«Ես չկրցայ հայերէն սորվիլ, գոնէ զաւակս թող սորվի»


«Ես չկրցայ հայերէն սորվիլ, գոնէ զաւակս թող սորվի»

  • 02-02-2011 17:04:42   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»ի մէջ Վէրճիհան Զիֆլիօղլուի ստորագրութեամբ հրատարակուած ընդարձակ լուրի մը մէջ դիտել կը տրուի որ անցեալ տարի Կրթական Նախարարութեան կողմէ հրատարակուած շրջաբերականի մը լոյսին տակ Հայկական վարժարանները այլեւս սկսած են ընդունիլ խառն ամուսնութիւններէն ծնունդ առած զաւակները։ Նախապէս ասիկա կարելի չէր, որովհետեւ Կրթական Նախարարութիւնը պայման կը նկատէր որ հայկական վարժարանի մը մէջ արձանագրուելու համար թէ՛ հայրը, թէ՛ մայրը հայ ըլլար։ Խառն ամուսնութիւններու զաւակները չէին ընդունուեր հայկական վարժարաններէ ներս։ Մինչդեռ հիմա որ խառն ամուսնութիւններու առաջին սերունդ մը ի յայտ եկած է, 18 հայկական վարժարաններու մէջ կ’ուսանին խառն ամուսնութիւնէ ծնունդ առած զաւակներ։ «Տէյլի Նիուզ» թերթը տեսակցութիւններ ունեցած է խառն ամուսնութիւն կնքած ծնողներու հետ, որոնց զաւակները կ’ուսանին երեք տարբեր հայկական վարժարաններու մէջ։ Երկու ծնողները իրենց անունները տալ չեն ուզած, երրորդը տուած է, կը կոչուի Էլիֆ Պահարօլ, ըսած է որ անպատեհութիւն չի տեսներ իր անունը տալու մէջ։ Պահարօլ ամոլը չորս տարեկան զաւակ մը ունի, որ հայկական վարժարանի մէջ կ’ուսանի։ Թէեւ Պահարօլ այս օրերուն պիտի ամուսնալուծուի, բայց կը յայտնէ որ ամուսնալուծումը յառաջ կուգայ տնտեսական պատճառներէ, այլ ո՛չ թէ ազգութեան կամ կրօնքի խնդիրէ։ Ամուսնալուծուելէ վերջ ալ իր զաւակը պիտի կարենայ խօսիլ իր հօրը հետ ու պիտի շարունակէ ուսանիլ հայկական վարժարանի մէջ որպէս հայ քրիստոնեայ զաւակ։ Ուրիշ ծնողք մը, 38ամեայ Հաճէր Հանըմ ունի երկու զաւակներ, մէկը 12 տարեկան, միւսը 6, երկուքն ալ կ’ուսանին հայկական վարժարանի մէջ։ Հաճէր Հանըմ կ’ըսէ որ ինքն ալ անոնց հետ հայերէն կը սորվի։ Իսկ Այլին Հանըմն ալ, որ 34 տարեկան է, Մշեցի է, կը պատմէ որ անոր ընտանիքը 1915-ին մահմետականութիւնը ընդունած է եւ թէ ինք ալ թունդ մահմետական է, բայց անոր ընտանիքը ձայն չհանեց երբ ինք որոշեց ամուսնանալ հայու մը հետ։ 9 տարեկան զաւակ մը ունի եւ զաւակը ինքնութեան տագնապի մը մէջ է։ Լրատուութեան մայր գիծն այն է որ բազմաթիւ մահմետականներ, որոնք հայու հետ խառն ամուսնութիւն կնքած են, կը հաւատան որ իրենց զաւակը իրաւունք ունի հայկական դպրոց երթալու, հայերէն սորվելու։ Ոմանք ալ կ’ըսեն. «Ես չկրցայ սորվիլ, գոնէ զաւակս թող սորվի»։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը