ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Դիմորդներու Ջախջախիչ Պատասխանը Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան Հակահայկական Միջնորդագիրին


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Դիմորդներու Ջախջախիչ Պատասխանը Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան Հակահայկական Միջնորդագիրին

  • 31-05-2013 14:48:14   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 
Անցեալ շաբաթ փաստաբանները հայ դիմորդներու անունով պատասխանեցին Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան միջնորդագիրին, որ կոչ ուղղած էր  Գերագոյն դատարանին` չվերանայելու Դաշնակցային վերաքննիչ դատարանին որոշումը, որ հարուած կը հասցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի ապահովագրական պահանջներուն վերաբերեալ վաղեմութեան ժամկէտը երկարաձգող Քալիֆորնիոյ օրէնքին:
Գլխաւոր փաստաբանը Միացեալ Նահանգներու անունով ներկայացուցած էր քաղաքական միտումներով եւ թերի միջնորդագիր մը, որ ամբողջովին կը խեղաթիւրէր ապահովագրական գործը եւ անհիմն հարցեր կը բարձրացնէր Քալիֆորնիոյ օրէնքի օրինականութեան վերաբերեալ:
Իկոր Թիմոֆէեւը դիմորդներու անունով ներկայացուցած միջնորդագիրին մէջ կը  պնդէ, որ Քալիֆորնիոյ  օրէնսդրական աքթը (Բաժին 354.4) չի խախտեր որեւէ դաշնակցային սահմանուած քաղաքականութիւն եւ այդ պատճառով պէտք չէ ընդհատուի:  Ան կը պնդէ, որ Քալիֆորնիոյ նահանգը իրաւասու է կարգաւորելու ապահովագրական ընկերութիւններու պարտաւորութիւնները, որոնք կը գտնուին նահանգի իրաւազօրութեան եւ իրաւասութեան աւանդական ոլորտին մէջ:
Դիմորդներու փաստաբանը կը մեղադրէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը` յառաջ մղելու համար “Դաշնակցային գործերու դադրեցման աննախադէպ տեսութիւն մը: Բոլոր պահանջները, որոնք կը ծագին միջազգային միջադէպերէ, բացառապէս դաշնակցային իրաւասութեան ծիրին մէջ են, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ այդ պահանջները կապուած են մասնաւոր անձերու եւ մասնաւոր պայմանագիրներու հետ, եւ դաշնակցային կառավարութիւնը միջոցներու չէ ձեռնարկած անոնց լուծման համար”:
Թիմոֆէեւը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան դիրքորոշումը կ’որակէ իբրեւ “յեղափոխական” եւ “նահանգներու` իբրեւ առանձին ինքնավարութեան հանդէպ յարգանքին հակասող”: Այնուհետեւ ան կը շարադրէ իր հակափաստարկները վեց կէտերէ բաղկացած ամփոփագիրի մը մէջ.
1. “Արդարացնելու համար 9-րդ շրջանային դատարանին արտառոց որոշումը, կառավարութիւնը կը դրսեւորէ արտաքին գործերու դաշտի խափանման տեսութեան աննախադէպ լայնախոհութիւն”: Թիմոֆէեւը կը պնդէ. “Դիմորդներու պահանջները մասնաւոր (գերմանական ապահովագրական) ընկերութեան դէմ են եւ ոչ թէ օտար ինքնիշխանութեան: Այս պահանջները հիմնական մաս չեն կազմեր Միացեալ Նահանգներու եւ օտար պետութեան միջեւ “արտաքին քաղաքականութեան լուրջ բանավէճի”: Քալիֆորնիոյ նահանգը ըլլալով “ամերիկահայերու ճնշող մեծամասնութեան բնակավայրը”` ունի “օրինական հետաքրքրութիւն իր տուժած բնակիչներուն փոխհատուցումը ապահովելու համար, անկախ անկէ, թէ այդ վնասը պատահած է երկրին մէջ կամ անկէ դուրս ”:
2. “Վերաքննիչ դատարանը հիմնական սխալ գործած է. ան անօրինական կը նկատէ նահանգին հիմնաւորուած հետաքրքրութիւնը ապահովագրութեան կարգաւորման գործին մէջ` վաղեմութեան ժամկէտ հաստատելով նահանգի իրաւական պահանջներուն եւ իր տուժած բնակիչներուն փոխհատուցման ապահովման համար, միայն այն պատճառով, որ այդ իրադարձութիւնները պատահած են արտերկրի մէջ: Օրէնքը այս չէ”:
3. Հակադրուելով կառավարութեան պնդման, թէ 354.4-րդ բաժինը հիմնուած է “արտաքին քաղաքականութեան յստակ հարցի վերաբերեալ յատուկ քաղաքական տեսակէտի վրայ … որ կը դատապարտէ Օսմանեան կայսրութեան գործողութիւնները”, Թիմոֆէեւը դատարանին կը յիշեցնէ, որ նախագահ Օպաման անձամբ ընդունած է, որ օսմանեան զանգուածային ջարդերը եղած են “20-րդ դարու ամենասարսափելի վայրագութիւններէն մէկը”: Բացի ատկէ, նախագահը ջատագոված է այն նահանգները, որոնք ոգեկոչած են հայերու “ջարդերը Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն”: Թիմոֆէեւը նաեւ կը պնդէ, որ` “նախագահի կրկնակի գովասանքը` նահանգներու ոգեկոչման ջանքերուն մասին, հիմնովին կը հակասէ կառավարութեան պահանջին, թէ արտաքին գործերու հայեցակարգը ինքնաբերաբար կը մերժէ այս հարցին վերաբերեալ “տեսակէտ” արտայայտող նահանգի իւրաքանչիւր գործողութիւն”:
4. “Կառավարութիւնը կը փորձէ ամրապնդել իր դադրեցման փաստարկը` յիշատակելով Միացեալ Նահանգներու ջանքերը բանակցելու Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանի պահանջներու լուծման համար…. կառավարութիւնը կ’ընդունի, որ 354.4-րդ բաժինը “չի հակասեր” այդ դիւանագիտական ջանքերէն որեւէ մէկուն: Իրօք, Կառավարութիւնը կը գիտակցի, որ` “Միացեալ Նահանգները չէ …. փորձած բանակցիլ լուծելու համար հայերու պահանջները, որոնք այդ ժամանակաշրջանին տուժած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ”: Փաստօրէն, պատճառներէն մէկը, թէ ինչու Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը կը հրաժարի վաւերացնել Լոզանի դաշնագիրը` “պայմանագրի դրոյթներու բացակայութիւնն էր Օսմանեան կայսրութենէն հայ գաղթականներու եւ արտաքսեալներու համար”:
5. Կառավարութիւնը, ըստ երեւոյթին, անհանգստացած է, որ 354.4-րդ բաժինը ““ցեղասպանութեան” քաղաքական պիտակ կը փակցնէ” Թուրքիոյ, որ` “կրնայ յառաջ բերել Թուրքիոյ զայրոյթը: Սակայն վախը “օտար պետութիւնները վշտացնելէ…. նոյնիսկ երբ Դաշնակցային կառավարութիւնը յուսահատօրէն կը փափաքի խուսափիլ օտար պետութիւնները վշտացնելէ, իրաւական պատճառ չի հանդիսանար խափանելու համար աւանդական նահանգային գործունէութիւնը…. Կառավարութիւնը չի կրնար բացատրել, թէ ինչու 354.4-րդ բաժնով կիրարկուող “Հայոց Ցեղասպանութիւն” եզրոյթը վնասակար ազդեցութիւն պիտի ունենայ արտաքին գործերու վրայ, սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել շուրջ քառասուն նահանգներու կողմէ ընդունուած օրէնքներու եւ բանաձեւերու պարագային, որոնք յստակօրէն կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կառավարութիւնը չի բացատրեր նաեւ, թէ ինչու “դատական պաշտպանութեան իրաւունքներ ստեղծելու” օրէնսդրական աքթը աւելի վիրաւորական է Թուրքիոյ համար, քան նահանգային օրէնքները` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդգրկելով իբրեւ դպրոցական պարտադիր ուսումնական ծրագիրներու մաս”:
6. “9-րդ շրջանային դատարանի արտառոց որոշումը շփոթ կը յառաջացնէ աւելի ցած ատեաններու մէջ”:
Թիմոֆէեւ արդարացիօրէն իր միջնորդագիրը կ’եզրափակէ` կոչ ուղղելով Գերագոյն դատարանին` “վերանայելու եւ ուղղելու 9-րդ շրջանային դատարանի որոշումը, նախքան աւելի մեծ չարիք պատճառելը”:
 
 
 
 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
 
 
  -   Յօդուածներ