Հայաստանի իրականութիւնը բոլորիս զգօն պէտք է դարձնէ


Հայաստանի իրականութիւնը բոլորիս զգօն պէտք է դարձնէ

  • 18-02-2011 16:22:38   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Խորհրդային տարիներուն, Փետրուարեան Ապստամբութեան տարեդարձին օրը` Փետրուար 18ը, ընդհանրապէս դաշնակցական գործիչներու ու ղեկավարներու կողմէ կը վերածուէր անարդարութիւն ու բռնութիւն մերժելու մեր ժողովուրդի կամքի դրսեւորման փառաբանումը կատարելու առիթի: Հայու ձեռքով հայու դէմ անարդարութիւնն ու բռնութիւնը հիմնովին մերժելի են: Նոյնպէս` հայու ձեռքով հայու արիւն թափելը: Այդ իսկ պատճառով, որքա՛ն ալ փառաբանած ենք Փետրուարեան ապստամբութիւնը` իբրեւ մեր ազգի զաւակներու խոյանք` ի խնդիր ազատութեան ու անկախութեան, ապա անպայմանօրէն նաեւ անդրադարձած ենք` հրապարակայնօրէն թէ ներքնապէս` այն ընդվզումին ու ցասումին, որոնցմով դատապարտած ենք մոլեռանդ պոլշեւիկներու ձեռամբ կատարուած անկախ Հայաստանի գործիչներու կացինահարումները, ինչպէս նաեւ այն խոր ափսոսանքին` քաղաքացիական պատերազմի մը պարտադրանքը ապրելու: Այսօր, անկախ Հայաստանի իրականութիւնը մեզ, բոլորիս, առաւել եւս զգօն պէտք է դարձնէ Փետրուարեան ապստամբութեան դասերուն` մեզ ազգովին մղելով ստեղծելու այնպիսի հասարակարգ մը, ուր արմատախիլ կ՛ըլլան անարդարութիւնն ու ամէն տեսակի ճնշումները, բռնութիւնները, եւ ուր արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ստեղծելու ճիգին լծուած են բոլորը` իշխանաւորն ու քաղաքացին: Այսօր, անկախ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ կանգնած մարդիկ պէտք է գիտակցին, թէ մեծագոյն ամօթն ու խարանը կը դաջուի բոլոր անոնց ճակատին, որոնք իրենց ուժի լծակները կ՛օգտագործեն շիկացած պահելու ընկերային լարուածութիւնը` տնտեսական չարաշահումներու, փտածութեան թէ քաղաքացիական ազատութեանց վրայ դրուած ուղղակի կամ անուղղակի ճնշումներով: Նման վարքագիծ հայը կը լարէ հայուն դէմ: Նման վարքագիծի մերժումը Փետրուարեան ապստամբութեան պատգամն է, պարզապէս: ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
  -   Յօդուածներ