Դատարանը մերժած է Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի դիմումը


Դատարանը մերժած է Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի դիմումը

  • 10-02-2011 17:37:15   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Այսօր »Հիւրրիյէթ«ի անգլերէն բաժնին մէջ Վէրճիհան Զիֆլիօղլուի ստորագրութեամբ հրատարակուած է լուր մը ուր կը հաղորդուի թէ Պետական Բարձրագոյն Դատարանը մերժած է Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի կողմէ պատրիարքական ընտրութեան մասին կատարուած դիմումը։ Այս առթիւ թերթը արձագանգ հանդիսացած է դարձեալ Արամ Սրբազանին խօսքերուն, ըստ որոնց Պատրիարքական ընտրութիւն պիտի չկատարուի որքան ատեն որ Պատրիարքը ողջ է։ Իր Պատրիարքի Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնը առժամեայ պաշտօն է, ըսած է Արամ Սրբազան։ Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամներէն փաստաբան Սեդրակ Տավուտօղլուէ ստացած մեր տեղեկութեանց համաձայն, Գերագոյն Ատեանը մերժած չէ դիմումը, այլ պարզապէս վճռած է թէ այս հարցը իր լիօզօրութեան դաշտէն դուրս է եւ այս հարցով պէտք է զբաղի շրջանային դատարան մը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը