Բանակին դէմ խօսելով Սիւհէյլ Պաթում տեղի տուաւ բուռն ընդվզումներու


Բանակին դէմ խօսելով Սիւհէյլ Պաթում տեղի տուաւ բուռն ընդվզումներու

  • 09-02-2011 17:10:40   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Երեք օրէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ ամէնէն շատ խօսուած նիւթերէն մէկը դարձած է Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետի Տեղակալներէն Սիւհէյլ Պաթումի կողմէ Թուրք զինեալ ուժերու մասին ատասանուած խօսք մը, որ նախատական նկատուեցաւ Թուրք բանակին համար։ Սիւհէյլ Պաթում »Թուղթէ Վագր«ի նմանցուց Բանակը ու ըսաւ որ Թուրք բանակին մէջը պարպեր են եւ մենք լուր չունինք եղեր։ Պաթում խնդրայարոյց խօսքերը արտասանեց Զոնկուլտաքի մէջ։ Անոր նպատակն էր բանակը քննադատել Ա-Գէ-Փէ կառավարութեան գործունէութեան դէմ բանակին կողմէ պահուած լռութեան կապակցութեամբ։ Ան սապէս խօսեցաւ. »Փլցուցին հսկայ զինուորականութիւն մը, այս բանակը թուղթէ վագր մըն է եղեր, մենք ատիկա զինուոր կը կարծենք եղեր։ Մինչդեռ Ամերիկան փորեր է անոր ներքնամասը«։ Պաթումի այս խօսքերը մեկնաբանուեցան որպէս յուսախաբութիւն մը որ ծնունդ կ’առնէ բանակէն սպասուած պետական հարուածի մը իրականացած չըլլալէն։ Այս կերպով Պաթում իր բերնէն փախցուցած եղաւ իր կուսակցութեան ու կարգ մը շրջանակներու ակնկալութիւնը որ է յուսալ թէ բանակը կը միջամտէ ու պետական հարուած մը իրականացնելով կը հեռացնէ Ա-ԳԷ-Փէ իշխանութիւնը։ Սիւհէյլ Պաթումի վերոյիշեալ խօսքերը շատ վիրաւորական էին բանակին համար ու Սպայակոյտի Նախագահութիւնը անմիջապէս հակազդեց ու հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որով քաղաքագէտներէն պահանջուեցաւ որ բանակը իրենց քաղաքականութեան համար որպէս հասութաբեր նախանիւթ չգործածեն։ Այս ազդարարութիւնը շատ յստակ էր։ Անշուշտ յաջորդեց ուրիշներու ալ հակազդեցութիւնը։ Երէկ բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ ու քաղաքագէտներ, իրաւագէտներ ու զինուորականներ դատապարտութեան խօսք ըրին Պաթումի հասցէին։ Վարչապետ Էրտողան պահանջեց որ Սպայակոյտի Նախագահութիւնը այսքանով չգոհանայ, շարժման անցնի ու դատական հետապնդում կատարէ Պաթումի դէմ։ »Եթէ այս խօսքերը իրենց պատիժը չգտնեն, ասոնք ապագային բանակին հետ կը խաղան Ֆութպոլի գնդակի մը հետ խաղալու նման«, ըսաւ Վարչապետ Էրտողան։ Էրտողան դիտել տուաւ որ Բանակը կապուած է Վարչապետութեան, ուստի ան Պաթումի դէմ գանգատ յղեց դատախազութեան ու ըսաւ որ Պաթումի խօսքերուն մէջ յանցագործութիւն կայ։ Արդարեւ Պաթումի այդ քանի մը նախադասութիւններուն մէջ երկու անջատ մօտեցում կայ։ Առաջինը բանակին նկատմամբ կատարուած նախատինքն է։ Բանակը թուղթէ վագրի նմանցնելը կը նշանակէ զայն նախատել։ Բայց կայ երկրորդ պնդում մըն ալ։ Այն՝ թէ Ամերիկա պարպեր է Թուրք բանակին ներսիդին։ Այսինքն Թուրք Զինեալ Ուժերը մտեր են Ամերիկացիներու տիրապետութեան տակ։ Այս երկրորդ կէտը թերեւս աւելի ծանրակշռիռ է առաջինէն ու Վարչապետը հո՛ս է որ յանցագործութիւն կը տեսնէ։ Պէտք չէ զարմանալ որ Մէ-Հէ-Փէն ալ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Պաթումի խօսքերուն դէմ։ Կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլի խիստ խօսեցաւ ու ըսաւ որ ասոնք իր գիտակցութիւնը կորսնցուցած քաղաքագէտի մը զառանցանքներն են։ Պահչէլի ըսաւ որ Թուրքիոյ մէջ կայ մայր ընդդիմադիր կուսակցութեան յատուկ մտայնութիւն մը որ կը ջանայ բանակը ներգրաւել քաղաքականութեան մէջ։ Պահչէլի ըսաւ որ բանակը քաղաքականութենէն հեռու պէտք է մնայ ու ասիկա անվիճելի հրամայական է։ Բայց Պահչէլի ասկէ բաժին հանեց նաեւ Ա-Գէ-Փէին ու ըսաւ որ Ա-Գէ-Փէն որքան իրեն շահաւէտ նիւթ դուրս կը բերէ բանակէն, Ճէ-Հէ-Փէն ալ այնքան կը ջանայ նոյնը ընել։ Պահչէլի անգամ մը եւս ուզեց որ քաղաքագէտները բանակը չգործածեն իրենց քաղաքական բանավէճերուն ի նպաստ։ Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլուն ալ կ’երեւի թէ բնաւ գոհ չէ մնացած իր տեղակալին խօսքերէն ու ան երէկ Խմբակի նիստի ընթացքին յիշեցուց նախկին կուսակցապետին այն խօսքը թէ բանակը քննադատելու իրաւունքը միայն կուսակցապետինն է։ Քըլըճտարօղլու ըսել ուզեց որ եթէ բանակը պիտի քննադատուի, այդ գործը միայն ի՛ր գործն է, այլ ոչ թէ իր օգնականներուն կամ աշխատակիցներուն։ Այս ալ որքա՞ն ընդունելի արդարացում է, յայտնի չէ անշուշտ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը