ազդեցութիւնը բնականաբար, ու կը հեռանայ աւանդութեան խստապահանջ պարտադրանքներէն, կամ կը փորձէ քայլ պահել զինք շրջապատող աշխարհին հետ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. 2010ը հռչակած էր Հայ Կնոջ Տարի։ Բայց Հայաստանի մէջ 20ամեայ Զարուհի Պետրոսեան մը իր ամուսնոյն եւ կեսրոջ ծեծին տակ կրնայ հոգին աւանդել։ Անցեալ Նոյեմբեր 25ին էր տակաւին, երբ, կանանց նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարի միջազգային օրը, հանրային կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ Հայաստանի կանայք փողոց իջան բողոքելու լռութեան դէմ, զոր նկատեցին նման դէպքերու պատասխանատու։ Հայաստանի ընկերութիւնը կը կազմակերպուի։ Ստեղծուած են կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան կեդրոններ, ուր կրնան դիմել բռնութեան ենթարկուած կանայք, Կանանց Ռեսուրսային Կեդրոնը ունի իր մասնաճիւղը Երեւանի մէջ եւ կը հրատարակէ «Ֆեմինիստ» պարբերաթերթը։ Այս ամիս, նոյն կեդրոնի հովանաւորութեամբ պիտի բեմադրուի բաւական խնդրայարոյց նիւթ եւ խորագիր ունեցող «Հեշտոցային Մենախօսութիւն» թատերախաղը, գրուած 1996ին ամերիկացի ֆեմինիսթ Էվ Էնսլէրի կողմէ։ Այս թատերախաղը արդէն բեմադրուած է տարբեր երկիրներու մէջ եւ աղմուկ բարձրացուցած, քանի այնտեղ կին տիպարները բացէ ի բաց կը խօսին զիրենք յուզող սեռային հարցերու մասին։ Սկսած է դաստիարակչական արշաւ։ Ամեն ջանք կը թափուի որ հայ կինը դուրս գայ իր դարաւոր լռութենէն եւ պահանջէ իր մարդկային իրաւունքները, գրաւելու համար ընկերութեան մէջ իր արժանի տեղը։ ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ 2011, Մարտ 8
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը