Փետրուարեան ապստամբութիւնը` ազատ մտածողութեան խորհուրդն է ամենէն առաջ


Փետրուարեան ապստամբութիւնը` ազատ մտածողութեան խորհուրդն է ամենէն առաջ

  • 17-02-2011 23:23:16   |   |  Յօդուածներ
ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՅՂԱՑՔԸ Պատահական չէ անշուշտ, որ փետրուարեան ապստամբութեան նշումի օրուան կը զուգադիպեցուի Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան ընտրական նոր համակարգ յառաջացնելու շարժումը: Փետրուարեան ապստամբութիւնը խորհուրդ է այս պարագային քան իրականացուած եղանակ կամ միջոց: Իսկ խորհուրդը ազատ ապրելու հաւաքական իղձի դրսեւորումն է: Ժամանակակից յղացքով մեր երկրի ժողովրդավարացումը, արդար, թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպումն ու իրականացումը: Ա՛յս է հիմնական ուղին, որ կ՛առաջնորդէ դէպի քաղաքացիական առողջ հասարակարգի ձեւաւորում: Իսկ այստեղ ընելիք ունին թէ՛ իշխանութիւնները, թէ՛ ընդդիմադիր դաշտը եւ թէ՛ հասարակարգը` ընդհանրապէս: Պատասխանատուութեան առաջին բաժինը կ՛իյնայ անշուշտ իշխանութիւններուն` ընտրութիւններու (ո՛չ միայն նախագահական, այլ նաեւ խորհրդարանական եւ ինքնակառավարման) համակարգը հիմնովին փոփոխութեան ենթարկելու: Ընտրակարգի մասին չէ խօսքը ուղղակիօրէն, այլ այդ ընտրակարգը ինքնավերարտադրանքի միջոցի չվերածելու: Բացառելու` վարչական լծակներու օգտագործումը, իշխանաւորի դիրքերը քաղաքացիական քուէին վրայ ազդելը, քուէի առուծախը, զինուորականներու զանգուածային միանշանակ կողմնորոշումներով մասնակցութիւնը, «լցոնումներն» ու «կառուսել»ներու մեքենականութիւններու բանեցումը: Ընտրական այս մշակոյթն է, որ պէտք է հիմնովին, արմատապէս փոխել, որպէսզի քայլ մը առաջ առնուի դէպի հասարակական դաշտի բիւրեղացումը: Ընդդիմադիր դաշտին մէջ միայն մե՛նք ենք ընդդիմութիւնը յոխարտանքըն ու անոր զուգակցող մնացեալը` կեղծ ընդդիմութիւն նկատելը, ընդդիմութեան մենաշնորհումի փորձերը չեն նպաստեր առաջադրուած հասարակական դաշտի կայացումին: Աջ ու ձախը սեւցնելով, մեղադրելով, անհիմն ամբաստանութիւններ տեղացնելով պետականութեան մը անհրաժեշտ ընդդիմութիւն հասկացութիւնը չի գոյանար եւ իբրեւ այդպիսն ալ հարուածած կ՛ըլլայ պետականութեան կայացման ու հզօրացման աշխատանքները: Ընտրապայքարներուն գաղափարական լիցք հաղորդելը աւելի քան անհրաժեշտ է պետութեան եւ հասարակութեան ժողովրդավարացման, գիտակցական նշաձօղի բարձրացման նպատակներուն համար: Գաղափարազուրկ բանավէճերը կը վերածուին փոխադարձ վիրաւորանքներուն, կառուցողականութեան հետ կապ չունեցող ամբաստանութիւներու եւ նպատակին չծառայող փոխ քննադատութիւններու: Մինչդեռ, գաղափարական հէնքի վրայ զարգացող բանավէճը, յարիր` քաղաքակիրթ ժողովուրդներու եւ քաղաքական մշայկոյթ նուաճած պետական եւ հասարակական շրջանակներու, կրնայ միայն օգտակար հանդիսանալ ներազգային ժողովրդավարացման գործին: Նման քաղաքակիրթ եւ օգտաշատ սկզբունքներ միայն մեր հայրենիքի մէջ չէ, որ կը բացակային: Սփիւռքահայ կեանքը իր հերթին, յաճախ կ՛ընդգծէ նման քննարկումներու միջավայրի բացակայութիւնը, բանավէճերու ապագաղափարականացումը, առողջ ու հանգիստ մթնոլորտի մէջ բազմակարծութեան եւ այլընտրանքային մտածողութեան հիման վրայ ընթացող բանավէճերու մշակոյթի պակասը: Նման բաղադրիչներ պարունակող ուղիներէն ընթանալով է միայն, որ կը ձեւաւորուի ազգային քաղաքական մտածողութիւնը, որուն շուրջ կարելի կ՛ըլլայ համախմբել ազգային-քաղաքական շարժումներու մտաւոր ներուժը: Փետրուարեան ապստամբութիւնը` ազատ մտածողութեան խորհուրդն է ամենէն առաջ: Ազատօրէն մտածելու եւ ազատօրէն ստեղծագործելու կենսական ու նախապայմանային սկզբունք է, որ պատմութեան ընթացքին այլ եղանակով դրսեւորում ունեցած է, այսօր տարբեր մօտեցումներ կը ներառէ իբրեւ մեթոտ եւ իբրեւ միջոց պարզապէս: Խորհուրդը կը մնայ նոյնը:Նոյնպէս ե՛ւ նպատակը: Այս սկզբունքներուն հիման վրայ է, որ պէտք է ձգտիլ ժողովրդավարացումի, հայ տեղեկացուած մարդու ազատ կարծիքի արտայայտման, համապատասխան միջավայրի ստեղծման եւ ազատ մտածողութեան զարգացման: Իսկ այս առումով ընելիք ունինք բոլորս` թէ՛ իշխանութիւն, թէ՛ հասարակութիւն եւ թէ՛ Սփիւռք: Ա՛յս կը թելադրէ փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդը: Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ