Հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան սփիւռքեան ճակատ


Հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան սփիւռքեան ճակատ

  • 02-03-2011 09:57:57   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան սփիւռքեան ճակատին մասին անդրադարձած ենք անցեալին: Քաղաքական ու քարոզչական գործունէութեան անօրինակ աշխուժացման փաստերը՝ ատրպեճանական սփիւռքին կողմէ՝ վերջերս ակներեւ դարձած են: Այս աշխուժացման իբրեւ նորագոյն դրսեւորում, թրքական սփիւռքի ամբողջական նեցուկով հզօրացած ու ատրպեճանական պետական միջոցներով հովանաւորուած ազերի սփիւռքը, իւրայատուկ կազմակերպուածութեամբ հանդէս եկաւ աշխարհի կարեւոր մայրաքաղաքներուն մէջ, «հայերու կողմէ գործադրուած Խոջալուի ջարդեր»ու տարելիցի ոգեկոչման կարգախօսներով: Սումգայիթի մէջ հայերու սպանդը կազմակերպող պետութիւնը, իր ոճիրը թաքցնելու համար, ընտրած է լաւագոյն զէնքը՝ հայերու ձեռամբ ջարդի մը պատմութիւնը յօրինելով եւ այդ պատմութիւնը աշխարհով մէկ տարածելու համար իր բոլոր միջոցները զօրաշարժի ենթարկելով: Թրքական ուրացման մարտավարութեան լաւագոյն աւանդոյթներէն օգտուելով՝ Ատրպէյճան «Խոջալուի ցեղասպանութիւն» աղաղակելով ուղղակի կը փորձէ շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը իր ձեռքով իրագործուած քստմնելի ոճիրէն, եւ կը պարտադրէ հայկական կողմին, որ իր անմեղութիւնը ապացուցելու ապարդիւն արշաւի մը մէջ ներգրաւուելով՝ վատնէ իր ուժերը: Յամենայնդէպս, չենք կրնար անտեսել ատրպեճանական աղմուկը, ու հայկական կողմը, սփիւռքեան իր ճակատով յատկապէս, պատրաստ պիտի ըլլայ վերցնելու այս նոր ձեռնոցը եւ ոչ միայն հակազդելու ատրպեճանական հակաքարոզչութեան, այլեւ՝ միջազգային հանրութեան առջեւ մերկացնելու իրական ցեղասպանին դէմքը: Թրքական պետական առաւել հզօր մեքենային դէմ արդիւնաւէտ պայքարի մեր փորձը այստե՛ղ եւս պէտք է գործի լծել եւ զայն լիցքաւորել նոյն ուժականութեամբ, որքան Հայկական Ցեղասպանութեան թրքական ուրացումի պատճառած զայրոյթը կը ներարկէ մեր երակներուն մէջ: Այս ճակատին վրայ եւս յաղթանակը մե՛րը պիտի ըլլայ: ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ «Ասպարեզ» թերթի խմբագիր
  -   Յօդուածներ