Սփիւռքահայութեան տարանջատումը մայր Հայրենիքէն երազանքն է թրքական պետութեան


Սփիւռքահայութեան տարանջատումը մայր Հայրենիքէն երազանքն է թրքական պետութեան

  • 01-03-2011 05:51:13   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Ռամկավար Մամուլ Սփիւռքահայութիւնը տարիներ շարունակ փորձած է ստեղծել սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող միահամուռ կառոյց մը: Այդ փորձերը սկսած են կատարիլ այնպիսի ժամանակահատուածի մը մէջ երբ հայրենիքը տակաւին Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր: Սակայն նման փորձեր տակաւին կը շարունակուին մինչեւ այսօր, հասարակ յայտարարի մը շուրջ կարենալ հաւաքելու համար սփիւռքահայութիւնը, որպէսզի կարենայ յառաջ մղել հայ ժողովուրդի ազգային պահանջատիրական շարժումը, մէկ կառույցի ներքեւ, հակառակ աշխարհատարած քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակներու ստեղծած արտասովոր բարդութիւններուն: Հզօր պետութիւնները իրենց վարած քաղաքականութեամբ, այս դարուս մէջ դարձած են տիտաններ ագահութեան, աշխարհակալութեան եւ կլանումի, իրենց արշաւանքի ճանապարհին տրորելով եւ գլել անցնելով արգելքներ, որոնք կրնան իրենց յառաջխաղացքը կասեցնել: Միջազգային քաղաքականութեան ղեկավար այս պետութիւնները այսօր, մխրճուած եւ տարուած են իրենց իսկ ստեղծած խառնաշփոթ վիճակին մէջ, կորսնցուցած են իրենց նկատառումներն ու շրջահայեացքը հանդէպ փոքր պետութիւններու եւ ազգերու, որոնցմէ որեւէ տնտեսական ակնկալութիւն չեն կրնար սպասել: Քաղաքական նման կացութիւններ առաւել եւս վտանգաւոր կը դառնան երբ այդ պետութիւնները կը յուսահատին իրենց նպատակներու իրագործման ընթացքին մէջ, եւ կը կորսուին կատաղի մոլուցքով, ստեղծելով տնտեսական, քաղաքական եւ ժողովրդական դասակարգերու անհաւասարակշռութիւն, ինչպէս նաեւ` բողոքի աղաղակներ եւ յեղափոխական ձգտումներ համայն աշխարհի տարածքին: Նման պետութիւններ աշխարհի պատմութեան էջերէն տեղեակ չեն հաւանաբար, կամ դասեր չեն ուզեր քաղել թէ` բոլոր անոնք որոնք աշխարհակալութիւն, կայսրութիւններ, համաշխարհայնացումներ երազեցին եւ ժամանակաւոր շրջանով գործադրեցին, բոլորն ալ անցան պատմութեան էջերուն, իրենց խորտակումով, փլուզումով կամ ոջնջացումով: Ներկայ 21-րդ դարս ալ կ’ապրի նման պարագայի մէջ: 21-րդ դարաշրջանը նորանոր մարտահրաւէրներ դրաւ հայ ժողովուրդին առաջ, որոնց յաղթահարումը հայ ազգին եւ հայրենիքին գոյատեւման համար կենսական պայմաններ են: Խորհրդային պետութեան փլուզումը, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի անկախութիւնը նորանոր պարտադրուած պարագաներ ստեղծեցին հայ ժողովուրդին համար, որուն միասնականութիւնը սփիւռքի հատուածին հետ անհերքելի անհրաժեշտութիւն դարձաւ: Հայ ազգը այժմ, անյապաղ կարիքն ունի համաշխարհային այդ հայկական կառոյցի մարմնաւորումին, որպէս մէկ մարմին, մէկ բռունցք կարենալ պահանջելու համար իրմէ կորզուած արդար իրաւունքները եւ տիրանալու համար անոնց: Հայ ազգը անմիջական պահանջքն ունի այս դարուս քաղաքական ալեկոծ ովկիանոսին մէջ ապահով նաւարկութեան, նաւապետի մը խոհեմութեան եւ անձնակազմի մը հետեւողականութեան, որպէսզի կարենայ ապահով կերպով ցամաք հասցնել հայ ազգը առանց վթարի կամ կործանումի: Սփիւռքահայութիւնը կարիքն ունի հայկական միացեալ ոյժի մը, այո՜, սակայն սփիւռքը առանձին, եւ միայնակ, ինչպիսի՞ եւ ինչ՞ օրինական գետնի վրայ պիտի ներկայացնէ հայ ազգին պահանջքները եւ պահպանէ անոր գոյութիւնը, երբ արդէն համայն աշխարհ եւ հայութիւնը տեղեակ են թրքական քաղաքականութեան ,բաժնէ որ տիրեսե խորամանկ փորձերուն, որուն յաճախ զոհ դարձած են նոյնիսկ կարգ մը հայ կազմակերպութիւններ եւ անձեր իրենց կրաւորական կամ շահախնդրական դիրքորոշումներով: Անցեալ տարի, Սփիւռքահայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ բողոքի բացագանչութիւններով, ցոյցերով եւ հասարակական ելոյթներով, երբ Հայաստանի պետութիւնը ընդառաջեց Զուիցերիական պետութեան անուամբ կատարուած առաջարկին, Թուրքիոյ հետ պարտադրաբար նստելու համաձայնութեան սեղանին վրայ, եւ ստորագրելու համար նշանաւոր տարաբախտ ,փրոթոքոլներըե: Բարեբախտաբար` Հայաստանի Ազգային խորհուրդը փրոթոքոլներու վաւերացումը քննարկելէ ետք, անժամանակ դարանեց զանոնք, հայ ազգը փրկելով ստոյգ եւ կենսական զիջումներէ պապենական մեր իրաւունքներէն եւ օրինական պահանջքներէն: Հայաստանի պետութիւնը, կը թուի թէ անսաց սփիւռքահայութեան բողոքին եւ ցասումին, որոնք համայն հայ ազգին արդար պահանջքներն էին : Իսկ այժմ սփիւռքահայութեան մէջ կազմակերպուած կարգ մը գիտաժողովներ կը ջանան ճանապարհ հարթել սփիւռքահայ կառոյցի մը կազմաւորման, ներկայացնելու համար աշխարհատարած սփիւռքահայութիւնը, եւ հետապնդելու հայ ազգինպահանջատիրութիւնը, առանձին կառոյցով մը: Այստեղ հարց կը ծագի նաեւ այդ սահմանել յիշեալ կառոյցին ներկայացչութեան օրինական իրավիճակը: Եթէ ոմանց կողմէ կը կարծուի նման կառոյցի մը նպատակն է զբաղիլ ազգապահպանմանմտահոգութիւններով, տեղին է նշել թէ արդէն իսկ գոյութիւն ունին նման միաւորներ - կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը հոգան ազգապահպանման կարիքները: Իսկ եթէ տուեալ կառոյցին նպատակն է հայ ազգային պահանջատիրութեան եւ իրաւունքներու հետապնդումը թրքական պետութիւնէն, հապա ի՞ նչ կարգով աշխարհին կրնայ ներկայանալ սփիւռքահայ այդ կառոյցը, երբ ան հայկական պետութիւն կամ համայն հայ ազգը չի ներկայացներ: Սփիւռքահայութեան տարանջատումը մայր Հայրենիքէն, հեռանկարն ու երազանքն է թրքական պետութեան, եւ ինչո՞ւ չէ` բոլոր մեծ պետութիւններուն: Բայց չէ՞ որ Թուրքիա չյաջողեցաւ տարանջատել Հայաստանը սփւռքահայութիւնէն, շնորհիւ անցեալ տարուան փրոթոքոլներու յայտարարութիւնէն ետք կատարուած հայրենասէր եւ ազգասէր հայ ժողովուրդի մը, պետութեան մը, հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններուն եւ այլ կազմակերպութիւններու անխոնջ եւ յարատեւ աշխատանքներուն, որոնք յաջողեցան ձախողեցնել փրոթոքոլներու ընթացքը, եւ տակաւին կ’աշխատին այդ ուղղութեամբ բոլորովին վերացնելու եւ չեզոքացնելու համար զայն: Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովներուն, մտաւորականներու եւ օրինական գետնի վրայ մասնագէտներու եւ պատմաբաններու ներկայացուցած բազում առաջարկներն ու թելադրութիւնները շինիչ եւ գնահատելի էին, սակայն անոնք հայ ազգին մտահոգութեան առարկայ դարձած են արդէն, երբ պարզապէս մտածմունքի կ’ենթարկեն մեզ, թէ` ինչպիսի քաղաքականութեան պիտի հետեւի այդ կառոյցը, արեւելեա՞ն, արեւմտեա՞ն կամ թէ ուղղակի պատեհական: Առայժմ` Գալիֆորնիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ,Միացեալ Մարմինե մը, որ մի քանի տարիներ առաջ կազմակերպուած էր Հայ աւանդական երեք կուսակցութիւններու առաջադրանքով, եւ այժմ կը ներառէ 27 հայ ազգային կուսակցական, բարեսիրական, հայրենասիրական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ, կը տանի գաղութիս հայկական քաղաքական եւ ազգապահպանման միատեղ աշխատանքներ եւ ազգային ձեռնարկներ, որոնք կը տարուին համերաշխ եւ համատեղ գործակցութեան մթնոլորտի մէջ: Ինչո՞ւ, ուրեմն, այս նախնական միասնական եւ համերաշխ կառոյցը չընդլայնել ընգրկելով հայրենի եւ սփիւռքի այլ ներկայացուցիչներ եւ չհամաշխարհայնացնել զայն, յարաճուն կերպով զարգացնելով եւ օրինականացնելով զանիկա, կանոնագրերով եւ օրէնքներով: Գիտաժողովներու ընթացքին մասնագէտներ նշեցին հրէական սփիւռքի գոնկրէսը, որպէս կենդանի եւ հետեւողական օրինակ: Հիանալի կը նկատենք առաջարկը, սակայն նկատի առնուելու է թէ Հրէական գոնկրէսը իր կազմին մէջ կը ներփակէ 40 առ հարիւր Իսրայէլեան պետութեան անդամներ, իսկ մնացեալ անդամները կը ներկայացնեն հրեայ սփիւռքի այլ պետութիւններ իրենց մարդահամարի տոկոսով: Հայկական միջազգային գոնկրէսի մը կառոյցին ազդեցութիւնը, յաջողութիւնն ու հզօրութիւնը ուղղակիօրէն պայմանաւորուած է իր մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչներու ընդգրկումով, ինչպէս կը տեսնենք Հրէական գոնկրէսի պարագային , որ քաղաքական հզօր ազդեցութիւնն ունի մեծ պետութիւններու իշխանութեանց վրայ: Սփիւռքահայութիւնը 21-րդ դարու սեմին կը կանգնի տատամսած եւ շուարած կամ յուսահատած, ուղղութիւնը կորսնցուցած ճանապարհորդի մը նման, բազմատեսակ տեսակէտներու եւ գաղափարներու մէջ մոլորած: Հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններու կամ այլ ազգային կազմակերպութիւններու հաւատարիմ հետեւորդները միայն կ’աշխատին իրենց կազմակերպութիւններու հաստատ ուղեգիծով: Բացականչութիւններ կամ աղաղակներ կ’արձակուին յաճախ աշխարհի այս կամ այն անկիւնէն, տեսակէտներ կամ գաղափարներ կ’առաջարկուին այնպիսի անձերու կողմէ, որոնք դոյզն գաղափարն իսկ չունին ներկայ քաղաքական իրավիճակէն, եւ կը տարուին հետեւողական հոսանքներէ, որոնց զոհը կը դառնան, կորուստի մատնելով նաեւ իրենց հետեւորդները: Նման ինքնակոչ ,առաջնորդներե կը միտին կորուստի մատնել հայ ազգային գիտակցութեան հետեւորդներ, մոլորեցնելով զանոնք իրենց տարախոհ նպատակներուն եւ անձնական փառքին ու շահերուն համար: Իսկ այլ կազմակերպութիւններ ու ,առաջնորդներե որոնք պարզապէս կը հետեւին ,անոնցե անգիտակցաբար կամ անմեղօրէն, որովհետեւ գաղափարակից կամ բարեկամ կազմակերպութիւններ են, իրենց կարգին, ,անոնցե զոհը կը դառնան, կորսնցնելով վարկ ու պատիւ: Սփիւռքահայութեան պատեհապաշտութեան եւ նիւթապաշտութեան թմբիրէն արթնացումի ժամը հասած է այժմ, Հայ Ժողովուրդ: Հայ ազգը այսօր կը գտնուի միջազգային քաղաքականութեան խաչմերուկին, ուր կրնայ կորսնցնել իր ինքնութիւնն ու էութիւնը, որ միայն կարճ ժամանակի հարց կը թուի ըլլալ, եթէ հայ ազգը մէկ ձայնով չգոռայ իր պահանջատիրական իրաւունքներու յանձնառութիւնը: Շատեր հաւանաբար տակաւին կը շարունակեն իրենց անիմաստ կոչը, ըսելով թէ ինչ տարբերութիւն, Ամերիկայի մէջ կան օտար ազգեր, ինչպէս գերմանացիներ, ֆրանսացիներ եւ այլն, որոնք շատոնց կորսնցուցած են իրենց ինքնութիւնը իրենք զիրենք կոչելով Ամերիկածնունդ գերմանացիներ, կամ Ֆրանսացիներ, անոնք եւս կորսնցուցած են իրենց ազգային պատկանելիութիւնը, լեզուն ու կեցաղը, ձուլումի ենթարկուելով, ուրեմն ինչ տարբերութիւն եթէ նոյնը պատահի հայերու պարագային, այնքան ժամանակ որ անոնք ապահով կեանք մը կ’ունենան: Ստեղծելով սփիւռքահայ միասնական, սակայն հայրենիքի ներկայացուցիչներէ անջատ կառոյց, արդար եւ ճշգրիտ պատասխանը պիտի չըլլար Հայ Դատի Պահանջատիրութեան արդար լուծումը հետապնդող կառոյցի մը կազմակերպման: Երբ այդ կառոյցը կը ներառէ սփիւռքի համայն հայկական կազմակերպութիւններու կուսակցութիւններու եւ միութիւններու, բայց նաեւ հայրենիքի ներկայացուցիչներ (նման Գալիֆորնիոյ Միացեալ Մարմնին), այն ժամանակ միայն հայրենիքի թէ արտերկրի բոլոր սերունդներուն միատեղ հետաքրքրութիւնը, կարողութիւնն ու կամքը անպայման պիտի արտացոլուին նման կառոյցի մը աշխատակցելու, հետեւելու եւ գործակցելու համար: ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Լոս Անճելըս
  -   Յօդուածներ