Հայաստանէն հեռանալու ցանկութիւն ունի երկրի բնակչութեան 39 տոկոսը


Հայաստանէն հեռանալու ցանկութիւն ունի երկրի բնակչութեան 39 տոկոսը

  • 16-02-2011 16:33:11   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա 2010ին Կէլլափ հետազօտական կեդրոնի կազմակերպած ուսումնասիրութեան համաձայն, Հայաստանէն հեռանալու ցանկութիւն ունի երկրի բնակչութեան 39 տոկոսը։ Աւելի՛ն, այս ցուցանիշը ԱՊՀի երկիրներու միջեւ ամենաբարձր ցուցանիշն է։ Բացի ատկէ, 2010ին Հայաստանը լքած են մօտաւորապէս 70 հազար անձեր։ Ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, 2010ին մեկնողներու եւ վերադարձողներու տարբերութիւնը կազմած է 4019 մարդ, այսինքն ժամանած են 7894, մեկնած 12.013 անձեր։ Այս ցուցանիշները սակայն միանշանակ կերպով կրնան կասկածի տակ դրուիլ, եթէ այցելութիւն մը տրուի Մանուշեան թիւ 72 հասցէ, հոն ուր կը գտնուի Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի գաղթականական ծառայութեան ներկայացուցչութիւնը։ Հոն ականատես կարելի է դառնալ իսկական հայաթափման։ Տակաւին 2006ին, ՄԱԿի զարգացման գրասենեակը հետազօտութիւն մը իրականացուցած էր եւ երեւան հանած որ Հայաստան խիստ ծերացող երկիրներէն մէկն է. 2025ին զգալի, իսկ 2050ին, ճգնաժամային փոփոխութիւններ պէտք է կատարուին, այսինքն՝ 0-15 տարեկաններու թիւի կտրուկ նուազում, 15-60 տարեկաններու թիւի նուազում եւ 60էն աւելի բարձր տարիք ունեցողներու թիւի բարձրացում։ Սակայն այս ցուցանիշն ալ արդէն յարաբերական կը դառնայ, քանի որ Ռուսաստանի »Հայրենակիցներ« ծրագրի շրջագծով, Հայաստանէն ընտանիքներ կը տեղափոխուին Ռուսաստանի 27-30 մարզեր, այդ կարգին՝ Ալթայի, Ամուրի, Արխանկելսքի, Վորոնէժի, Անտրպայքալեան եւ այլ երկրամասեր, ուր հայաստանցիներուն բնակարան կը յանձնուի )եթէ պիտի զբաղին անասնապահութեամբ_, շատ կարճ ժամանակ վերջ, վեց ամիս յետոյ անոնք կը դառնան Ռուսաստանի քաղաքացի եւ կը ստանան բաղդատաբար աւելի բարձր աշխատավարձք։ Իհարկէ, կան ամենատարբեր ասպարէզներ՝ բժշկութիւն, արհեստներ, բանուորութիւն եւ այլն, բայց այս պարագային բնակարանը կը տրուի արդէն վարձակալութեամբ։ Փաստաթղթային ընդհանուր գործընթացը կը տեւէ չորս ամիս, կը կազմակերպուին աշխատաժողովներ, ուր ռուս պաշտօնեաներ հանդիպումներ կ’ունենան հայաստանցիներու հետ եւ կը ներկայացնեն պայմանները։ Ծրագիրը Հայաստանի մէջ սկսած է 2007էն, եւ մինչեւ հիմա, ըստ պաշտօնական տեղեկատուութեան, Հայաստանէն մեկնած է 1070 մարդ, մօտաւորապէս 600 ընտանիք, սակայն շատեր այսօր կարծիք կը յայտնեն թէ թիւերը շատ փոքր են այն տեսարանի վրայ, որ առկայ է Երեւանի ու մարզերու մէջ։ Համատարած պոչեր կան Կիւմրիի, Երեւանի մէջ, Ռուսաստանի գաղթականական ծառայութեան ներկայացուցչութենէ եւ անոր մասնաճիւղերէ ներս։ Հայաստանէն մեկնել փափաքողները մեծ թիւ կը կազմեն։ Անոնք, որոնք գաղթականական ներկայացուցչութենէ մեկնելու իրաւունք կը ստանան, ցաւով կը նշեն որ Հայաստանի մէջ ապրիլը այլեւս անկարելի դարձած է, կազը, ջուրը, ելեկտրականութիւնը կը սուղնայ, արտադրողներու առջեւ դուռը կը փակեն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը