Ամէն տարի Հայաստանի մէջ 5000 անձեր իրենց կեանքը կը կորսնցնեն քաղցկեղի պատճառով


Ամէն տարի Հայաստանի մէջ 5000 անձեր իրենց կեանքը կը կորսնցնեն քաղցկեղի պատճառով

  • 04-02-2011 18:14:16   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Այսօր, 4 Փետրուար քաղցկեղի դէմ պայքարի միջազգային օրն է։ Քսաներորդ դարու այս արհաւիրքէն միակ փրկութիւնը կանուխ ախտորոշումն ու կանխարգիլումն է։ Երէկ այս նիւթի շուրջ հեռատեսիլային կամուրջ հաստատուեցաւ Երեւանի, Մոսկուայի, Քիյեւի եւ Թիֆլիսի միջեւ եւ ամէն պետութեան ներկայացուցիչ բացատրութիւններ տուաւ իր երկրի մէջ առկայ իրավիճակի մասին։ Քաղցկեղը որպէս բաւական լուրջ եւ կեանքի համար վտանգաւոր հիւանդութիւն, տարուէ տարի կ’աւելնայ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ կը շարունակէ մնալ բժշկական աշխարհի ամենալուրջ հարցը։ Սակայն պէտք է նշել որ ուռեցքները կարելի է դարմանել։ Ժամանակակից ուռուցքաբանութիւնը միշտ կը զարգանայ եւ չարորակ ուռեցքներու դէմ պայքարի նորանոր մեթոտներ կը յայտնաբերուին։ Ներկայիս քաղցկեղի դարմանման համար յաջողութեամբ կը կիրարկուին քէմոթէրափին եւ ճառագայթումը։ Մասնագէտներու հաւաստիացումով, այս հիւանդութենէն միակ փրկութիւնը կանուխ ախտորոշումն ու կանխարգիլումն է։ Ռուսաստանի ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնը աշխարհի մէջ ամենաառաջատար հաստատութիւններէն մէկն է եւ օժտուած է ժամանակակից թէքնիքագիտութեան վերջին նորութիւններով։ Այս կեդրոնին մէջ մեծ ուշադրութիւն կը դարձուիի ժամանակակից դեղերուն, որոնք առանց քէմոթէրափիի կիրարկութեան, բաւական լաւ արդիւնք կուտան։ Այնուամենայնիւ, ռուս գիտնական Վլատիմիր Պոկատիրիովի համաձայն, ուռուցքաբանութիւնը կը շարունակէ մնալ ամենապահանջուած ասպարէզներէն մէկը, քանի որ մեծ է նաեւ հիւանդներու թիւը։ Միայն Ռուսաստանի մէջ քաղցկեղի հետեւանքով տարեկան 300 հազար մարդ կը մեռնի։ Հիւանդութիւնը լրջօրէն անհանգստութիւն կը պատճառէ ո՛չ միայն ԱՊՀ երկիրներուն, այլ ամբողջ աշխարհին։ Հիւանդութիւնը արագ կշռոյթներով կը զարգանայ նաեւ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի մէջ։ Հիմնական պատճառն այն է որ մարդիկ բժիշկներու կը դիմեն միայն այն ատեն, երբ արդէն բանը բանէ անցած է եւ հիւանդութիւնը գործած է իր աւերը։ Հայաստանի մէջ ալ մտահոգիչ տուեալներ առկայ են, քանի որ հիւանդութիւնը կը յայտնաբերուի բաւական ուշ։ Հիւանդներու 45 տոկոսը բժիշկի կը դիմէ վերջին փուլին, երբ դարմանումը արդէն անկարելի է։ Ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնի փոխ-տնօրէն Գագիկ Պազիքեան նշեց որ երկրի մէջ թէ՛ գործողութիւն իրականացնելու, թէ՛ ճառագայթումի եւ քէմոթէրափիի բոլոր կարելիութիւնները առկայ են, բայց Առողջապահութեան Նախարարութեան հետ համատեղ ռազմավարական ծրագիր մը մշակուած է 2011-2018ի համար։ Եթէ ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի, թէ՛ հիւանդութեան մակարդակը պիտի իջնէ եւ թէ դարմանումը աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ։ Անցեալ տարուայ բաղդատմամբ, այս տարի Հայաստանի մէջ քաղցկեղ հիւանդութեան համեմատութիւնը բարձրացած է 2-3 տոկոսով։ Ներկայիս ամէն 100 հազար բնակիչէն քաղցկեղէ կը տառապի 270ը, իսկ կը մահանան 160-170ը։ Այսպէս Հայաստանի մէջ քաղցկեղի հետեւանքով տարեկան աւելի քան 5000 անձեր կը մեռնին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը