Էսաեան Սանուց Միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Արթօ Մուհթարեանի լուսանկարներու ցուցադրութիւնը


Էսաեան Սանուց Միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Արթօ Մուհթարեանի լուսանկարներու ցուցադրութիւնը

  • 22-02-2011 22:15:54   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ուրբաթ գիշեր, Էսաեան Սանուց Միութեան մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Արթօ Մուհթարեանի լուսանկարներու ցուցադրութիւնը, որ բնութեան անօրինակ ու տպաւորիչ տեսարաններու տողանցք մըն էր։ Բացի քաղաքիս արուեստասէրներէն, ներկաներու միջեւ էին նաեւ բազմաթիւ օտար հիւրեր, որոնք հիացումով դիտեցին նկարները։ Մուհթարեան, լուսանկարչական գործիքի ոսպնեակը կեդրոնացուցած էր արտակարգ գեղեցկութիւններու վրայ, արուեստասէրներու ուշադրութեան յանձնելով տեսարաններ՝ Աթէնքէն, Աքրոփոլէն եւ Թուրքիոյ Ըլկազ լերան ձիւնապատ լեռներէն։ Ան միաժամանակ հակիրճ բացատրութիւններ կուտար նկարահանումի վայրերու մասին։ Ցուցադրութեան աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան Էսաեան Սանուց Միութեան վարչութեան անդամներու կողմէ, նաեւ առիթն ունեցան մօտէն շնորհաւորելու բնութեան սիրահար արուեստագէտ Արթօ Մուհթարեանը, որ այս ուղղութեամբ յայտնի անուն մը դառնալ սկսած է։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը