Էրօղլու ու Թալաթ վիրաւորական գտան Ճէմիլ Չիչէքի արտայայտութիւնը


Էրօղլու ու Թալաթ վիրաւորական գտան Ճէմիլ Չիչէքի արտայայտութիւնը

  • 10-02-2011 17:45:20   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Թուրքիոյ ու Թրքական Կիպրոսի միջեւ 28 Յունուարի հանրահաւաքի ընթացքին Թուրքիոյ դէմ պարզուած հայհոյալից ու նախատական վերտառութիւններով ստեղծուած տագնապը երէկ ալ տեղի տուաւ դժգոհ արտայայտութիւններու։ Բանավէճը կրկին հրահրուեցաւ, այս անգամ ալ Վարչապետի Տեղակալներէն Ճէմիլ Չիչէքի մէկ յայտարարութեան պատճառաւ։ Ճէմիլ Չիչէք, որ Վարչապետ Էրտողանին ջղայնոտ ուղերձը արդարացուց եւ ըսաւ որ Վարչապետ Էրտողան այդ խօսքերը ըսած էր ո՛չ թէ Կիպրոսի Թուրք ժողովուրդին համար, այլ հանրահաւաքը կազմակերպողներուն համար, աւելցուց նախադասութիւն մը որ կրկին հրդեհ յառաջացուց կողմերու միջեւ։ Չիչէք ըսաւ որ »անոնք Ուրբաթ օր հայհոյեցին Թուրքիոյ հասցէին, Երկուշաբթի օր ալ Թուրքիայէ գանձեցին իրենց ամսաթոշակը«։ Ճէմիլ Չիչէք իր յայտարարութեան մէջ յիշեցուց որ Թրքական Կիպրոսի 2011ի պիւտճէն դեռ 600 միլիոնի բաց մը ունի եւ արդէն այս բացն է որ կայ Թուրքիոյ դէմ կազմակերպուած հանրահաւաքին ետին։ Այս բացին մէկ մասը պիտի հաւասարակշռուի Թուրքիայէ առնուած դրամով, բայց 250 միլիոննոց մաս մը կայ որ յայտնի չէ թէ ի՞նչպէս պիտի հաւասարակշռուի։ Անոնք այլեւս նոր պարտքերու տակ մտնելու կարելիութիւն չունին, պարտաւոր են խնայողութիւններ ընել։ Ասկէ առաջ Թրքական Կիպրոսի մէջ հանրային գործիչները 14 ամսաթոշակ կ’առնէին, 13-ի իջաւ։ Արդէն անոնք որոնք 28 Յունուարին մեզի հայհոյեցին, Երկուշաբթի օր Կիպրոս ղրկուած մեր գումարէն իրենց 13րդ ասմաթոշակը գանձեցին։ Թրքական Կիպրոսի Թուրքերը շատ ալ չեն գիտեր թէ Թուրքիա որքան կ’օգնէ իրենց։ Անոնք որոնք մեզի կը հայհոյեն, չըսին որ սա 13րդ ամսաթոշակը ջնջենք։ Նայինք որ մէկ ղրուշի զոհողութիւն պիտի ընե՞ն անոնք«։ Ճէմիլ Չիչէքին այս »Ուրբաթ օր հայհոյեցին, Երկուշաբթի օր իրենց 13րդ ամսաթոշակը գանձեցին« նախադասութիւնը դարձեալ սրտաբեկութիւն պատճառեց Թրքական Կիպրոսի ղեկավար դէմքերուն։ Այժմու Նախագահ Տէրվիշ Էրօղլու ու նախորդ Նախագահ Մէհմէտ Ալի Թալաթ երէկ գանգատեցան Չիչէքի այս նախադասութենէն։ Այժմու Նախագահ Տէրվիշ Էրօղլու ըսաւ որ ամբողջ կեանքին մէջ աշխատեցաւ որպէսզի Թուրքիոյ ու Թրքական Կիպրոսի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւին, Ճէմիլ Չիչէքն ալ իր լաւ բարեկամն է, եղբօր պէս է։ Ան խօսեցաւ սապէս. »Բայց Չիչէքն ալ զիս քննադատեր է ըսելով որ ուշացեր եմ հանրահաւաքի մասին դատապարտութեան խօսք արտասանելու, մինչդեռ ես սպասեցի որ նախ Կառավարութիւնը իր խօսքը արտասանէ։ Այս քաշքշուքները մեր ձեռքը կը տկարացնեն ու Յոյներուն ձեռքը կը զօրացնեն։ Ես բանակցութեան սեղանէն կուգամ ու տեսայ որ Յունական կողմը յուսադրուած է ու հիմա այս եղելութիւնները մեզի դէմ կը գործածէ։ Անոնք սկսած են ուրախանալ մտածելով որ Թրքական Կիպրոսը սկսած է տատանիլ, պառակտիլ։ Ճիշդ է որ հանրահաւաքի ընթացքին ցաւալի վերտառութիւններ կային, բայց ատոր յանցաւորը Կիպրացի Թուրք ժողովուրդը չէ«։ Տէրվիշ Էրօղլու դիտել տուաւ նաեւ որ 13րդ ամսաթոշակը ջնջելու հարց մը խնդրոյ առարկայ չէ, որովհետեւ անիկա կ’աշխուժացնէ երկրի տնտեսութիւնը։ Ան ցաւ յայտնեց Չիչէքի նախադասութիւններուն համար։ Նմանօրինակ դառնութիւն մըն ալ եկաւ նախորդ Նախագահ Մէհմէտ Ալի Թալաթէն որ ըսաւ. »Ի՞նչ ըսեմ, Կիպրոսի Թրքական բաժինը եռեւեփումի մէջ է, ամսաթոշակի այս ակնարկութիւնները շատ վիրաւորական եղան։ Ըսին որ հայհոյեցին, վերջն ալ դրամը առին։ Այսպիսի բան կ’ըլլա՞յ։ Այդ հանրահաւաքի ընթացքին Թուրքիոյ հասցէին հայհոյողները ափ մը մարդիկ են, գրգռիչներն են, անոնք չե՛ն որ կը ստանան այս ամսաթոշակները։ Դժբախտաբար Անգարայի մէջ կատարուած յայտարարութիւնները պատճառ դարձան որ այս խնդիրը մեծնայ ու արտասանուին թշնամին ուրախացնող խօսքեր։ Հանրապետութեան Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ իր հաշտարար միջամտութիւնը պիտի բերէ Թուրքիոյ ու Թրքական Կիպրոսի միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը մեղմացնելու համար։ Հաղորդուեցաւ որ Նախագահը յառաջիկայ շաբաթ Անգարա պիտի հրաւիրէ Թրքական Կիպրոսի Նախագահ Էրօղլուն ու Վարչապետ Իրսէնը ու հաշտարար դեր պիտի կատարէ։ Նախագահը երէկ արդէն հեռաձայնով խօսեցաւ Էրօղլուին հետ ու Էրօղլու կրկնեց որ իրենք ալ կողմնակից չէին հանրահաւաքի վերտառութիւններուն։ Գալով Կիպրոսի Յունական բաժնին, Յունական կողմը արդէն պատրաստ է օգտագործելու ստեղծուած առիթը։ Յունական կողմի ուսուցիչներու սէնտիքաները Շաբաթ օր հանրահաւաք մը կազմակերպելով պիտի »զօրակցին« Կիպրացի Թուրքերուն կողմէ Թուրքիոյ դէմ յայտնուած բողոքներուն։ Այս կերպով անոնք ըսել պիտի ուզեն որ Յոյներն ու Թուրքերը կրնան իրարու օգնել ու կրնան միասին ապրիլ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը