«Լինսի» հիմնադրամը լուծուեցաւ


«Լինսի» հիմնադրամը լուծուեցաւ

  • 15-02-2011 19:42:39   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ամերիկահայ յայտնի միլիառատէր եւ հայ ազգային բարերար՝ Գիրգ Գրիգորեանի հիմնած »Լինսի« հիմնադրամը լուծուեցաւ եւ հիմնադրամը իր ունեցած բոլոր միջոցները, մօտաւորապէս 200 միլիոն տոլար, նուիրեց Գալիֆորնիոյ Համալսարանի Լոս Անճէլըսի մասնաճիւղին։ Որոշումը ի զօրու պիտի դառնայ, երբ վաւերացուի կառավարութեան կողմէ։ Այս նիւթի շուրջ մեր պատուակալ աշխատակից, փորձառու լրագրող՝ Պր. Կարպիս Քէշիշօղլու կուտայ հետեւեալ տեղեկատութիւնները.- Գիրգ Գրիգորեանի »Լինսի« հիմնադրամը փակելու որոշումը մեծ անակնկալ մը եղաւ ամերիկահայերու համար։ Ամերիկայի մէջ շատեր կը սպասէին որ Գրիգորեան իր հարստութեան մէկ մասը, մահէն ետք Հայաստանի ծրագիրներու իրականացման յատկացնէր։ Գալիֆորնիոյ Համալսարանի Լոս Անճէլըսի մասնաճիւղը )ՈՒՔԼԱ_ երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, յայտնելով որ Գրիգորեան կը փակէր իր »Լինսի« հիմնադրամը եւ 200 միլիոն տոլարի գումար մը պիտի յատկացնէր արդէն շատ հարուստ այս համալսարանին։ Ըստ ՈՒՔԼԱի տնօրէն Կէն Պլոքի, այս 200 միլիոն տոլարի գումարով պիտի կազմուի »Երազի հիմնադրամ« մը, որ պիտի յատկացուի համալսարանի ուսանողներուն նպաստներ տրամադրելու, ուսումնասիրական եւ կրթական կարգ մը ձեռնարկներ իրականացնելու նպատակին։ Այս հիմնադրամը նաեւ համալսարանի սահմաններէն դուրս, Ամերիկայի մէջ մարդասիրական ծրագիրներ պիտի իրականացնէ, ընկերային հարցերու լուծման նպաստելու համար։ Ասիկա շատ մեծ նորութիւն մը չէ Սփիւռքին համար։ Տարիներ առաջ, Գալուստ Կիւլպէնկեանն ալ Լիզպոնի մէջ ձգած իր կտակին մէջ, հայերուն անունը անգամ չէր տուած։ Նոյնպէս ազգային բարերար Ալեք Մանուկեանն ալ իր մահէն ետք, որեւէ կտակ չէր թողած հայութեան համար։ Իր զաւակը՝ Ռիչըրտ Մանուկեան, Տիթրոյիթի թանգարանին 50 միլիոն տոլար նուիրած էր։ Կան ուրիշ ամերիկահայեր, որոնք իրենց ուսանած համալսարանին միլիոններ կուտան, ինչպէս վերջերս Նորթրիճ համալսարանին մեծ գումար մը տրուեցաւ ամերիկահայու մը կողմէ։ Պէտք չէ մոռնալ որ ամերիկահայեր ամէն բանէ առաջ իրենք զիրենք իբր ամերիկացի կը տեսնեն եւ որպէս ամերիկացի կը շարժին։ Պարապ բան է սպասել որ անոնք մարդասիրական մեծ օգնութիւն ցոյց տան հայերուն։ Գոնէ Գիրգ Գրիգորեան տարիներէ ի վեր Հայաստանի նուիրատուութիւններ ըրաւ առանց բան մը ակնկալելու։ 1989ին իր կողմէ հաստատուած »Լինսի« հիմնադրամը Հայաստանին համար ալ գումարներ տրամադրեց եւ Հայկական Միացեալ Ֆոնտին կողմէ մինչեւ այսօր Հայաստան ղրկուած 158 բեռնաւոր օդանաւի թռիչքին եւ ծովային ճամբով ղրկուած 1852 բեռներու ծախսերը հոգաց։ Գրիգորեան քանի մը շաբաթ առաջ, վերջին անգամ ըլլալով, »Լինսի« հիմնարկի միջոցաւ 10.5 միլիոն տոլար յատկացուց Հայկական Միացեալ Ֆոնտին։ Այդ գումարին մէկ մասը, Հիւսիսային Հայաստանի մէջ, աղէտի գօտիի վրայ պիտի յատկացուի վեց դպրոցներու նորոգութեան, իսկ մնացած գումարը Հայկական Միացեալ Ֆոնտի կողմէ պիտի ծախսուի Ամերիկայի մարդասիրական հաստատութիւններէն դեղորայք հայթայթելով Հայաստան ղրկելու նպատակին։ Յայտնենք որ »Լինսի« իր հիմնադրութենէն ասդին 1.1 միլիառ տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւններ տրամադրած է վարժարաններու, ուսումնասիրութեանց եւ մարդասիրական այլ նպատակներու, որոնցմէ ամենամեծ նուիրատուութիւնները եղած են Հայաստանին, յատկապէս աղէտի գօտիի վրայ շինարարական հսկայ ծրագիրներու համար։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը