Խորհրդարանի մէջ բաժնուեցաւ Ճէ Հէ Փէի առաջնորդ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի հայկական արմատներու մասին պատմող գիրք մը<br />


Խորհրդարանի մէջ բաժնուեցաւ Ճէ Հէ Փէի առաջնորդ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի հայկական արմատներու մասին պատմող գիրք մը

  • 23-02-2011 22:12:53   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Խորհրդարանի մէջ ներկայացուած բոլոր կուսակցութիւններու խմբակցութիւններուն երէկ բաժնուեցաւ Ճէ Հէ Փէի առաջնորդ Քէմալ Քըլըճտարօղլուի հայկական արմատներու մասին պատմող գիրք մը։ »Միլլիյէթ«ի համաձայն, »Տէրսիմցի Տիկին Եմուշի Քէմալ« խորագրեալ գիրքը Խորհրդարանի մէջ բաժնուած է զայն տպագրած հրատարակչատան կողմէ։ Այս առընչութեամբ Քէմալ Քըլըճտարօղլու իր վրդովմունքը յայտնեց, մեղադրելով Էրտողանն ու Ա Գէ Փէ կուսակցութիւնը եւ պնդելով որ անոնք կը վախնան իրմէ։ Յիշեցնենք որ Քըլըճտարօղլուի հայկական արմատներու մասին տեղական լրատուամիջոցներ առաջին անգամ սկսան գրել 2009ին, տեղական մարմիններու ընտրութիւններու ընթացքին, երբ Քըլըճտարօղլու կը պայքարէր Իսթանպուլի մայր քաղաքապետի պաշտօնի համար։ Այդ օրերուն Քըլըճտարօղլուին պարբերաբար հարցումներ կ’ուղղուէին իր հաւանական հայկական ծագման մասին եւ անոնց պատասխանելով ան յայտարարած էր. »Մայրս կրնայ հայ, քիւրտ, յոյն ըլլալ, սակայն ատկէ մօրս հանդէպ սէրը չի պակսիր«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը