«Աղէտ. ցեղասպանութիւն մը» ժապաւէնը ներկայացուեցաւ Գերմանիոյ 2011ի «Ատոլֆ Կրիմմէ» մրցանակի


«Աղէտ. ցեղասպանութիւն մը» ժապաւէնը ներկայացուեցաւ Գերմանիոյ 2011ի «Ատոլֆ Կրիմմէ» մրցանակի

  • 02-02-2011 17:02:35   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Էրիկ Ֆրիտլէրի «Աղէտ. ցեղասպանութիւն մը» անուն 90 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնը, Նէ Տէ Րէ հեռատեսիլային կայանի 11 այլ ժապաւէններու հետ միասին ներկայացուեցաւ Գերմանիոյ 2011ի »Ատոլֆ Կրիմմէ« մրցանակի։ »Ատոլֆ Կրիմմէ« մրցանակը ամենամեայ է, Գերմանիոյ ամենահեղինակաւոր մրցանակներէն մէկը եւ կը կոչուի կայանի առաջին գլխաւոր տնօրէն Ատոլֆ Կրիմմէի )1889-1963_ անունով։ Ինչպէս ծանօթ է, »Աղէտ«ը վաւերագրական ժապաւէն է եւ 2010ին շահած էր գերմանական հեռատեսիլային աշխարհի մրցանակը՝ վաւերագրութեան անուանակարգի մէջ, նաեւ »Արմին Թ. Վէկնէր« մարդասիրական մրցանակը։ Վաւերագրական այս ժապաւէնը »Ատոլֆ Կրիմմէ« մրցանակին ներկայացուած է տեղեկատուութեան եւ մշակոյթի անուանակարգի մէջ։ Յաղթողներու անունները յայտնի պիտի դառնան յառաջիկայ 16 Մարտին, մրցանակները պիտի յանձնուին 1 Ապրիլին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը