Թուրքիան կը խառնուի Եգիպտոսի ներքին գործերուն


Թուրքիան կը խառնուի Եգիպտոսի ներքին գործերուն

  • 04-02-2011 17:43:53   |   |  Յօդուածներ
Լիբանանեան քաղաքական ճգնաժամը յետին կարգ յղուեցաւ, երբ Թունուզի եւ ապա մանաւանդ Եգիպտոսի ժողովրդային շարժումները խլեցին միջազգային լրատուադաշտի բոլոր լուսարձակները: Եմէնի եւ Յորդանանի մէջ արձանագրուածներն ալ տակաւ համոզեցին, որ հաղորդակցութեան ներկայ արագակշռոյթ ժամանակներուն արբանեակային եւ համացանցային բազմատեսակ ծառայութիւնները շարժումներ վարակելու, բռնկումներ տարածելու ի՛նչ տեսակի տարողութիւն կրնան ցուցադրել աշխարհին: Արհեստագիտութիւնը անշուշտ միջոց է այս պարագային եւ միայն անոր կարելի չէ վերագրել այն ,ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր արաբական աշխարհին մէջ: Կան ի հարկէ ենթակայական պատճառներ` երկարատեւ իշխանութիւններու, անարդարութիւններու, ընկերային հասարակարգերու ոչ համաչափ զարգացման երեւոյթներ, թշուառ իրականութիւններ, որոնց գումարումը պարարտ ենթահող կը վիճակէ նման համաժողովրդային պոռթկումներու: Կայ անշուշտ արտաքին ներշնչումի ազդեցիկ գործօնը, որ կը շարժէ ամբոխը, երբ կայ արդէն պարարտ ենթահողն ու վերը նշուած միջոցառումներու համակարգը: Արտաքին ներշնչումը սակայն ոչ անպայման կը բխի ընկերային անարդարութիւները սրբագրելու, ժողովրդային պահանջներուն զօրակցելու եւ աւելի արդար հասարակարգեր յառաջացնելու միտումներէն: Հիմնովին քաղաքականացուած շարժառիթներէ կը մեկնի իւրաքանչիւր գերտէրութեան յայտարարութիւն, որ յաճախ ալ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կոպիտ խախտումներով կը յատկանշուի եւ կը թարգմանուի իրաւամբ ներքին խնդիրներու նկատմամբ արձանագրուած ոտնձգութեամբ: Նոյն այդ իշխանութիւնները ձեւաւորած, անոնց կայացման համար անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առած եւ պետական հովանաւորչութիւն կատարած նոյն գերտէրութիւնն է, որ այս անգամ կը բարձրաձայնէ կտրուկ իշխանափոխութեան անհրաժեշտութեան մասին: Պետութիւններու եւ ժողովուրդներու նկատմամբ կիրարկուած այս օտար խաղերը կը յանգին հոն, ուր ցոյց-հակացոյց, պաշտօնանկում-զօրակցութիւն պահանջող ամբոխային դրսեւորումները իրար դէմ կը հանեն նոյն ժողովուրդին երկու հատուածները, որոնք զիրար կը հարուածեն, կը վիրաւորեն, կը սպանեն: Մինչ, պաշտօնավարութիւնը չվերանորոգելու, այսուհանդերձ նաեւ պաշտօնաթող չըլլալու յայտարարութիւնները որեւէ ձեւով չեն հանդարտեցներ բոցավառուած հասարակութիւնը: Լիբանանեան քաղաքական բեմը անհաղորդ չէ այս արարներուն եւ այս արարներու բեմականացման համար դերակատար եղող ուժերու մարտավարական խաղերուն: Քաղաքական սպանութիւնները յաճախ վերածուած են միջոցի ամբոխ գոյացնելու: Ամբոխը տարբեր նշաններով զսպուած է` մինչեւ վերջ չյաջողցնելու համար իշխանափոխութիւնը իսկ իշխանութեան գլխին դամոկլեան սուրի պէս ճօճուած է ամբոխ վերագոյացնելու վտանգը: Գերտէրութիւններու մրցապայքարը ամենաարագ միջոցին կը բեւեռացնէ տեղւոյն քաղաքական դաշտը եւ իրար դէմ կը հանէ միեւնոյն ժողովուրդին երկու հատուածները: Իրատես ըլլալու համար պէտք է նախատեսել, որ արաբական աշխարհը պիտի շարունակէ կրել այս տուայտանքները, մինչեւ այն ատեն, որ բերրի ենթահող տրամադրած է օտար խաղերու ազդեցութիւններու տարածման քաղաքականութեան: Օտար խաղերու նորագոյն արարներուն դերակատրութիւն փորձեց ինքնաստանձնել պաշտօնական Անգարան, երբ Եգիպտոսի նախագահէն պահանջեց հրաժարական տալ: Ամբոխներուն համակրանքը շահելու եւ այժմէն նոր ձեւաւորելի իշխանութիւններուն մօտ ընդունելի դառնալու, արաբական հրապարակին վրայ ներկա՛յ ըսելու ձեւ մըն էր Թուրքիոյ թէ՛ նախագահին եւ թէ՛ վարչապետին հետապնդածը: Տուայտանքներու մէջ եղող եգիպտական կառավարութեան թերեւս ամէնէն կոշտ պատասխանն էր, որ կը տրուէր պաշտօնական Անգարային`,Մենք կը ցաւինք, որ Թուրքիան կը խառնուի Եգիպտոսի ներքին գործերուն:Թող ամէն մարդ իր ներքին գործերով զբաղիե կ՛ըսէր եգիպտական կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը: Պարզ էր, որ Թուրքիոյ ըսել կ՛ուզուէր, որ ներքին բարդ թղթածրարներով զբաղելու փոխարէն, քաղաքական առաւելներ շահելու առիթներ մի օգտագործերե: Գոյութիւնը քաշքշող եգիպտական կառավարութենէն շատ դաս չունին քաղելիք արաբական երկիրները: Միակը, որ կրնայ ուսանելի ըլլալ անկման շեմին գտնուող այս կառավարութենէն, այն ալ Թուրքիոյ ուղղուած կոշտ պատասխանն է: Արաբական երկիրները այդ դասը պէտք է իւրացնեն: Անոնց շարքին նաեւ Լիբանանը: Շահան Գանտահարեան ,Ազդակեի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ