Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կ'ապրինք հետզհետէ փոքրացող աշխարհի մը մէջ»


Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կ'ապրինք հետզհետէ փոքրացող աշխարհի մը մէջ»

  • 24-02-2011 14:50:53   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Չորեքշաբթի 23 Փետրուարին կէսօրէ ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս դասախօսեց Քաթարի Ճորճթաուն համալսարանին մէջ։ Յիշեալ համալսարանը Ուաշինկթնի Ճորճթաուն համալսարանի մէկ մասնաճիւղն է, որ կը բաղկանայ միջազգային օրէնքի, քաղաքական գիտութեանց եւ մերձաւոր արեւելքի պատմութեան առնչուած բաժանմունքներէ։ Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութեան նիւթն էր, «Կրօնքին դերը ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն դիմաց»։ Նախ ընդհանուր գիծերով Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց կրօնքին հասարակական դերը, շեշտելով յատկապէս ներկայ ժամանակներու տարբեր մօտեցումները կրօնքի ինքնահասկացողութեան գծով։ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ միջ-կրօնական երկխօսութեան մասնաւորաբար միաստուածեան երեք կրօններու միջեւ։ Խօսելով երկխօսութեան առաջնահերթութիւններուն մասին, ան ըսաւ որ անհրաժեշտ է երկխօսութիւնը մտաւորական մակարդակէն փոխադրել կեանքին։ Այլ խօսքով, երկխօսութեան նպատակը պէտք է ըլլայ ոչ միայն աստուածաբանական հարցերու շուրջ համաձայնութեան եզրեր որոնել, այլ մանաւանդ գործակցութիւն յառաջացնել կրօններու միջեւ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց թէ նոյն արմատները ունեցող ինչպէս նաեւ հասարակաց արժէքներ ու ճշմարտութիւններ դաւանող միաստուածեան երեք կրօններու միջեւ գործակցութիւն կարելի է՝ մարդկային իրաւանց ինչպէս նաեւ կենսոլորտային ու ընկերային շարք մը հարցերու շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը այս շրջագիծէն ներս ծանրացաւ կրօնքի քաղաքական դերակատարութեան՝ մատնանշելով անոր դրական ու ժխտական երեսներն ու հետեւանքները։ Իր խօսքի վերջին բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ թէ՝ կ'ապրինք հետզհետէ փոքրացող աշխարհի մը մէջ. «Համաշխարհայնացումը ջնջած է ամէն տեսակ բաժանման գիծեր ու հեռաւորութիւններ. տարբեր կրօններ, մշակոյթներ ու աւանդութիւններ կ՛ապրին միասնաբար նոյն քաղաքին, նոյն գիւղին ու նոյնիսկ նոյն թաղին մէջ ։ Երկխօսութիւնը այսօր կեանքի ոճ է ու փոխադարձ հասկացողութիւն ու դէպի խաղաղ գոյակցութիւն առաջնորդող միակ ճամբան։ Բոլոր կրօնները կոչուած են իրենց հետեւորդները առաջնորդելու այս ճամբէն» եզրակացուց Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Վեհափառ Հայրապետի խօսքէն յետոյ իրեն ուղղուեցան շարք մը հարցումներ համալսարանի ներկայ դասախօսներու եւ ուսանողներու կողմէ։ Իր պատասխանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը աւելի խորացուց իր դասախօսութեան ընթացքին արծարծած շարք մը կէտերը։ Ապա համալսարանի նախագահին գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը այցելեց համալսարանի զանազան բաժանմունքները։
  -   Մամլո հաղորդագրություն