Յաւերժալոյս Գարեգին Ա. Կթղ. Յովսէփեանցի Յիշատակին


Յաւերժալոյս Գարեգին Ա. Կթղ. Յովսէփեանցի Յիշատակին

  • 25-02-2011 17:50:29   |   |  Յօդուածներ
Ռամկավար Մամուլ Փետրուար 25, 2011 Եկէք, արդարութիւն ընենք յիշատակին այն մեծանուն հայուն, իրա՛ւ հոգեւորականին, բազմավաստակ հայագէտին ու գիտնականին, որ ծանօթ է բոլորիս իբրեւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կթղ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (1867-1952), ընտրեալ 1943 եւ օծեալ` 1945 թուին: Ան, որ իր ութամաեյ գահակալութեան շրջանին Անթիլիասի մայրավանքը վերածեց հայագիտական բաբխուն սիրտի եւ արժանացաւ համայն հայ ժողովուրդի անվերապահ, անմնացորդ սիրոյն եւ յարգանքին: Ան, որ խօսեցաւ հայ եւ օտարածին գիտական միտքին` գիտական բարձրագոյն կոչումով եւ իր գիտելիքներու պաշարով: Ան, որ հանդիսացաւ Սարդարապատի անկրկնելի հերոսամարտի Ղեւոնդ Երէցը իր խաչով ու սուրով, եւ հայ քաջարի բանակայինները հաղորդուեցան ,հաց ու գինիով կենսառողջե: ,Դէպի Լոյսը եւ Կեանքե երբ չակերտենք, տուած կ'ըլլանք խորագիրը այն մատեանին, զոր իբրեւ նուէր ստացեր էինք Վեհին օրհնութեամբ, մեր պատանութեան, գիրք մը, որ եղած էր ուղեցոյցը մեր կեանքին: ,Դէպի Լոյս եւ Կեանքե... Նարեկացի մեծ վարդապետին բառերով վեհափառը երբ կ'արտասանէր. ,Տէ՜ր, Մի՛ լիցի ինձ ընթանալ եւ ո՛չ հասանելե, խորանին վրայ առաքելատիպ այս հոգեւորականը յանկարծ կը վերածնէր իբրեւ ոգեղէն մեծութիւն, իր ետին թողած հայագիտական կոթողային աշխատանքները, կ'ըլլար սուրբ գրային դարերէն եկող ու մեզ ոգեշնչող մարգարէ եւ առաքեալ, կենդանի օրինակ մեր եւ գալիք սերունդներուն: Ժամանակները փոխուած են: Յառաջիկայ տարի` 2012-ին, ծննդեան 145 ամեակն է եւ վախճանման 60-րդ տարելիցը Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Մեծի Տանն Կիըլիկիոյ Աթոռին անզուգական Հայրապետին: Սոյն հատորը իր երկրորդ հրատարակութիւնը ունեցաւ դարձեալ Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն` 1986-ին, հեղինակին անուանակիր Գարեգին Բ. կաթողիկոսի որդիական ակնածանքով եւ հոգածութեամբ: Կը մէջբերեմ քանի մը տող իր նախաբանէն. ,Իր գրութեանց մէջ հոգեկան ապրումներու, մտաւորական անդրադարձումներու, իմացական վերլուծումներու, խորհրդածական ճախրանքներու եւ գիտական առողջ տուեալներու ամբողջ աշխարհ մը կայ, որուն հետ հաղորդուիլը ոչ միայն վայելք մըն է՛ այլեւ ինքնահատուցում u1396 .ըե: (Տես ,Դէպի Լոյս եւ Կեանքե Բ. Տպգր. 1986, Անթիլիաս, էջ 6): Արժան եւ իրաւ, որ կ'աւարտի հետեւեալ պարբերութեամբ. ,Կը հաւատամ, որ իր հոգին առաւել եւս պիտի բերկրի երբ երկինքէն իր աչքերը բռնեն մեզ` իր գիրքը մեր ձեռքերուն մէջ բռնած եւ մեր կենսընթացը սլաքած ,Դէպի Լոյս եւ Կեանք...ե (Անդ. էջ 6}: *** Այս մտածումները համակեցին զիս, երբ Փետրուարի 11 եւ 12-ին լիբանանահայ մամուլի էջերուն լոյս տեսած պաշտօնական հոգեհանգիստի արարողութեան ծանուցումը` երջանկայիշատակ հայրապետներու հոգիներուն համար, չէր ընդգրկած Գարեգին Ա. կաթողիկոսի անունը, եւ առանց անոր` Գարեգին Բ. անունին յիշատակութիւնը անհեթեթ պիտի ըլլար: Անցնող օրերուն, ո՛չ մէկ սրբագրութիւն պատահած վրիպումին համար, ի բացառեալ հոգեհանգստեան պահուն արտասանած ճշմարտութենէն: Սակայն, լիբանանահայ մամուլին մէջ արձանագրուած վրէպը չի դարմանուիր այնքան ատեն, որ պաշտօնական գիր մը չի սրբագրեր զայն: Հայ ընթերցողին արդար իրաւունքն է, որ կը խնդրուի պատկան մարմիններէն: Շնորհակալութիւն: ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ Պէյրութ, Լիբանան
  -   Յօդուածներ