Կը լէնտէյլի բնակչուհի Ատրինէ Արզումանէան սպաննուած է իր զարմիկի կ'ողմէ


Կը լէնտէյլի բնակչուհի Ատրինէ Արզումանէան սպաննուած է իր զարմիկի կ'ողմէ

  • 12-05-2011 18:02:50   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Լոս Անճէլըսի ոստիկանութիւնը երեւան հանեց Կը լէնտէյլի թիւ 210 մայրուղիի վրայ տեղի ունեցած սպանութէան ոճրագործը։ Կը լէնտէյլի բնակչուհի, 33ամէայ Ատրինէ Արզումանէան սպաննուած եւ այդ մայրուղիի վրայ դուրս նետուած էր ինքնաշարժէ մը։ Եայտնի դարձաւ որ մարդասպանը զոհի զարմիկն է՝ 27ամէայ Արամ Սարուխանէան, որու դէմ արդէն սպանութէան մեղադրանք ներկայացուած է։ Արամ Սարուխանէան իր զարմիկը սպաննելէ ետք Կլէնտէյլ ուղղուած է, սակայն կանգ առած՝ Մաունթին սթրիթի մօտ։ Ան եւս հրազէնային վնասուածք ստացած էր եւ ոստիկանները զայն ձերբակալելէ ետք փոխադրած էին Փասատինայի հիւանդանոցներէն մէկը։ Ոստիկաններու խօսքերով, ան հաւանաբար փորձած էր անձնասպան ըլլալ։ Սարուխանէան, որ Թուխանկայ քաղաքի բնակիչ է, հիւանդանոցի մէջ կը գտնուէր ոստիկաններու հսկողութէան տակ, իսկ դարմանումէն ետք ձերբակալուած էր։ Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ հետաքննութիւնը՝ սպանութէան դրդապատճառները պարզելու համար։ ...
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը