Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան ժողովին


Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան ժողովին

  • 29-01-2011 13:56:32   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - 24-29 Յունուար 2011ին, Վատիկանի մէջ, գումարուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան ութերորդ ժողովը։ Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան։ Յանուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ 25 Յունուարին, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները առանձին հանդիպում մը ունեցան եւ քննարկեցին իրենց Եկեղեցիներուն առնչուած միջ-եկեղեցական հարցեր։ Նոյն երեկոյեան, աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնաժողովի բոլոր անդամները ներկայ գտնուեցան Ս. Պօղոս Տաճարին մէջ քրիստոնէական միութեան շաբաթին առթիւ Ն.Ս. Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին նախագահութեամբ կատարուած երեկոյեան ժամերգութեան։ 26-28 Յունուարին, յանձնաժողովը քննարկեց «Մինչեւ 5րդ դարուն կէսը Եկեղեցիներուն միջեւ եղած հաղորդութիւնն ու հաղորդակցութիւնը եւ վանականութեան դերակատարութիւնը» նիւթը։ 27 Յունուարին, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Միութեան Բաժանմունքի նորանշանակ Նախագահ Կարտինալ Գուրթ Գոխ պաշտօնական ընթրիքով պատուեց յանձնաժողովի անդամները։ 28 Յունուարին, յանձնաժողովի անդամները պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Ն.Ս. Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին: Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան իններորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 16-23 Յունուար 2012-ին, Եթովպիոյ մէջ։
  -   Մամլո հաղորդագրություն